Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 8/05 էջ 7
  • Վկայութիւն՝ առանց խօսքի

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Վկայութիւն՝ առանց խօսքի
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2005)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Հարցումներ՝ ընթերցողներէն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2020
  • Բարի Վարքով Վկայել
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1998)
  • Աստուծոյ հոգիին թոյլ կու տա՞ս որ քեզ առաջնորդէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2011
  • Ինչպիսի՞ մարդիկ կը տեսնես
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2018
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2005)
թծ 8/05 էջ 7

Վկայութիւն՝ առանց խօսքի

1 Առանց խօսք մը ըսելու, Եհովայի ֆիզիքական ստեղծագործութիւնը իր անտեսանելի յատկութիւններուն մասին շատ բան կը խօսի։ (Սաղմ. 19։1-3. Հռովմ. 1։20) Նմանապէս, մեր ընտիր վարքը, քրիստոնէական յատկութիւնները եւ համեստ երեւոյթը, առանց խօսքի՝ վկայութիւն կու տան։ (Ա. Պետ. 2։12. 3։1-4) Իւրաքանչիւրս պէտք է փափաքինք մեր վարուելակերպով ‘մեր Փրկիչ Աստուծոյ վարդապետութիւնը ամէն բանի մէջ զարդարել’։—Տիտ. 2։10

2 Ի՞նչպէս կարելի է որ անկատար մարդիկ Աստուածաշունչի ուսուցումները աւելի գրաւիչ դարձնեն։ Ասիկա կարելի է՝ միայն Աստուծոյ Խօսքին առաջնորդութեամբ եւ սուրբ հոգիին զօրութեամբ։ (Սաղմ. 119։105. 143։10) Աստուծոյ խօսքը «կենդանի է ու զօրեղ եւ ամէն երկսայրի սուրէ կտրուկ»։ (Եբր. 4։12) Ան մեր խորը կը թափանցէ եւ մեզ կարող կը դարձնէ նոր անձնաւորութիւնը հագնելու։ (Կող. 3։9, 10) Սուրբ հոգին մեր մէջ բաղձալի յատկութիւններ կը յառաջացնէ, ինչպէս՝ քաղցրութիւն, բարութիւն, հեզութիւն եւ ինքնազսպում։ (Գաղ. 5։22, 23) Անհատապէս թոյլ կու տա՞նք որ Աստուծոյ խօսքը եւ հոգին մեր կեանքին մէջ ներգործեն։—Եփ. 4։30. Ա. Թես. 2։13

3 Ուրիշներ կը նկատեն. Երբ Եհովայի չափանիշներուն համաձայն կ’ապրինք եւ կը ջանանք իր յատկութիւնները արտացոլացնել, ուրիշներ կը նկատեն։ Օրինակ, նկատի առ մարդու մը պարագան, որ կարճահասակ ըլլալուն համար իր գործընկերներուն կողմէ կը ծաղրուէր։ Նոյն գրասենեակին մէջ աշխատող քոյր մը, անոր հետ միշտ յարգանքով կը վարուէր։ Ուստի անհատը քրոջ հարցուց թէ ինչո՛ւ միւսներէն շատ տարբեր էր։ Քոյրը բացատրեց թէ յարգալից վարմունք ունէր, իր կեանքին մէջ Աստուածաշունչի սկզբունքները կիրարկելուն շնորհիւ։ Ան նաեւ խօսեցաւ Թագաւորութեան սքանչելի յոյսին մասին։ Մարդը սկսաւ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել եւ յառաջդիմեց մինչեւ մկրտութիւն։ Երբ իր հայրենիքը վերադարձաւ, իր ընտիր վարքը իր ազգականները տպաւորեց, եւ անոնցմէ ոմանք ճշմարտութիւնը ընդունեցին։

4 Երբ կ’աշխատինք, դպրոցը կը գտնուինք կամ ազգականներու եւ դրացիներու հետ գործառնութիւն կ’ունենանք, կրնանք մեր ընտիր վարքով, քարոզչութեան կողքին, ուրիշները մղել Աստուծոյ փառք տալու։—Մատթ. 5։16

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել