Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 12/14 էջ 7
  • Պաշտամունքի համար նո՛ր երգեր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Պաշտամունքի համար նո՛ր երգեր
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2014)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ուրախութեամբ Եհովան փառաբանէ երգերով
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2018)
  • Պատրա՞ստ ես մեր ժողովներուն մէջ Եհովայի երգելու
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2009)
  • Եհովային գովերգենք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2010
  • Սերտելու համար առաջարկ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2023
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2014)
թծ 12/14 էջ 7

Պաշտամունքի համար նո՛ր երգեր

1 Շաբաթ, 4 հոկտեմբեր 2014–ին, Փէնսիլվանիոյ Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ թերթիկի ընկերութեան վերջին տարեկան համաժողովին ընթացքին, յայտարարուեցաւ թէ ծրագիրներ կան մեր արդի երգարանը վերստուգելու։ Ատիկա իսկապէս հետաքրքրաշարժ լուր մըն էր։ Բոլոր ներկաներուն շեշտուեցաւ թէ Թագաւորութեան երգերը պէտք է կարեւոր տեղ գրաւեն մեր պաշտամունքին մէջ (Սաղ. 96։2)։

2 Թերեւս հարց տաս. ‘Ինչո՞ւ անհրաժեշտ է երգարանը վերստուգել’։ Քանի մը պատճառներ կան։ Նախ, Սուրբ Գրութիւններու մեր հասկացողութիւնը կը շարունակուի զտումի ենթարկուիլ, եւ ասիկա կրնայ ազդել մեր երգերուն բառերուն (Առ. 4։18)։ Ուրիշ պատճառ մը այն է, թէ շատ մը արտայայտութիւններ, որոնք արդի երգարանին մէջ գործածուեցան, առնուած են Նոր աշխարհի թարգմանութեան նախկին տարբերակէն։ Այդ բառերը այժմ ճշդուած են, որպէսզի նոր տարբերակին համապատասխան ըլլան։ Քանի որ հսկայ աշխատանք կը տարուի երգերուն բառերը այժմէականացնելու, որոշում առնուեցաւ որ քանի մը երգ եւս աւելցուի երգարանին մէջ։

3 Նոր երգերը երգելու համար, պէտք է սպասենք որ նոր երգարա՞ն մը տպուի։ Ո՛չ։ Ուրախ ենք ձեզի տեղեկացնելու թէ գալիք ամիսներուն ընթացքին, նոր երգեր պիտի երեւին մեր կայքին մէջ՝ jw.org։ Երբ նոր երգ մը լոյս տեսնէ, պիտի յայտագրուի որ Ծառայութեան ժողովին վերջաւորութեան երգուի եւ անոր խորագրին քով գրուի՝ «նոր երգ»։

4 Նոր երգերը ինչպէ՛ս սորվիլ։ Նոր երգ մը սորվիլը կրնայ դժուար ըլլալ։ Բայց սաղմոսերգուին նման, կ’ուզենք ժողովներուն ընթացքին երգել եւ ‘չլռել’ (Սաղ. 30։12)։ Նոր երգ մը սորվելու համար, հետեւեալ պարզ քայլերուն հետեւէ.

• Կրկին անգամ ունկնդրէ դաշնամուրի ձայնագրութիւնը, որ կայքին մէջ պիտի դրուի։ Որքա՛ն աւելի երաժշտութիւնը լսես, այնքան դիւրաւ պիտի կարենաս զայն յիշել։

• Բառերը սորվէ եւ ջանա՛ զանոնք գոց սորվիլ։

• Երաժշտութիւնը դիր եւ երգը երգէ։ Այսպէս ըրէ մինչեւ որ երգը սորվիս։

• Քանի մը անգամ նոր երգերը փորձէ երգել Ընտանեկան պաշտամունքի նիստերուն ընթացքին, մինչեւ որ ընտանիքդ երգին տիրապետէ։

5 Գալիք ամիսներուն, երբ յայտագրուի որ նոր երգ մը երգուի Ծառայութեան ժողովի աւարտին, ժողովքը մէկ անգամ մտիկ պիտի ընէ դաշնամուրի ձայնագրութիւնը։ Ապա ներկաները երգը պիտի երգեն դաշնամուրի ձայնագրութեան ընկերակցութեամբ, ճիշդ ինչպէս որ միւս երգերը կ’երգենք։

6 Երբ պահ մը մտածես, կը նկատես թէ ժողովներուն ընթացքին երգելը մեզ կ’ուրախացնէ, քանի որ մեր ձայները կը միացնենք Եհովան գովերգելու։ Անոր համար, անհարկիօրէն մեր տեղերը ձգելը սովորութիւն չդարձնենք, երբ երգ մը ներկայացուի մեր քրիստոնէական ժողովներուն։

7 Ուրիշ կերպ մըն ալ կայ, որուն միջոցաւ կրնանք պատշաճ յարգանք ցոյց տալ մեր սուրբ երաժշտութեան։ Համաժողովներուն, իւրաքանչիւր նիստ սկսելէ առաջ միջանուագ մը կ’ըլլայ։ Տարին երկու անգամ, աշխարհի չորս ծագերէն նուիրուած եղբայրներ եւ քոյրեր իրենց հաշւոյն կը ճամբորդեն Փէթըրսըն, Նիւ Եորք, որպէսզի մեր պաշտամունքին համար գեղեցիկ երաժշտութիւն պատրաստեն։ Անոր համար, երբ ատենապետը մեզ հրաւիրէ որ մեր տեղերը գրաւենք եւ մտիկ ընենք նուագախումբին երաժշտութեան, ընդառաջե՛նք։ Ասիկա մեզի պիտի օգնէ, որ մեր սրտերը պատրաստենք՝ անկէ ետք տրուելիք դասախօսութիւններուն (Եզր. 7։10)։

8 Այսօրուան ժողովը պիտի փակենք նոր երգով մը, որուն խորագիրն է՝ «Թագաւորութիւնը կ’իշխէ. կ’աղօթենք՝ ‘Թող գա՛յ’»։ Այս երգը, որ վերջին տարեկան ժողովին ներկայացուեցաւ, մասնաւորաբար պատրաստուեցաւ նշելու Թագաւորութեան հաստատման 100–ամեակը։

9 Վստահաբար նոր երգերը «բարի բաներ» են Եհովայէն (Մատ. 12։35ա)։ Վճռենք այս նոր երգերը սորվիլ եւ զանոնք սրտանց երգել՝ մեր Աստուածը պատշաճ կերպով փառաբանելու եւ պատուելու համար (Սաղ. 147։1)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել