Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 10/10 էջ 1
  • «Մի՛ վախնար»

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Մի՛ վախնար»
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2010)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ‘Աստուծոյ խօսքը համարձակ խօսէ’
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2010
  • Եհովայի սէրը ինչպէ՞ս կ’օգնէ որ մեր վախերը յաղթահարենք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2022
  • Եհովան քեզի ոյժ պիտի տայ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2021
  • Յիսուսը ընդօրինակէ. համարձակութեամբ քարոզէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2009
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2010)
թծ 10/10 էջ 1

«Մի՛ վախնար»

1. Երեմիային նման, ի՞նչ մարտահրաւէրներ թերեւս անձամբ դիմագրաւենք։

1 Երբ որպէս մարգարէ յանձնարարուեցաւ, Երեմիա անատակութեան զգացումներ ունեցաւ։ Բայց Եհովա զինք քաջալերեց՝ ըսելով. «Մի՛ վախնար», եւ քաղցրօրէն զինք զօրացուց որ կատարէ իր նշանակումը (Եր. 1։6-10)։ Մեր օրերուն, ամչկոտութիւնը կամ ինքնավստահութեան պակասը, ծառայութեան մէջ մեր մասնակցութեան կրնայ ազդել։ Այն վախը թէ մարդիկ ինչպէ՛ս պիտի ընդառաջեն կամ նկատեն մեզ, կրնայ պատճառ ըլլալ որ ատեն–ատեն ետ կենանք։ Ինչպէ՞ս կրնանք այդպիսի վախեր յաղթահարել, եւ այսպիսով ի՞նչ անհատական օրհնութիւններ պիտի գան։

2. Ծառայութեան նկատմամբ մեր վախերը մեղմացնելու համար, նախապատրաստութիւնը ինչպէ՞ս կ’օգնէ։

2 Առաջուընէ պատրաստէ։ Բաւարար նախապատրաստութիւնը շատ բան կրնայ ընել, որ մեր վախերը մեղմացնէ։ Օրինակ՝ եթէ խօսակցութիւնը ընդհատող առարկութիւնները առաջուընէ վերաքաղ ընենք, պատրաստ պիտի ըլլանք սովորական առարկութիւններուն պատասխանելու (Առ. 15։28)։ Ինչո՞ւ Ընտանեկան պաշտամունքին ընթացքին փորձի նիստեր չընէք, առ ի պատրաստութիւն զանազան մարտահրաւէրներու՝ դպրոցէն ներս եւ ծառայութեան մէջ (Ա. Պետ. 3։15)։

3. Եհովային վստահիլը ինչպէ՞ս կ’օգնէ մեզի որ վախը նուաճենք։

3 Եհովային վստահէ։ Վախնալուն ստոյգ հակադեղն է՝ մեր Աստուծոյն ապաւինիլը։ Եհովա երաշխիք տուած է թէ մեզի պիտի օգնէ (Եսա. 41։10-13)։ Ի՞նչ աւելի մեծ ապահովութիւն կրնայինք ունենալ։ Ասկէ զատ, Յիսուս մեզ հաւաստիացուց թէ նոյնիսկ երբ անսպասելի վիճակներ ծագին, Աստուծոյ սուրբ հոգին մեզ կարող պիտի դարձնէ, որ ընտիր կերպով վկայութիւն տանք (Մար. 13։11)։ Ուստի կանոնաւորաբար Եհովայէն իր սուրբ հոգին խնդրէ (Ղուկ. 11։13)։

4. Մարտահրաւէրներ դիմագրաւելով հանդերձ, ծառայութեան մէջ յարատեւելը ի՞նչ օրհնութիւններ կը բերէ։

4 Օրհնութիւններ։ Մարտահրաւէրներ դիմագրաւելով հանդերձ, մինչ կը յարատեւենք ծառայութեան մէջ, կը զօրանանք որ յաջողապէս ձեռք առնենք ապագայ փորձութիւններ։ Քաջութիւն ու համարձակութիւն կը զարգացնենք, որոնք սուրբ հոգիով լեցուած մարդոց յատկանիշներ են (Գործք 4։31)։ Աւելին, մինչ Եհովայի օգնութեամբ անձնական վախերը կը յաղթահարենք, մեր հաւատքը եւ իր փրկարար զօրութեան նկատմամբ մեր վստահութիւնը կ’ամրապնդենք (Եսա. 33։2)։ Նաեւ ուրախութիւն ու գոհունակութիւն կը վայելենք, որոնք յառաջ կու գան գիտնալէն, թէ մեր երկնաւոր Հայրը կը հաճեցնենք (Ա. Պետ. 4։13, 14)։ Ուստի չվախնանք Թագաւորութեան պատգամը համարձակօրէն յայտարարելէ, միշտ վստահ ըլլալով թէ Եհովա մեզի կ’աջակցի։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել