Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 11/13 էջ 1
  • Օրինա՛կ առէք մարգարէներէն. Ովսէէ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Օրինա՛կ առէք մարգարէներէն. Ովսէէ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2013)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ովսէէի մարգարէութիւնը մեզի կ’օգնէ Աստուծոյ հետ քալելու
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2005
  • Ովսէէի գիրքէն աչքառու կէտեր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2007
  • Աստուծոյ հետ քալէ եւ բարիք հնձէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2005
  • «Տէրոջ ճամբաները ուղիղ են»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2005
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2013)
թծ 11/13 էջ 1

Օրինա՛կ առէք մարգարէներէն. Ովսէէ

1. Թերեւս դուն քեզի ի՞նչ հարցում ուղղած ես։

1 ‘Եհովային համար ի՞նչ զոհողութիւններ պատրաստ եմ ընելու’։ Թերեւս այս հարցումը դուն քեզի ուղղած ես, երբ Աստուծոյ առատ բարութեան ու ողորմութեան մասին կը խոկայիր (Սաղ. 103։2-4. 116։12)։ Ովսէէ սիրայօժար ըրաւ այն ինչ որ Եհովան իրեն պատուիրեց, թէեւ ասիկա ընելու համար իր անձը զոհեց։ Ինչպէ՞ս կրնանք Ովսէէն ընդօրինակել։

2. Քարոզչութեան մէջ յարատեւելու նկատմամբ ինչպէ՞ս կրնանք Ովսէէի լաւ օրինակին հետեւիլ։

2 Քարոզէ՛ դժուարին ժամանակներուն։ Ովսէէի պատգամը գլխաւորաբար ուղղուած էր իսրայէլի տասը ցեղեան թագաւորութեան, ուր ճշմարիտ պաշտամունքը գրեթէ ոտնակոխ եղած էր։ Յերոբովամ Բ. թագաւորը Եհովայի առջեւ չարութիւն ըրաւ եւ Յերոբովամ Ա.–ի սկսած հորթի պաշտամունքը շարունակեց (Դ. Թագ. 14։23, 24)։ Իրեն յաջորդող թագաւորները շարունակեցին տասը ցեղեան թագաւորութեան հոգեւոր վիճակը տկարացնել, մինչեւ որ թագաւորութիւնը կործանուեցաւ Ք.Ա. 740–ին։ Սակայն, հակառակ սուտ պաշտամունքի գոյատեւման, Ովսէէ հաւատարմօրէն որպէս մարգարէ ծառայեց առնուազն 59 տարի։ Մենք ալ վճռա՞ծ ենք իւրաքանչիւր տարի քարոզել, նոյնիսկ երբ անտարբերութիւն կամ հակառակութիւն կը դիմագրաւենք (Բ. Տիմ. 4։2)։

3. Ովսէէի կեանքը ինչպէ՞ս կը պատկերացնէր Եհովայի ողորմութիւնը։

3 Եհովային ողորմութեան վրայ կեդրոնացիր։ Եհովան Ովսէէին ըսաւ որ ‘պոռնկութեան կնոջ’ մը հետ ամուսնանայ (Ով. 1։2)։ Ովսէէի կինը՝ Գոմեր, իրմէ որդի մը ունեցաւ, բայց այնպէս կ’երեւայ թէ յետագային, ան ապօրինաբար երկու զաւակ ալ ծնաւ։ Իր կնոջ ներելու Ովսէէի պատրաստակամութիւնը կը պատկերացնէր կամակոր իսրայէլի հանդէպ Եհովայի մեծ ողորմութիւնը, երբ անոնք զղջացին (Ով. 3։1. Հռով. 9։22-26)։ Մենք ալ պատրա՞ստ ենք մեր նախընտրութիւնները մէկդի դնելու, որպէսզի Եհովայի ողորմութիւնը ամէն տեսակի մարդոց գիտցնենք (Ա. Կոր. 9։19-23)։

4. Թերեւս ի՞նչ կարգ մը զոհողութիւններ ընենք Եհովային համար։

4 Եհովայի կարգ մը ծառաները շահաբեր արհեստներ զոհած են, ծառայութեան աւելի ժամանակ տրամադրելու համար։ Ուրիշներ, ամուրի կամ անզաւակ մնացած են Թագաւորութեան շահերը հետապնդելու համար։ Երբ Ովսէէի կեանքին վրայ կը խոկանք, թերեւս մենք մեզի ըսենք. «Ես երբե՛ք չեմ կրնար ընել իր ըրածը»։ Սակայն, մինչ Եհովայի անարժան բարութեան հանդէպ մեր գնահատութիւնը կ’աւելնայ եւ Իր սուրբ հոգիին զօրութեան կ’ապաւինինք, ան կրնայ մեզ գործածել այնպիսի կերպերով, որ երբեք չէինք ակնկալեր, ճիշդ ինչպէս որ Ովսէէին հետ պատահեցաւ (Մատ. 19։26. Փլպ. 2։13)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել