Օրինա՛կ առէք մարգարէներէն. Յովնան
1. Յովնան ի՞նչ դրական յատկութիւններ ունէր։
1 Միտքդ ի՞նչ կու գայ երբ կը մտածես Յովնան մարգարէի մասին։ Ոմանք թերեւս զինք վախկոտ կամ կարծրասիրտ նկատեն։ Սակայն, յստակ է որ ան խոնարհութիւն, քաջութիւն եւ անձնազոհ հոգի ցուցաբերեց։ Ինչպէ՞ս կրնանք ‘օրինակ առնել’ Յովնանի հիանալի յատկութիւններէն (Յակ. 5։10)։
2. Ինչպէ՞ս կրնանք ընդօրինակել Յովնանի խոնարհութիւնը։
2 Խոնարհութիւն։ Սկիզբը, Յովնան իրեն նշանակուած թաղամասին հակառակ ուղղութեամբ փախաւ։ Ասիկա զարմանալի չէ, քանի որ ասորեստանցիները յայտնապէս վայրագ էին, իսկ Նինուէն «արիւններու քաղաք» կոչուեցաւ (Նաւ. 3։1-3)։ Այսուհանդերձ, Եհովան խրատեց Յովնանը եւ երբ երկրորդ առիթ մը տուաւ, մարգարէն նշանակումը խոնարհութեամբ ընդունեց (Առ. 24։32. Յովն. 3։1-3)։ Հակառակ որ նախապէս փախած էր, Յովնան կատարեց Եհովայի կամքը (Մատ. 21։28-31)։ Մենք ալ վճռա՞ծ ենք բարի լուրը քարոզել, նոյնիսկ եթէ խրատուինք կամ մեզի դժուար թաղամաս մը նշանակուի։
3. Ծառայութեանդ ո՞ր մարզերը քեզմէ քաջութիւն եւ անձնազոհութիւն կը պահանջեն։
3 Քաջութիւն եւ անձնազոհութիւն։ Երբ Յովնան անդրադարձաւ որ իր որոշումը նաւաստիներուն կեանքը վտանգած էր, յօժարեցաւ իր կեանքը զոհել (Յովն. 1։3, 4, 12)։ Յետոյ, Նինուէի մէջ իր յանձնարարութիւնը կատարելու ատեն, Յովնան քաղաքին խորերը գնաց, հաւանաբար որպէսզի կարենար Եհովայի դատաստանը ծանուցանելու յարմար վայր մը գտնել։ Ասոնք Աստուծոյ քաջասիրտ մարգարէի մը արարքներն էին եւ ոչ թէ՝ վախկոտի մը (Յովն. 3։3, 4)։ Ի՞նչ կարելի է ըսել մեր մասին։ Աստուածատուր քաջութեան պէտք ունինք, որպէսզի հակառակութեան դիմաց համարձա՛կօրէն վկայենք (Գործք 4։29, 31)։ Անձնազոհութիւնը անհրաժեշտ է, ծառայութեան մէջ մեր ժամանակն ու նիւթական միջոցները տրամադրելու համար (Գործք 20։24)։
4. Ինչո՞ւ պէտք է ժամանակ տրամադրենք՝ Եհովայի մարգարէներուն ընտիր օրինակին վրայ խոկալու համար։
4 Ամէն անգամ որ Եհովայի մարգարէներէն մէկուն մասին դէպք մը կարդաս, պիտի օգտուիս, եթէ ինքզինքդ այդ իրավիճակներուն մէջ պատկերացնես։ Դուն քեզի հարց տուր. «Ե՞ս ինչպէս պիտի հակազդէի։ Ինչպէ՞ս կրնամ իր լաւ յատկութիւնները ընդօրինակել» (Եբ. 6։11, 12)։ Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին յետագայ թիւերու մէջ, պիտի քննարկենք Եհովայի ուրիշ հաւատարիմ մարգարէներու մասին գրուած յօդուածներ, որոնցմէ կրնանք յաւելեալ արժէքաւոր դասեր քաղել։