Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 7/10 էջ 2
  • Բաւականաչափ կ’ընե՞մ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Բաւականաչափ կ’ընե՞մ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2010)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Եհովայի վերյիշեցումները շատ կը սիրէ՞ք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
  • Եհովայի յիշեցումները վստահելի են
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
  • Եհովայի Վերյիշեցումները Մեզ Հոգեւոր Գետնի Վրայ Կ’ոգեւորե՞ն
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1995)
  • Եհովայի յիշեցումները թող քեզ ուրախացնեն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2010)
թծ 7/10 էջ 2

Բաւականաչափ կ’ընե՞մ

1. Հաւատարիմ քրիստոնեայ մը ի՞նչ մտահոգութիւն կրնայ ունենալ։

1 Բնաւ դուն քեզի այս հարցումը ուղղա՞ծ ես։ Թերեւս յառաջացած տարիքի, առողջապահական խնդիրներու կամ յաւելեալ ընտանեկան պատասխանատուութիւններու պատճառաւ ծառայութեան մէջ բերած բաժինդ նուազած է, քեզ վհատութեան մատնելով։ Երեք զաւկի տէր քոյր մը գրեց, թէ երբեմն յանցաւոր կը զգայ, քանի որ ընտանիքին հոգ տանելու հարկ եղած ժամանակն ու կորովը կը սահմանափակեն ի՛նչ որ ծառայութեան մէջ կրնայ ընել։ Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել հարցերը հաւասարակշռուած կերպով դիտելու։

2. Եհովա մեզմէ ի՞նչ կ’ակնկալէ։

2 Եհովա մեզմէ ի՛նչ կ’ակնկալէ։ Անտարակոյս, բոլորս ալ կ’ուզենք ծառայութեան մէջ աւելին ընել։ Բայց յաճախ մեծ տարբերութիւն կայ սա երկու բաներուն միջեւ. ի՛նչ կը փափաքինք ընել եւ ի՛նչ իրատեսօրէն կրնանք ընել։ Այն իրողութիւնը, թէ կ’ուզենք աւելին ընել, ցոյց կու տայ թէ ինքնագոհ չենք։ Պէտք է յիշենք, թէ Եհովա մեր սահմանափակումներուն քաջածանօթ է եւ չի պահանջեր աւելի քան ինչ որ տրամաբանօրէն կրնանք ընել (Սաղ. 103։13, 14)։ Ան մեզմէ ի՞նչ կ’ակնկալէ։ Բոլորանուէր ծառայութիւն մատուցանենք ու մեր լաւագոյնը տանք (Կող. 3։23)։

3. Ծառայութեան մէջ մեր ջանքերը ինչպէ՞ս կրնանք արժեւորել։

3 Ի՞նչ բաներ մեզի պիտի օգնեն, որ որոշենք թէ մեր անձին համար ի՛նչը իրապաշտ է։ Կրնանք Եհովայէ խնդրել, որ մեզի օգնէ մեր կացութիւնը առարկայականօրէն տեսնելու (Սաղ. 26։2)։ Նաեւ օգնական կրնայ ըլլալ այն վստահելի ու հասուն քրիստոնեայ բարեկամը, որ մեզ լաւ կը ճանչնայ եւ առանց տատամսելու կը նշէ բարելաւման մարզերը (Առ. 27։9)։ Բայց ի մտի ունենալով որ պարագաները կը փոխուին, օգտակար է որ մեր կացութիւնը պարբերաբար արժեւորենք (Եփ. 5։10)։

4. Ծառայութեան վերաբերեալ աստուածաշնչական յիշեցումները ինչպէ՞ս պէտք է նկատենք։

4 Յիշեցումները ինչպէ՛ս նկատել։ Մրցարշաւի մը ընթացքին, համակիրներ յաճախ խրախուսիչ բացագանչութիւններ կ’ընեն։ Նպատակն է՝ վազողներուն օգնել որ իրենց նպատակակէտին հասնին, եւ ոչ թէ զանոնք վհատեցնել։ Նմանապէս, մեր ժողովներուն ու հրատարակութիւններուն մէջ տրուած աստուածաշնչական քաջալերութիւնն ու յիշեցումները, որ հրատապութեան զգացումով ‘խօսքը քարոզենք’, մեր օգտին համար են եւ ըսել չեն ուզեր թէ մեր ջանքերը ձեւով մը անբաւարար են (Բ. Տիմ. 4։2)։ Կրնա՛նք վստահ ըլլալ, թէ այնքան ատեն որ կը ջանանք մեր լաւագոյնը ընել, Եհովա մեր ‘սէրն ու գործը’ հաճութեամբ պիտի յիշէ (Եբ. 6։10)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել