Աղքատներուն յոյս տուր
1 Յիսուս չքաւորներուն հանդէպ մասնայատուկ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեց։ Առիթներ եղան երբ ան հրաշալիօրէն նիւթական օժանդակութիւն հայթայթեց եւ հիւանդներ բուժեց, բայց կեդրոնացաւ աղքատներուն «աւետարան»ը քարոզելու վրայ։ (Մատթ. 11։5) Ներկայիս քրիստոնէական ծառայութիւնը կը շարունակէ օգտակար ըլլալ թէ՛ աղքատներուն եւ թէ ուրիշներուն։—Մատթ. 24։14. 28։19, 20
2 Իսկական յոյս. Քրիստոնեայ Աշխարհի քարոզիչները յաճախ աղքատներուն կը խոստանան որ եթէ եկեղեցիին առատաձեռնօրէն նուիրատուութիւն ընեն, պիտի բարգաւաճին։ Սակայն Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ թէ միայն Աստուծոյ Թագաւորութիւնն է որ աղքատութեան վերջ պիտի դնէ եւ մարդկութեան բոլոր խնդիրները պիտի լուծէ։ (Սաղմ. 9։18. 145։16. Եսա. 65։21-23) Աղքատներուն ցոյց տալով թէ Աստուածաշունչը իրապէս ի՛նչ կը սորվեցնէ, անոնց յոյս կու տանք եւ կ’օգնենք որ իրենց հոգեւոր կարիքները գոհացնեն։—Մատթ. 5։3
3 Յիսուսի օրուան Փարիսեցիները աղքատները կ’արհամարհէին, անարգականօրէն զանոնք ամ–հաարեց կամ «երկրին ժողովուրդը» կոչելով։ Սակայն Յիսուս «անոնց արիւնը» կամ կեանքը «պատուական» նկատեց։ (Սաղմ. 72։13, 14) Կրնանք Յիսուսը ընդօրինակել եւ աղքատներուն ‘ողորմութիւն ընել’, ազնուութեամբ եւ կարեկցութեամբ վարուելով։ (Առ. 14։31) Բնաւ պիտի չուզենք աղքատ շրջաններու մէջ ապրող մարդոց մասին արհամարհանքով խօսիլ կամ անոնց վկայելու մէջ դժկամութիւն ցուցաբերել։ Թագաւորութեան պատգամին ընդառաջողներէն շատեր չքաւոր անհատներ են։
4 Աղքատներուն օգնէ՛. Թաղամասին մէջ գտնուող աղքատներուն Աստուածաշունչի սկզբունքները ուսուցանելը նաեւ կ’օգնէ անոնց որ հիմա իսկ աղքատութեան ազդեցութիւնները մեղմացնեն։ Օրինակ, Աստուածաշունչը կը դատապարտէ գինովութիւնը, բախտախաղը, ծուլութիւնը, ծխախոտի գործածութիւնը, ինչպէս նաեւ աղքատութեան նպաստող այլ սովորութիւններ։ (Առ. 6։10, 11. 23։21. Բ. Կորն. 7։1. Եփ. 5։5) Սուրբ Գրութիւնները կը քաջալերեն պարկեշտութիւնը եւ սրտագին աշխատանքը, յատկութիւններ՝ որոնք պաշտօնեաներէ կը պահանջուին։ (Կող. 3։22, 23. Եբր. 13։18) Իրականութեան մէջ, փորձագիտանքի մը համաձայն, գործատէրերուն մեծամասնութիւնը գործի դիմող թեկնածուներուն մէջ իրենց փնտռած ամենէն տպաւորիչ յատկութիւնները պարկեշտութիւնն եւ ուղղամտութիւնը դասեցին։
5 Եհովա աղքատներուն տառապանքին նկատմամբ անզգայ չէ։ Մօտ ատենէն Յիսուս Քրիստոս օգնութիւն խնդրող «աղքատը պիտի փրկէ»։ (Սաղմ. 72։12) Մինչ այդ, առանձնաշնորհումը ունինք ուրիշները մխիթարելու Աստուածաշունչի բովանդակած յոյսի պատգամով, ի ներառեալ՝ աղքատները։