Ամէն օր Եհովան փառաբանէ
1. Աստուծոյ ծառաները մղուած են ի՞նչ ընելու եւ ինչո՞ւ։
1 Դաւիթ թագաւոր «ամէն օր», նոյնիսկ՝ յաւիտեան, Եհովան փառաբանելու իր վճռականութիւնը յայտնեց (Սաղ. 145։2, 7, 21)։ Մենք ալ ամէն օր Եհովան փառաբանելու վաւերական պատճառներ ունինք (Սաղ. 37։10. 145։14, 18. Բ. Պետ. 3։13)։
2. Ընտանիքներ ի՞նչպէս կրնան ամէն օր Եհովան փառաբանել։
2 Մեր տան մէջ։ Շինիչ հրատարակութիւններ ունինք, որոնք կ’օգնեն իմաստալից հոգեւոր քննարկութիւններ ունենալու՝ երբ օրուան համարը նկատի կ’առնենք, երբ Ընտանեկան պաշտամունքը կը վարենք եւ երբ ժողովքային հանդիպումներուն կը պատրաստուինք։ Շատ մը ընտանիքներ սովորութիւն ըրած են՝ ամէն օր առնուազն մէկ անգամ միասնաբար ճաշել։ Ասիկա թոյլ կու տայ որ հանդարտօրէն խօսակցին ու Եհովան փառաբանեն։ Այսպիսի անպաշտօն զրոյցներ, զաւակները «Տէրոջը վարժութիւնովն ու խրատովը» մեծցնելու մէջ կրնան կարեւոր դեր խաղալ (Եփ. 6։4. Բ. Օր. 6։5-7)։
3. Երբ մեր եղբայրներուն հետ ենք, ի՞նչ պատեհութիւններ ունինք։
3 Մեր եղբայրներուն հետ։ Դաշտի ծառայութեան մէջ կամ ժողովքային հանդիպումներուն, մեր հաւատակիցներուն հետ Եհովան փառաբանելու հոյակապ պատեհութիւններ ունինք (Առ. 15։30. Փլպ. 4։8. Եբ. 13։15)։ Որովհետեւ բոլորս Եհովան կը սիրենք, իրարու հետ խօսելու ատեն Եհովայի բարութեան մասին անկեղծ արտայայտութիւններ պարփակելը, դիւրին պէտք է ըլլայ (Սաղ. 106։1)։
4. Ո՞ր պարագաներուն կրնաս Եհովան փառաբանել։
4 Երբ անհաւատներու կը խօսինք։ Թէեւ պարագաները կրնան թոյլ չտալ, որ ամէն օր հանրային ծառայութեան մասնակցինք, սակայն գործակիցներու, դպրոցակիցներու եւ մեր շուրջիններուն հետ հակիրճօրէն խօսիլը Եհովայի ու իր նպատակներուն մասին, կրնայ պարկեշտամիտ անհատներու յոյս ներշնչել (Սաղ. 27։14. Ա. Պետ. 3։15)։ Օդանաւով ճամբորդելու ատեն, քոյր մը կրցաւ վկայել ճամբորդակիցի մը, որ իր լսածով ա՛յնքան մխիթարուեցաւ ու քաջալերուեցաւ, որ հասցէն ու հեռաձայնի թիւը տուաւ քրոջ, որպէսզի կարենան կապ պահել։ Մինչ աշխարհի մէջ խռովութիւնները եւ վատթարացող պայմանները հետզհետէ կ’աւելնան, Եհովայի ժողովուրդը կը շարունակէ լսող ականջներուն ‘բարութեան աւետիս բերել’։ Ասիկա ուրիշներու յոյս կու տայ եւ պատճառ կ’ըլլայ որ Եհովան փառաբանեն (Եսա. 52։7. Հռով. 15։11)։
5. Ինչո՞ւ կը փափաքինք Եհովան փառաբանել, եւ ասիկա ի՞նչ կրնայ իրագործել։
5 Եհովայի ո՜րքան հաճելի է լսել իր ծառաներուն փառաբանութիւնը ամէն օր։ Տեսանելի ստեղծագործութեան նման, կրնանք ամէն օր Զինք փառաբանել՝ մեր տան մէջ, ժողովքին մէջ, եւ երբ կը խօսինք ուրիշներու, որոնք տակաւին Եհովան փառաբանողներ չեն եղած (Սաղ. 19։1-4)։