Պատանի՛ եղբայրներ, կը ձգտի՞ք
1. Պատանի եղբայր մը ե՞րբ պէտք է սկսի կիրարկել Ա. Տիմոթէոս 3։1–ի մէջ նշուած ցուցմունքը։
1 «Եթէ մէկը կը ձգտի. . . աղէկ գործի կը ձգտի» (Ա. Տիմ. 3։1, ՆԱ)։ Այս ներշնչեալ խօսքերը եղբայրները կը քաջալերեն, որ ձգտին ժողովքին մէջ ծառայութեան առանձնաշնորհումներու որակեալ դառնալ։ Ասիկա ընելու համար պէտք է չափահա՞ս ըլլաս։ Իրականութեան մէջ, լաւագոյն բանն է որ պատանի տարիքէդ սկսիս ձգտիլ։ Այս կերպով կրնաս մարզում ստանալ եւ ցոյց տալ, թէ յարմար պիտի ըլլայ քեզ օգնական ծառայ նշանակել երբ աւելի մեծնաս (Ա. Տիմ. 3։10)։ Եթէ մկրտուած պատանի մըն ես, ինչպէ՞ս կրնաս ձգտիլ։
2. Ինչպէ՞ս կարելի է անձնազոհ հոգի մը զարգացնել եւ ցուցաբերել։
2 Անձնազոհութիւն։ Յիշէ թէ աղէկ գործի կը ձգտիս եւ ոչ թէ տիտղոսի։ Ուստի եղբայրներուդ ու քոյրերուդ օգնելու փափաքը զարգացուր։ Այս բանը ընելու մէկ կերպն է՝ Յիսուսի ընտիր օրինակին վրայ խոկալ (Մատ. 20։28. Յովհ. 4։6, 7. 13։4, 5)։ Եհովայէն խնդրէ որ քեզի օգնէ ուրիշներով հետաքրքրուող ըլլալու (Ա. Կոր. 10։24)։ Կրնա՞ս գործնական օգնութիւն մատուցանել ժողովքի տարեցներուն կամ անկարողներուն։ Կամաւոր կ’ըլլա՞ս խոտը կտրելու, ձիւնը վերցնելու կամ Թագաւորութեան սրահի պահպանման ուրիշ երեսակներու մասնակցելու։ Կրնա՞ս կամաւորաբար ուրիշին փոխարէն բաժին մը տալ Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցին մէջ։ Պիտի տեսնես թէ ուրիշներուն համար քու անձէդ տալը քեզ պիտի ուրախացնէ (Գործք 20։35)։
3. Հոգեւորութիւնը որքա՞ն կարեւոր է, եւ ինչպէ՞ս կարելի է զայն մշակել։
3 Հոգեւորութիւն։ Շատ աւելի կարեւոր է, որ ժողովքի մէջ ծառայող մը հոգեւորութիւն ունենայ քան՝ յատուկ ձիրքեր կամ բնածին կարողութիւններ։ Հոգեւոր անձ մը կը փորձէ հարցերը Եհովայի եւ Յիսուսի տեսանկիւնէն դիտել (Ա. Կոր. 2։15, 16)։ Ան «հոգիին պտուղը» կը դրսեւորէ (Գաղ. 5։22, 23)։ Ան նախանձախնդիր աւետարանիչ մըն է, որ Թագաւորութեան շահերը առաջին տեղը կը դնէ (Մատ. 6։33)։ Կրնաս հոգեւոր յատկութիւններ մշակել, անձնական ուսումնասիրութեան լաւ սովորամոլութիւն մը ունենալով։ Ասիկա կը պարփակէ՝ Աստուածաշունչը կարդալ ամէն օր, Դիտարան–ի եւ Զարթի՛ր–ի իւրաքանչիւր թիւ կարդալ, ժողովքային հանդիպումներուն նախապատրաստուիլ ու ներկայ գտնուիլ (Սաղ. 1։1, 2. Եբ. 10։24, 25)։ Երբ Պօղոս պատանի Տիմոթէոսը կը քաջալերէր որ հոգեւորապէս յառաջդիմէ, գրեց. «Զգուշութիւն ըրէ. . . վարդապետութեանդ» (Ա. Տիմ. 4։15, 16)։ Ուստի, Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի մէջ նշանակուած բաժիններդ լա՛ւ պատրաստէ։ Ծառայութեան նախապատրաստուէ եւ կանոնաւորաբար անոր մասնակցէ։ Հոգեւոր նպատակակէտեր ունեցիր, ինչպէս՝ ռահվիրայութիւն, Բեթէլի ծառայութիւն կամ Ամուրի եղբայրներու աստուածաշնչական դպրոցը յաճախել, եւ անոնց հասնելու համար աշխատէ։ Հոգեւորութիւնը քեզի պիտի օգնէ ‘երիտասարդական ցանկութիւններէն փախչելու’ (Բ. Տիմ. 2։22)։
4. Վստահելիութիւնն ու հաւատարմութիւնը ի՞նչ արժէք ունին։
4 Վստահելիութիւն եւ հաւատարմութիւն։ Որովհետեւ առաջին դարու կարիքաւոր քրիստոնեաներուն ուտելիք բաժնելու համար նշանակուած եղբայրները «բարի վկայուած» էին, ակներեւաբար ճանչցուած՝ իրենց վստահելիութեամբ եւ հաւատարմութեամբ, առաքեալները պէտք չունեցան մտահոգուելու թէ գործը պիտի կատարուէր կամ ոչ։ Ասիկա իրենց թոյլ տուաւ որ ուրիշ կարեւոր հարցերու վրայ կեդրոնանան (Գործք 6։1-4)։ Ուստի, երբ ժողովքին մէջ քեզի նշանակում մը տրուի, զայն կատարելու համար լաւագոյնդ ըրէ։ Ընդօրինակէ Նոյը, որ տապանը շինելու շուրջ տրուած ուղղութիւններուն ուշադրութեամբ հետեւեցաւ (Ծն. 6։22)։ Հաւատարմութիւնը Եհովային քով արժէքաւոր է եւ ցոյց կու տայ թէ անհատը հոգեւորապէս հասուն է (Ա. Կոր. 4։2, տե՛ս «Մարզուելուն օգուտները» շրջանակը)։
5. Ինչո՞ւ պատանի եղբայրները պէտք է ձգտին։
5 Ինչպէս որ մարգարէացուած է, Եհովան հաւաքելու գործը կ’արագացնէ (Եսա. 60։22, ՆԱ)։ Միջին հաշուով, ամէն տարի քառորդ միլիոն մարդ կը մկրտուի։ Այսքան շատ նորեկներ ճշմարտութեան գալով, կարիքը կայ հոգեւոր տղամարդոց, որպէսզի ժողովքային պատասխանատուութիւններուն հոգ տանին։ Այժմ, որեւէ ատենէ աւելի, Եհովայի ծառայութեան մէջ շատ գործ կայ (Ա. Կոր. 15։58)։ Պատանի՛ եղբայրներ, կը ձգտի՞ք։ Եթէ այո, իսկապէս շա՛տ լաւ գործի կը ձգտիք։
[Մէջբերում՝ էջ 2]
Այսքան շատ նորեկներ ճշմարտութեան գալով, կարիքը կայ հոգեւոր տղամարդոց, որպէսզի ժողովքային պատասխանատուութիւններուն հոգ տանին
[Շրջանակ՝ էջ 3]
Մարզուելուն օգուտները
Որակեալ պատանի եղբայրներ կ’օգտուին, երբ երէցներ իրենց նշանակումներ կու տան եւ կը մարզեն։ Շրջանային տեսուչ մը, ամպիոնը նստած՝ հրատարակիչ մը կը քաջալերէր ժողովէն ետք։ Ան նկատեց որ պատանի մը իրենց մօտ կայնած էր, ուստի անոր հարցուց թէ արդեօք ան կը սպասէր որ իրեն հե՞տ խօսէր։ Պատանի եղբայրը պատասխանեց, թէ իրեն նշանակուած էր իւրաքանչիւր ժողովի աւարտին, փոշեծծիչով ամպիոնին փոշիները առնել։ Իր ծնողները պատրաստ էին մեկնելու, բայց ինք չէր ուզեր երթալ՝ նախքան իր նշանակումը կատարելը։ Շրջանային տեսուչը հաճոյքով ամպիոնէն վար իջաւ։ Ան ըսաւ. «Այդ ժողովքի երէցները՝ որակեալ պատանի եղբայրներուն ժողովքային նշանակումներ տալու առնչութեամբ արթուն էին։ Առ ի արդիւնք, երբ ես այդ ժողովքին կ’այցելէի, իրենց համար արտասովոր չէր յանձնարարել, որ պատանի եղբայր մը օգնական ծառայ ըլլայ»։