Արտերը հնձուելու պատրաստ են
1. Ի՞նչ կարեւոր գործ գործընթացի մէջ է։
1 Սամարացի կնոջ մը վկայելէ ետք, Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Աչքերնիդ վերցուցէ՛ք ու արտերուն նայեցէ՛ք։ Արդէն ճերմկած ու հնձուելու պատրաստ են» (Յովհ. 4։35, 36)։ Հոգեւոր հունձք մը գործընթացի մէջ էր, եւ Յիսուս կրնար անոր համաշխարհային տարողութիւնը կանխատեսել։ Երկինքի մէջ իր վայելած դիրքէն, Յիսուս հունձքին մէջ մեծապէս պարփակուած կը մնայ (Մատ. 28։19, 20)։ Ի՞նչ նշաններ կան, թէ այս գործը կը շարունակէ սաստկանալ, մինչ իր գագաթնակէտին կը մօտենայ։
2. Ի՞նչ զարգացումներ ցոյց կու տան, թէ համաշխարհային հունձքի գործը կը սաստկանայ։
2 Համաշխարհային հունձք մը։ 2009–ի ծառայութեան տարուան ընթացքին, համայն աշխարհի մէջ հրատարակիչներուն թիւը 3,2 տոկոս յաւելում արձանագրեց։ Այն երկիրներուն մէջ, ուր քարոզչութիւնը արգիլուած է, յաւելումը 14 տոկոս էր։ Ամէն ամիս տեղեկագրուած Աստուածաշունչի տնային ուսումնասիրութիւններուն թիւը 7,619,000–ը անցաւ,– թիւ մը, որ հրատարակիչներու մեծագոյն թիւէն աւելի է, եւ նախորդ տարուան ուսումնասիրութիւններու թիւէն գրեթէ կէս միլիոն աւելի է։ Մինչ բազմաթիւ շրջաններու մէջ գործը արագօրէն կ’ընդարձակուի, ա՛լ աւելի կը պահանջուին Գաղաադի դպրոցին մէջ մարզում ստացած միսիոնարներ։ Շատ մը երկիրներու մէջ օտարախօս դաշտերը հսկայ բերք կ’արտադրեն։ Բացայայտ է թէ Եհովա հունձքի վախճանին ընթացքին գործը կ’արագացնէ (Եսա. 60։22)։ Ձեր «արտերուն» նկատմամբ դրական տեսակէտ ունի՞ք։
3. Ոմանք իրենց տեղական հունձքին նկատմամբ ի՞նչ կրնան եզրակացնել։
3 Ձեր տեղական հունձքը։ Ոմանք կրնան ըսել. «Թաղամասս շատ արդիւնաբեր չէ»։ Ճիշդ է որ կարգ մը թաղամասեր ուրիշներու նման արդիւնաբեր կամ առաջուան պէս պտղաբեր չեն թուիր։ Հետեւաբար կարգ մը Վկաներ թերեւս եզրակացնեն, թէ այդ շրջաններուն մէջ հունձքը իր գագաթնակէտին հասած է եւ այժմ իրենց գործը միայն ճռաքաղութիւն է,– մնացած քանի մը անհատները հաւաքել։ Պարագան իրապէս ա՞յս է։
4. Մեր ծառայութեան հանդէպ ի՞նչ պատշաճ կեցուածք պէտք է մշակենք, եւ ինչո՞ւ։
4 Սկիզբէն մինչեւ վերջ, հունձքը փութաջան գործունէութեան ժամանակ մըն է։ Յիսուսի հետեւեալ խօսքերուն մէջ նկատէ հրատապութեան զգացումը. «Հունձքը շատ է, բայց մշակները՝ քիչ, ուստի հունձքին Տէրոջը աղաչեցէք, որ մշակներ հանէ իր հունձքին» (Մատ. 9։37, 38)։ Հունձքին Տէրը՝ Եհովան, պատասխանատու է թէ բերքը ե՛րբ եւ ո՛ւր տեղի կ’ունենայ (Յովհ. 6։44. Ա. Կոր. 3։6-8)։ Իսկ ի՞նչ է մեր նշանակումը։ Աստուածաշունչը կը պատասխանէ. «Առտուն քու սերմդ ցանէ եւ իրիկունը քու ձեռքդ պարապ մի՛ թողուր» (Ժող. 11։4-6)։ Այո, երբ հունձքը իր յանգումին կը հասնի, ժամանակը չէ որ մեր ձեռքերը պարապ թողունք։
5. Ինչո՞ւ պէտք է շարունակենք նախանձախնդրութեամբ քարոզել՝ երեւութապէս անբարեբեր թաղամասին մէջ։
5 Շարունակեցէ՛ք հնձել։ Նոյնիսկ եթէ մեր թաղամասը բազմիցս ծածկուած է եւ մարդիկ անտարբեր կը թուին, նախանձախնդրութեամբ ու հրատապութեան զգացումով քարոզելու վաւերական պատճառ ունինք (Բ. Տիմ. 4։2)։ Աշխարհի թատերաբեմին վրայ շշմեցուցիչ տակնուվրայութիւններ պատճառ կ’ըլլան, որ մարդիկ իրենց կեցուածքը փոխեն եւ ապագային մասին աւելի լրջօրէն մտածեն։ Մինչ պատանիներ կը մեծնան, անոնք կրնան ապահովութիւն ու մտքի խաղաղութիւն գտնելու կարիքը զգալ։ Մեր յարատեւութիւնը կրնայ ուրիշներ ալ տպաւորել։ Այո, անցեալին մտիկ չընողներ կրնան ապագային ընդառաջել։ Նոյնիսկ անոնք, որոնք մտադրութեամբ մեր պատգամը կը մերժեն, պէտք է ազդարարուին (Եզեկ. 2։4, 5. 3։19)։
6. Եթէ մեր թաղամասը դժուար է, ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ նախանձախնդրութիւն պահպանելու։
6 Եթէ մեր թաղամասը դժուար է, ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ նախանձախնդրութիւն պահպանելու։ Թերեւս կրնանք մեր տունէ–տուն քարոզչութեան վրայ աւելցնել ծառայութեան այլ տեսակներ, ինչպէս՝ առեւտրական թաղամասի մէջ վկայել կամ հեռախօսով վկայել։ Կամ կրնանք մեր ներկայացումը փոփոխել, որպէսզի թարմ մօտեցում ունենանք։ Կրնանք մեր յայտագիրը փոփոխութեան ենթարկել եւ ծառայութեան մասնակցիլ երեկոները կամ այլ ժամանակներ, երբ աւելի հաւանական է որ մարդիկ տունը ըլլան։ Թերեւս կրնանք նոր լեզու մը սորվիլ, որպէսզի բարի լուրը աւելի շատ մարդոց հաղորդենք։ Կրնանք մեր ծառայութիւնը ընդարձակել՝ կանոնաւոր ռահվիրայութիւն ընելով։ Կամ ալ կրնանք փոխադրուիլ հո՛ն՝ ուր աւելի քիչ հնձուորներ կան։ Եթէ հունձքին նկատմամբ շիտակ տեսակէտը ունինք, պիտի ջանանք այս կարեւոր գործին մէջ կարելի եղածին չափ լման մասնակցութիւն բերել։
7. Մինչեւ ե՞րբ պէտք է շարունակենք հաւաքումի գործին մասնակցիլ։
7 Երկրագործները բերքերը հաւաքելու համար սահմանափակ ժամանակ ունին, ուստի անոնք հանգիստ չեն ըներ, ո՛չ ալ կը դանդաղին, մինչեւ որ գործը ամբողջանայ։ Հոգեւոր հունձքը նոյն հրատապութեան զգացումը կը պահանջէ։ Մինչեւ ե՞րբ պէտք է շարունակենք հաւաքումի գործին մասնակցիլ։ «Իրերու դրութեան վախճան»ին ընթացքին եւ մինչեւ «վերջը» (Մատ. 24։14. 28։20, ՆԱ)։ Եհովայի առաջնագոյն Քարոզիչին նման, կ’ուզենք մեզի վստահուած գործը ամբողջացնել (Յովհ. 4։34. 17։4)։ Ուստի նախանձախնդրութեամբ, ուրախութեամբ ու դրական կեցուածքով շարունակե՛նք մեր ծառայութիւնը կատարել մինչեւ վերջը (Մատ. 24։13)։ Հունձքը չէ վերջացած։
[Մէջբերում՝ էջ 2]
Սկիզբէն մինչեւ վերջ, հունձքը փութաջան գործունէութեան ժամանակ մըն է