«Աստուծոյ Խօսքը ի՛նչ կ’ըսէ» գրքոյկը գործածէ, խօսակցութիւն մը սկսելու համար
1. Ծառայութեան համար ի՞նչ նոր գործիք ստացանք։
1 Ինչպէ՞ս կրնանք այս նոր գործիքը գործածել, երբ ծառայութեան համար ներկայացումներ կը պատրաստենք։ Քանի որ գրքոյկին մէջ իւրաքանչիւր աստուածաշնչական նիւթին տակ շարք մը համարներ նշուած են, ճիշդ ինչպէս որ Պատճառաբանել գիրքը ըրած է, անիկա խօսակցութիւն մը սկսելու համար շատ գործնական կրնայ ըլլալ։
2. Ինչպէ՞ս կրնանք «Աստուծոյ Խօսքը ի՛նչ կ’ըսէ» գրքոյկը գործածել ծառայութեան մէջ։
2 Թերեւս գործածես 8–րդ հարցումը եւ ըսես. «Մարդոց կ’այցելենք, քանի որ շատեր հարց կու տան. ‘Մարդոց տառապանքին պատճառը Աստուա՞ծ է’։ [Կարգ մը թաղամասերու մէջ աւելի ազդու պիտի ըլլայ հարցումը ցուցնել տանտիրոջ։] Ի՞նչ է ձեր կարծիքը։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Աստուածաշունչը այս հարցումին համոզիչ պատասխան մը կու տայ»։ Ուղղակի Աստուածաշունչէն կարդա՛ ու քննարկէ մէջբերուած համարներէն մէկը կամ աւելին։ Եթէ տանտէրը հետաքրքրուի, կրնաս իրեն ցոյց տալ նախաբանին մէջ նշուած 20 հարցումները եւ իրմէ խնդրել որ ընտրէ հարցում մը, յաջորդ այցելութեան քննարկելու համար։ Կամ ալ կրնաս առաջարկել մեր ուսումնասիրութեան հրատարակութիւններէն մէկը, որ քննարկած նիւթիդ մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ կու տայ։
3. Ինչպէ՞ս կրնանք «Աստուծոյ Խօսքը ի՛նչ կ’ըսէ» գրքոյկը գործածել խօսակցութիւն սկսելու այն թաղամասերուն մէջ, ուր մարդիկ ոչ–քրիստոնեայ կրօնքի կը պատկանին։
3 4–րդ եւ 13-17–րդ հարցումները գործածելը մասնաւորաբար գործնական է, երբ կը քարոզենք այն թաղամասերուն մէջ՝ ուր մարդիկ ոչ–քրիստոնեայ կրօնքի կը պատկանին։ Օրինակ, կրնաս 17–րդ հարցումին առնչուող տեղեկութիւնները գործածելով ըսել. «Մենք ընտանիքներուն կ’այցելենք։ Կը համաձայնի՞ք թէ ներկայիս ընտանիքներ զանազան դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Շատ մը զոյգեր օգտուած են այս իմաստուն խօսքերէն. ‘Կինը իր այրէն ակնածի’։ [Հարկ չունիս նշելու թէ ասիկա Եփեսացիս 5։33–էն առնուած է։ Եթէ կնոջ մը հետ կը խօսիս, կրնաս գործածել Եփեսացիս 5։28–ի խօսքերը։] Կը կարծէ՞ք թէ այս խրատը ամուսնութեան մէջ օգտակար է»։
4. Երբ ոչ–քրիստոնեայ կրօնքի պատկանող անհատի մը հետ կը խօսակցիս, խօսակցութեան աւարտին ի՞նչ կրնաս ընել։
4 Խօսակցութեան աւարտին, կարգադրութիւն ըրէ որ յաջորդ հանդիպումին քննարկութիւնը շարունակես։ Թերեւս ծրագրես գործածած հարցումիդ առնչուող մէկ այլ համարի մասին խօսիլ։ Յարմար ատենին տանտիրոջ գիտցուր թէ այն իմաստուն խօսքերը որոնք իրեն հետ կը բաժնէիր՝ Աստուածաշունչէն են։ Անհատին հետ ունեցած նախկին քննարկութիւններուդ եւ Աստուածաշունչին հանդէպ իր ունեցած տեսակէտին վրայ հիմնուելով՝ առաջարկէ հրատարակութիւն մը, որ ըստ քեզի զինք պիտի հետաքրքրէ (տե՛ս Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին դեկտեմբեր 2013 թիւին շրջանակները)։