Հարցումի տուփ
◼ Աստուածաշունչի յառաջդիմող աշակերտի մը հետ ո՞րքան ատեն պէտք է ուսումնասիրենք։
Լաւագոյն բանն է՝ շարունակել Աստուածաշունչի յառաջդիմող աշակերտի մը հետ ուսումնասիրել, մինչեւ որ երկու հրատարակութիւններ ամբողջանան,– Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ եւ «Անձերնիդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք»։ Պարագան նոյնը կ’ըլլայ, նոյնիսկ եթէ աշակերտը մկրտուի՝ առաջ որ երկու գիրքերն ալ վերջացնէ։ Անոր մկրտութենէն ետք, կրնանք դարձեալ տեղեկագրել ժամերը, վերայցելութիւնները եւ ուսումնասիրութիւնը։ Եթէ հրատարակիչ մը մեզի հետ կ’ընկերակցի եւ ուսումնասիրութեան կը մասնակցի, ան ալ կրնայ ժամանակը տեղեկագրել (տե՛ս Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին մարտ 2009 թիւը, էջ 2)։
Կարեւոր է որ նորեկներ ճշմարտութեան մէջ լաւ հիմ մը ունենան, նախքան ուսումնասիրութիւնը դադրեցնելը։ Անոնք Քրիստոսին մէջ «արմատ կապած» եւ «հաւատքին մէջ հաստատուած» պէտք է ըլլան, որպէսզի իրենց առջեւ գտնուող փորձութիւններուն դիմանան (Կող. 2։6, 7. Բ. Տիմ. 3։12. Ա. Պետ. 5։8, 9)։ Ասկէ զատ, որպէսզի կարենան ազդու կերպով ուրիշներուն սորվեցնել, անոնք ‘ճշմարտութեան ճշգրիտ գիտութիւնը’ պէտք է ձեռք ձգեն (Ա. Տիմ. 2։4, ՆԱ)։ Մեր աշակերտներուն հետ երկու գիրք ամբողջացնելով անոնց կ’օգնենք, որ հաստատ քայլերով քալեն ‘այն ճամբուն մէջ, որ դէպի կեանք կը տանի’ (Մատ. 7։14)։
Մկրտութեան համար հաւանութիւն տալէ առաջ, երէցները պէտք է վստահ ըլլան, որ անհատը Աստուածաշունչի հիմնական ուսուցումները յստակօրէն կը հասկնայ եւ անոնց համաձայն կ’ապրի։ Երէցները յատկապէս ուշադիր պէտք է ըլլան, երբ նկատի կ’առնեն աշակերտ մը, որ ուսումնասիրութեան առաջին գիրքը տակաւին չէ ամբողջացուցած։ Եթէ անհատ մը մկրտութեան համար պատրաստ չէ, երէցները հոգ պիտի տանին որ անհրաժեշտ անձնական օգնութիւնը ստանայ, որպէսզի ապագային որակեալ ըլլայ մկրտութեան (տե՛ս Կազմակերպուած ենք՝ կատարելու Եհովայի կամքը գիրքը, էջ 217-218)։
[Մէջբերում՝ էջ 2]
Կարեւոր է որ նորեկներ ճշմարտութեան մէջ լաւ հիմ մը ունենան