Մեր ծառայութիւնը համբերութեամբ պէտք է յատկանշուի
1. Եհովա մարդկութեան հանդէպ ինչպէ՞ս համբերութիւն ցուցաբերած է։
1 Մարդկութեան հետ Աստուծոյ գործառնութեանց մէկ դրոշմը՝ համբերութիւնն է (Ել. 34։6. Սաղ. 106։41-45. Բ. Պետ. 3։9)։ Իր սիրալիր համբերութեան առաջնագոյն օրինակներէն մին, բացորոշ է Թագաւորութեան համաշխարհային քարոզչութեան հետ կապակցաբար։ Եհովա մարդկութեան հետ գրեթէ 2000 տարի աշխատած է, եւ տակաւին կը շարունակէ պարկեշտամիտ անհատները իրեն քաշել (Յովհ. 6։44)։ Մեր ծառայութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ Եհովայի համբերութիւնը արտացոլացնել։
2. Ինչպէ՞ս կարելի է համբերութիւն ցուցաբերել, մինչ թաղամասը կը ծածկենք։
2 Տունէ–տուն ծառայութիւն։ Եհովայի համբերութիւնը կ’ընդօրինակենք, երբ ‘առանց դադարելու’ կը քարոզենք թաղամասին մէջ, ուր անհատներ տակաւին հետաքրքրութիւն չեն ցուցաբերած (Գործք 5։42)։ Համբերութեամբ կը տոկանք անտարբերութեան, ծաղրանքի եւ հակառակութեան (Մար. 13։12, 13)։ Նաեւ համբերութիւն կը ցուցաբերենք, երբ կը շարունակենք ջանալ ճշմարտութեան սերմը ջրել, նոյնիսկ երբ դժուար ըլլայ հետաքրքրուած անհատները տունը գտնել։
3. Ինչո՞ւ համբերութեան կարիք ունինք, երբ վերայցելութիւններ կ’ընենք եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ կը վարենք։
3 Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ։ Բոյս մը աճեցնելը համբերութիւն կը պահանջէ։ Մենք կրնանք զայն սնուցանել, բայց չենք կրնար աճումը արագացնել (Յակ. 5։7)։ Նմանապէս, հոգեւոր աճումը աստիճանաբար եւ հանգրուաններով կ’ըլլայ (Մար. 4։28)։ Այն անհատները, որոնց հետ կ’ուսումնասիրենք, թերեւս դժուար գտնեն կրօնական սխալ հաւատալիքները կամ անաստուածաշնչական սովորութիւնները լքել։ Պէտք չէ ջանանք աճումը արագացնել, մեր աշակերտները ճնշելով որ փոփոխութիւններ ընեն։ Համբերութիւն պահանջուած է, որ Աստուծոյ հոգիին ժամանակ տանք, որ աշակերտին սրտին վրայ աշխատի (Ա. Կոր. 3։6, 7)։
4. Համբերութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել, անհաւատ ազգականներուն ազդու կերպով վկայելու։
4 Անհաւատ ազգականներ։ Թէեւ շատ կը փափաքինք, որ մեր անհաւատ ազգականները ճշմարտութիւնը գիտնան, սակայն համբերութիւն կը ցուցաբերենք յարմար ժամանակին սպասելով, որ մեր հաւատքը բաժնենք՝ ուշադիր ըլլալով որ զանոնք շատ տեղեկութիւններով չծանրաբեռնենք (Ժող. 3։1, 7)։ Մինչ այդ, թոյլ կու տանք որ մեր օրինակը մեր տեղ խօսի եւ պատրաստ կը մնանք մեր հաւատքը ցոյց տալու հեզութեամբ եւ խոր յարգանքով (Ա. Պետ. 3։1, 15)։ Արդարեւ, համբերութեամբ յատկանշուած մեր ծառայութիւնը աւելի ազդու պիտի ըլլայ եւ մեր երկնաւոր Հայրը պիտի հաճեցնէ։