Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 9/13 էջ 1
  • Օրինա՛կ առէք մարգարէներէն. Ամովս

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Օրինա՛կ առէք մարգարէներէն. Ամովս
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2013)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աստուծոյ Խօսքը համարձակութեամբ խօսէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2004
  • Եհովայի դատաստանը ամբարիշտներուն դէմ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2004
  • Յովէլի եւ Ամովսի գիրքերէն աչքառու կէտեր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2007
  • Սիրտերը քննող Եհովան փնտռէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2004
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2013)
թծ 9/13 էջ 1

Օրինա՛կ առէք մարգարէներէն. Ամովս

1. Ինչո՞ւ կրնայ Ամովսի օրինակը քաջալերութեան աղբիւր մը ըլլալ մեզի։

1 Բնաւ զգացա՞ծ ես թէ քանի որ համեստ ենթահողէ եկած ես՝ քարոզելու որակեալ չես։ Եթէ այս է պարագան, կրնաս Ամովսի օրինակով քաջալերուիլ։ Ան հովիւ ու եղանակային աշխատաւոր մը ըլլալով հանդերձ, Եհովան զինք լիազօրեց կարեւոր պատգամ մը ծանուցանելու (Ամովս 1։1. 7։14, 15)։ Ինչպէս անցեալին, նոյնպէս ալ այսօր, Եհովան խոնարհներն ու համեստները կը գործածէ (Ա. Կոր. 1։27-29)։ Ուրիշ ի՞նչ դասեր կրնանք սորվիլ Ամովս մարգարէէն՝ ծառայութեան առնչութեամբ։

2. Ինչո՞ւ կրնանք ծառայութեան մէջ հակառակութեան դիմաց հաստատ մնալ։

2 Հակառակութեան դիմաց հաստա՛տ մնա։ Երբ Իսրայէլի հիւսիսային տասը–ցեղեան թագաւորութեան մէջ հորթ պաշտող քահանայ մը՝ Ամասիան, լսեց Ամովսի մարգարէանալը, ան առարկեց, կարծես թէ կ’ըսէր. ‘Երկի՛րդ գնա։ Մեզ ազա՛տ ձգէ։ Մենք մեր անձնական կրօնքը ունինք’ (Ամովս 7։12, 13)։ Ամասիան մարգարէին խօսքերը խեղաթիւրեց, մինչ Յերոբովամ թագաւորին առջեւ ներկայանալով կը ջանար Ամովսի գործը կասեցնել (Ամովս 7։7-11)։ Բայց Ամովս չվհատեցաւ։ Ներկայիս ալ, կարգ մը կղերականներ քաղաքական մարդոց օժանդակութիւնը կը փնտռեն՝ Եհովայի ժողովուրդը հալածելու համար։ Սակայն Եհովան մեզ կը հաւաստիացնէ, թէ մեզի վնասող ոչ մէկ գործիք մնայուն կերպով պիտի յաջողի (Եսա. 54։17)։

3. Ներկայիս, մեր ծանուցանած պատգամին երկու երեսակները ի՞նչ են։

3 Ծանուցանէ Աստուծոյ դատաստանն ու ապագայ օրհնութիւնները։ Թէեւ Ամովս Իսրայէլի տասը–ցեղեան թագաւորութեան դատաստանին մասին մարգարէացաւ, սակայն ան Աստուածաշունչին մէջ իր անունը կրող գիրքը եզրափակեց՝ նշելով վերահաստատումի եւ առատ օրհնութիւններու նկատմամբ Եհովայի խոստումը (Ամովս 9։13-15)։ Մենք ալ կը խօսինք Աստուծոյ գալիք ‘դատաստանի օրուան’ մասին, սակայն ասիկա միայն մէկ երեսակն է ‘Արքայութեան այն աւետարանին’, որ պէտք է ծանուցանենք (Բ. Պետ. 3։7. Մատ. 24։14)։ Արմագեդոնին, Եհովայի կողմէ ամբարիշտներուն սատակումը ճամբան պիտի յարդէ դրախտային երկրի մը (Սաղ. 37։34)։

4. Ինչո՞ւ վստահ ենք որ կրնա՛նք Եհովային կամքը կատարել։

4 Թագաւորութեան պատգամը քարոզելը աշխարհի մը մէջ ուր շատ հակառակորդներ կան, անկասկած փորձի տակ կը դնէ՝ մեր նուիրումին համաձայն ապրելու եւ Եհովայի կամքը կատարելու մեր վճռականութիւնը (Յովհ. 15։19)։ Այսուհանդերձ, վստահ ենք որ Եհովան պիտի շարունակէ մեզ որակեալ դարձնել որ իր կամքը կատարենք, ինչպէս որ Ամովսին ըրաւ (Բ. Կոր. 3։5)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել