Ընտանեկան յայտագիր՝ ժողովքային հանդիպումներ
1 Եթէ Քրիստոնեայ ծնող մըն ես, կը փափաքիս որ զաւակներդ Եհովան սիրեն ու անոր ծառայեն, եւ ի վերջոյ՝ Աստուծոյ խոստացեալ նոր աշխարհին մէջ յաւիտենական կեանք ձեռք ձգեն։ Ի՞նչպէս կրնաս անոնց օգնել որ Եհովայի պաշտամունքը իրենց կեանքին մէջ առաջին տեղը դնեն։ Օրինակդ մեծ դեր կը խաղայ։ (Առ. 20։7) Իր հաւատացեալ մօր օրինակը մտաբերելով, քոյր մը ըսաւ. «[Մօրս] չէինք հարցներ թէ ժողովի պիտի երթա՛նք կամ ոչ»։ Ասիկա իր վրայ մնայուն տպաւորութիւն ձգեց։
2 Ընտանիքդ ժողովքային հանդիպումներուն նպատակը կը գնահատէ՞։ Այս ժողովներուն մէջ մեր ստացած ցուցմունքները կը կազդուրեն մեզ որ շարունակենք Աստուծոյ կամքը ընել, իսկ մեր եղբայրներուն հետ վայելած ընկերակցութիւնը քաջալերութեան թանկարժէք աղբիւր մըն է։ (Եսայ. 54։13. Հռովմ. 1։11, 12) Սակայն այս հանդիպումներուն գլխաւոր նպատակն է Եհովան օրհնաբանել «համախմբումներուն մէջ»։ (Սաղմ. 26։12, ԱՎ) Քրիստոնէական ժողովները մեզի պատեհութիւն կու տան որ Եհովայի հանդէպ մեր սէրը ապացուցանենք ու զինք պաշտենք։
3 «Զգուշացէ՛ք». Մեր ժողովներուն սրբազան նպատակը գնահատելը մեզ պիտի մղէ ‘զգուշանալու’ որ նուազ–կարեւոր հարցերու համար, ժողովներէն բացակայելու սովորութիւնը աստիճանաբար չզարգացնենք։ (Եփ. 5։15, 16, ԱՎ. Եբր. 10։24, 25) Երբ ընտանեկան յայտագիրդ կը պատրաստես, նախ ժողովքային հանդիպումներուն ժամանակը նշէ։ Ապա ուշադիր եղիր որ այլ գործունէութիւններ զանոնք չխանգարեն։ Հոգ տար որ ժողովներուն յաճախելը ընտանիքիդ համար առաջնահերթութիւն ըլլայ։
4 Չե՞նք քաջալերուիր կարդալով որ մեր եղբայրները ժողովներու ու համաժողովներու յաճախելու համար ի՜նչ խոչընդոտներ կը յաղթահարեն։ Թէպէտ պարագաներդ ա՛յդքան յատկանշական կրնան չըլլալ, բայց հաւանաբար դուն ալ դժուարութիւններ կը դիմագրաւես։ Սատանան երթալով կը դժուարացնէ որ Աստուծոյ ժողովուրդը Եհովան պաշտեն։ Սակայն զաւակներդ անպայման պիտի նշմարեն ժողովներուն ներկայ գտնուելու ընտանիքին վճռակամ ջանքերը։ Արդարեւ, այսպէս ընելով, անոնց անմոռանալի հոգեւոր պարգեւ կրնաս հաղորդել։