Ուսուցանելու մեր գործիքներու տուփը
1. Քրիստոնեայ քարոզիչները ի՞նչ առումով արհեստաւորներու նման են։
1 Արհեստաւորները զանազան գործիքներ կը գործածեն։ Կարգ մը գործիքներ մասնայատուկ գործերու համար ատեն–ատեն կը գործածուին, իսկ ուրիշ հիմնական գործիքներ շատ աւելի կը գործածուին։ Փորձառու արհեստաւորներ միշտ իրենց գործիքներու տուփին մէջ կ’ունենան այս հիմնական գործիքները, որոնք հմտօրէն կը գործածեն։ Աստուածաշունչը իւրաքանչիւր քրիստոնեայ կը քաջալերէ որ ծառայութեան մէջ ջանք թափէ եւ ‘այնպիսի բանուոր մը ըլլայ, որ պիտի չամչնայ ճշմարտութեան խօսքը շիտակ բացատրելու’ (Բ. Տիմ. 2։15)։ Մեր գործիքներու տուփին մէջ, ամէնէն կարեւոր գործիքը ո՞րն է։ Անիկա Աստուածաշունչն է, որ կը գործածենք ‘աշակերտելու’ համար (Մատ. 28։19, 20)։ Ուստի պէտք է ջանանք հմուտ ըլլալ, որպէսզի ‘ճշմարտութեան խօսքը շիտակ բացատրենք’։ Բայց մեր գործիքներու տուփին մէջ կան յաճախակի գործածութիւն ունեցող ուրիշ գործիքներ, որոնք բոլոր քրիստոնեաները պէտք է սորվին հմտութեամբ գործածել՝ մարդոց ճշմարտութիւնը սորվեցնելու համար (Առ. 22։29)։
2. Ուսուցանելու մեր հիմնական գործիքները ի՞նչ են։
2 Ուսուցանելու մեր հիմնական գործիքները։ Աստուածաշունչէն զատ, ուրիշ ի՞նչ գործիքներ պէտք է գործածենք։ Աստուածաշնչական ճշմարտութիւններ սորվեցնելու համար, մեր գլխաւոր գործիքն է՝ Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքը։ Աշակերտին հետ այս գիրքը աւարտելէ ետք, կը գործածենք «Անձերնիդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք» գիրքը, իրեն սորվեցնելու որ աստուածաշնչական սկզբունքները կիրարկէ իր առօրեայ կեանքին մէջ։ Ուստի այս երկու գիրքերը գործածելու մէջ պէտք է հմուտ ըլլանք։ Կարգ մը գրքոյկներ ալ պէտք է ուսուցանելու մեր գործիքներու տուփին մէջ ըլլան։ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար, Աստուծոյ կողմէ ուրախ լուրեր գրքոյկը մեր գլխաւոր գործիքներէն մէկն է։ Եթէ մեր թաղամասին մէջ կան անհատներ, որոնք կարդալու սահմանափակ կարողութիւն ունին, կրնանք գործածել Աստուծոյ մտիկ ըրէ եւ յաւիտեան պիտի ապրիս գրքոյկը։ Նոյն գրքոյկը կրնանք գործածել այն անհատներուն հետ, որոնց լեզուով շատ քիչ հրատարակութիւններ կան կամ բնաւ չկան։ Աշակերտները կազմակերպութեան ուղղելու հիմնական գործիքն է՝ Ներկայիս Եհովայի կամքը որո՞նք կը կատարեն գրքոյկը։ Պէտք է նաեւ սորվինք լաւ կերպով գործածել աշակերտելու համար օգտակար տեսաերիզներ, ինչպէս՝ Ինչո՞ւ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել, Թագաւորութեան սրահին մէջ ի՞նչ կ’ըլլայ եւ Աստուած անուն ունի՞։
3. Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին գալիք թիւերը մեզի պիտի օգնեն ի՞նչ ընելու։
3 Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին գալիք թիւերը մեզի պիտի օգնեն որ ուսուցանելու մեր գործիքներու տուփին մէջ գտնուող շատ մը հիմնական հրատարակութիւններ գործածելու մէջ հմուտ ըլլանք։ Մինչ կը ջանանք այս գործիքները հմտութեամբ գործածել, հետեւած կ’ըլլանք ներշնչեալ խրատին. «Զգուշութիւն ըրէ քու անձիդ ու վարդապետութեանդ ու միշտ ատո՛նց մէջ կեցիր. քանզի այդպէս ընելով՝ քեզ ալ պիտի ապրեցնես ու զանոնք ալ, որոնք քեզի մտիկ կ’ընեն» (Ա. Տիմ. 4։16)։