Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 11/08 էջ 1
  • Բաժնելիք թանկագին գանձեր ունինք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Բաժնելիք թանկագին գանձեր ունինք
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2008)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ‘Անոր մէջ պահուած’ գանձեր գտնել
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2009
  • Հոգեւոր գանձերը սրտանց արժեւորէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2017
  • Չերեւցած գանձերը գնահատէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2020
  • Տալու ուրախութեան մասնակից եղէ՛ք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2001
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2008)
թծ 11/08 էջ 1

Բաժնելիք թանկագին գանձեր ունինք

1 Աստուծոյ Խօսքը առատ է հոգեւոր գանձերով, զորս մեծապէս կ’արժեւորենք (Սաղ. 12։6. 119։11, 14)։ Առիթով մը, Յիսուս գործածեց օրինակներ, որոնք Թագաւորութեան զանազան երեսակները կը պատկերացնեն, ապա իր աշակերտներուն հարցուց. «Հասկցա՞ք այս ամէն բաները»։ Դրական պատասխան մը ստանալէ ետք, ան ըսաւ. «Անոր համար ամէն դպիր որ երկնքի թագաւորութեան աշակերտ եղած է, նման է տանտէր մարդու մը որ իր գանձէն նոր ու հին բաներ կը հանէ» (Մատ. 13։1-52)։

2 Կրնանք հին գանձեր նկատել Աստուածաշունչի այն ճշմարտութիւնները, զորս սորվեցանք երբ նոր սկսանք ուսումնասիրել։ Աստուծոյ Խօսքին խորունկ բաներուն մասին մեր յառաջդիմական անձնական ուսումնասիրութեան միջոցաւ, կը գտնենք Աստուածաշունչի այլ ճշմարտութիւններ, որոնք մեզի համար նորագիւտ գանձեր են (Ա. Կոր. 2։7)։ Նաեւ, «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին միջոցաւ նոր գանձերու մասին հասկացողութիւն ձեռք կը ձգենք (Մատ. 24։45)։

3 Մենք այս հին ու նոր հոգեւոր գանձերը մեծապէս կ’արժեւորենք, եւ ասիկա մեզ կը մղէ որպէս Աստուծոյ Խօսքը ուսուցանողներ մարզում ստանալու եւ փորձառութիւն ձեռք ձգելու, մեր սորված թանկագին ճշմարտութիւնները ուրիշներուն հետ առատաձեռնօրէն բաժնելով։

4 Յիսուսի օրինակէն սորվէ։ Այս գանձերուն հանդէպ իր զգացումները դրսեւորելով, Յիսուս մեծ ջանք թափեց որ զանոնք ուրիշներու հետ բաժնէ։ Նոյնիսկ երբ յոգնած էր, ան ետ չկեցաւ իր «գանձէն» նոր ու հին բաներ հանելէ (Յովհ. 4։6-14)։

5 Հոգեւորապէս աղքատ եղողներուն հանդէպ Յիսուսի սէրը զինք մղեց՝ Աստուծոյ ճշմարտութիւններուն կենսատու գանձերը ուրիշներուն հետ բաժնելու (Սաղ. 72։13)։ Ան հոգեւորապէս սովաբեկ եղող անհատներուն գթաց եւ մղուեցաւ ‘շատ բաներ սորվեցնելու անոնց’ (Մար. 6։34)։

6 Յիսուսը ընդօրինակէ։ Երբ Յիսուսի նման մեր ունեցած գանձերը մեծապէս արժեւորենք, սրտանց պիտի փափաքինք ուղղակի Աստուածաշունչէն հոգեւոր գոհարներ ցոյց տալ մարդոց (Առ. 2։1-5)։ Երբեմն յոգնած ըլլալով հանդերձ, աստուածաշնչական ճշմարտութիւններուն մասին խանդավառութեամբ պիտի խօսինք (Մար. 6։34)։ Մեր ունեցած գանձերուն հանդէպ խոր գնահատութիւնը, մեզ պիտի մղէ ծառայութեան մէջ մեր ամբողջ կարելին ընելու, միշտ ջանալով լիակատար մասնակցութիւն բերել։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել