Ուսուցումդ բարելաւելու երեք թելադրութիւններ
1. Ինչո՞ւ պէտք է ջանանք մեր ուսուցումը բարելաւել։
1 Բոլոր հրատարակիչները ուսուցիչներ են։ Ըլլայ առաջին հանդիպումին կամ վերայցելութեան կամ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն վարելու ատեն, տեղեկութիւններ կը հաղորդենք։ Եւ այն տեղեկութիւնը որ կը սորվեցնենք, մասնայատուկ բան մըն է։ Մենք լոյս կը սփռենք «սուրբ գրքեր»ուն վրայ, որոնք կրնան մարդիկը «իմաստուն ընել. . . փրկուելու» (Բ. Տիմ. 3։15)։ Ի՜նչ հոյակապ առանձնաշնորհում մը։ Ահաւասիկ երեք թելադրութիւններ մեր ուսուցումը բարելաւելու համար։
2. Ինչպէ՞ս կրնանք պարզութեամբ ուսուցանել։
2 Պարզութիւն։ Երբ նիւթ մը շատ լաւ գիտենք, կրնանք դիւրաւ մոռնալ թէ տեղեկութիւնները կրնան խրթին թուիլ այն անհատին, որ նիւթը լաւ չի գիտեր։ Ուստի, երբ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն կը վարես, ուսուցումդ անհարկի մանրամասնութիւններով մի՛ խճողեր։ Փոխարէն, գլխաւոր կէտերը ընդգծէ։ Շատ խօսիլը անպայմանօրէն չի նշանակեր լաւ ուսուցանել (Առ. 10։19)։ Ընդհանրապէս, լաւագոյն բանն է՝ միայն բանալի համարները կարդալ։ Իսկ համար մը կարդալէ ետք, կեդրոնացիր ա՛յն բառերուն վրայ, որոնք կապ ունին նիւթին հետ։ Լերան քարոզը որ Մատթէոս 5-7–ի մէջ արձանագրուած է, շատ խորունկ ճշմարտութիւններ կը բովանդակէ, բայց եւ այնպէս Յիսուս պարզութեամբ եւ լաւ–ընտրուած բառեր գործածելով ուսուցանեց։
3. Օրինակները ի՞նչ արժէք ունին, եւ յաճախ որո՞նք լաւագոյնն են։
3 Օրինակներ։ Օրինակները կը մղեն մտածելու, կը շարժեն զգացումները եւ կ’օգնեն յիշելու։ Մի՛ խորհիր թէ լաւ օրինակներ տալու համար, պէտք է պատմութիւն պատմող ըլլաս։ Յիսուս յաճախ կարճ եւ դիւրահասկնալի օրինակներ գործածեց (Մատ. 7։3-5. 18։2-4)։ Շատ գործնական է նաեւ թուղթի մը վրայ պարզ նկարներ գծելը։ Լաւ նախապատրաստութիւնը քեզի պիտի օգնէ, որ ազդու օրինակներ գտնես։
4. Ինչպէ՞ս կրնանք ազդուօրէն հարցումներ գործածել։
4 Հարցումներ։ Հարցումները կը մղեն որ աշակերտը մտածէ։ Ուստի, հարցումը ուղղելէ ետք, համբերատար եղիր։ Եթէ շուտով դո՛ւն պատասխանես, իրապէս պիտի չգիտնաս թէ աշակերտդ ի՛նչ կը հասկնայ։ Եթէ ան սխալ պատասխանէ, փոխանակ պարզապէս զինք սրբագրելու, աւելի լաւ կրնայ ըլլալ զինք առաջնորդել շիտակ եզրակացութեան՝ յաւելեալ հարցումներ ուղղելով (Մատ. 17։23-26)։ Անշուշտ, մեզմէ ո՛չ ոք կատարեալ ուսուցիչ է։ Ատոր համար Աստուածաշունչը մեզ կը քաջալերէ, որ շարունակ մեր ուսուցումին ուշադրութիւն ընծայենք։ Այսպէս ընելը, յաւիտենական օգուտներ պիտի բերէ մեզի ե՛ւ մեզ լսողներուն (Ա. Տիմ. 4։16)։