Մեր առանձնաշնորհումները կ’արժեւորենք
1 Մարդկութիւնը գոյութիւն ունենալէն ի վեր Եհովա իր ծառաներուն այլազան առանձնաշնորհումներ շնորհած է։ Ի՛նչ որ ալ ըլլայ անոնց սեռը, տարիքը կամ կեանքի մէջ անոնց դիրքը, Եհովա անոնց առանձնաշնորհումներ տուած է։ (Ղուկ. 1։41, 42. Գործք 7։46. Փիլ. 1։29) Ներկայիս ան մեզի ի՞նչ առանձնաշնորհումներ կը հրամցնէ։
2 Մեր առանձնաշնորհումներէն ոմանք. Եհովայի կողմէ ուսուցանուելու առանձնաշնորհումը ունինք։ (Մատթ. 13։11, 15) Այլ առանձնաշնորհում մըն է՝ ժողովքային հանդիպումներու ընթացքին մեր պատասխաններով Եհովան փառաբանել։ (Սաղմ. 35։18) Երբ պատասխանելու պատեհութիւնները ներկայանան, ասիկա սրտանց կ’ընենք։ Նոյնպէս, եթէ ժողովքին մէջ իւրաքանչիւր նշանակում պատիւ մը համարենք, այն ատեն մեր կարողութեան ներած չափով մեր լաւագոյնը պիտի ընենք։ Թագաւորութեան Սրահը մաքուր ու լաւ վիճակի մէջ պահելու առանձնաշնորհումին կանոնաւորաբար կը մասնակցի՞նք։
3 Թէեւ միլիոնաւորներ հարց կու տան թէ Աստուած իրենց աղօթքները կը լսէ կամ ոչ, բայց մենք կը վայելենք այն առանձնաշնորհումը, որ մեր աղօթքները լսելի են տիեզերքի կարեւորագոյն Անձնաւորութեան կողմէ։ (Առ. 15։29) Եհովա անձնապէս իր ծառաներուն աղօթքները մտիկ կ’ընէ։ (Ա. Պետ. 3։12) Ան մեր աղօթքներուն քանակը չի սահմանափակեր։ Ի՜նչ արժէքաւոր պարգեւ մը ունինք, որ կրնանք «ամէն ատեն» աղօթել։—Եփ. 6։18
4 «Աստուծոյ գործակից»ներ. Մեր ամենէն ընտիր առանձնաշնորհումներէն մէկն է՝ որպէս «Աստուծոյ գործակից» Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը ծանուցանել։ (Ա. Կորն. 3։9) Ասիկա գոհունակութիւն ու թարմացում պատճառող գործ մըն է։ (Յովհ. 4։34) Եհովա այս գործը կատարելու համար մարդիկ գործածելու պարտաւոր չէ, բայց ան այս նշանակումը մեզի տուած է որպէս իր սիրոյն մէկ արտայայտութիւնը։ (Ղուկ. 19։39, 40) Սակայն Եհովա այս առանձնաշնորհումը պարզապէս ոեւէ անհատի չէ տուած։ Այս հանրային ծառայութեան մասնակցողները կարգ մը հոգեւոր որակումներու յարատեւ գոհացում պէտք է տան։ (Եսա. 52։11) Ցոյց կու տա՞նք թէ ծառայութեան ա՛յս առանձնաշնորհումը կ’արժեւորենք, զայն մեր շաբաթական սովորամոլութեան կարեւոր մէկ մասը ընելով։
5 Եհովայի տուած առանձնաշնորհումները մեր կեանքը կը ճոխացնեն։ (Առ. 10։22) Զանոնք բնաւ թեթեւի մի՛ առնէք։ Երբ ցոյց տանք թէ ծառայութեան մեր առանձնաշնորհումները իրապէս կ’արժեւորենք, «ամէն բարի տուրք ու ամէն կատարեալ պարգեւ» Տուողը՝ մեր երկնաւոր Հայրը հաճեցուցած կ’ըլլանք։—Յակ. 1։17