Օրինա՛կ առէք մարգարէներէն. Ամբակում
1. Ինչո՞ւ թերեւս Ամբակումին պէս զգանք։
1 Մինչ աշխարհի մէջ չարութիւնը ա՛լ աւելի կը շատնայ, թերեւս Ամբակումին պէս զգանք, որ Եհովային հարցուց. «Ինչո՞ւ անօրէնութիւնը կը ցուցնես եւ նեղութիւնը կ’երեւցնես» (Ամբ. 1։3. Բ. Տիմ. 3։1, 13)։ Մինչ Աստուծոյ դատաստանի օրուան կը սպասենք, Ամբակումի պատգամին եւ իր հաւատարիմ օրինակին վրայ խոկալը կրնայ մեզ կազդուրել (Բ. Պետ. 3։7)։
2. Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ որ ներկայիս հաւատարմութեամբ կ’ապրինք։
2 Հաւատարմութեամբ ապրիլ։ Փոխանակ իր պարագաներուն պատճառաւ ինքն իր վրայ խղճալու, Ամբակումը շարունակեց հոգեւորապէս զգաստ եւ գործունեայ ըլլալ (Ամբ. 2։1)։ Եհովան մարգարէին վստահեցուց թէ Իր խօսքը ճիշդ ժամանակին պիտի կատարուի, եւ թէ «արդարը իր հաւատքովը [«իր հաւատարմութեան շնորհիւ», ՆԱ] պիտի ապրի» (Ամբ. 2։2-4)։ Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ վերջին օրերուն մէջ ապրող քրիստոնեաներուն համար։ Աւելի կարեւոր է համոզուած ըլլալը թէ վերջը պիտի գայ, քան թէ գիտնալը թէ անիկա ե՛րբ պիտի գայ։ Հաւատքը մեզի թոյլ կու տայ որ արթուն ըլլանք եւ ծառայութեան նախապատուութիւն տանք (Եբ. 10։38, 39)։
3. Ինչո՞ւ Եհովային ծառայելու մեր ուրախութիւնը պէտք է պահպանենք։
3 Եհովայով ուրախանալ։ Երբ Մագոգի Գոգը Եհովայի ժողովուրդին վրայ յարձակի, մեր հաւատքը փորձի պիտի ենթարկուի (Եզեկ. 38։2, 10-12)։ Ընդհանրապէս երբ բախում մը ըլլայ, նոյնիսկ յաղթողները կրնան դժուարութիւններ ունենալ։ Կրնայ ըլլալ որ ուտելիքի պակաս ըլլայ, մարդիկ կրնան իրենց ստացուածքը կորսնցնել եւ կենսամակարդակը կրնայ իջնել։ Երբ դժուարութիւններ ծագին, ինչպէ՞ս պիտի հակազդենք։ Ամբակումը դժուարութիւններ կ’ակնկալէր, անոր համար վճռեց իր ուրախութիւնը պահպանել՝ Եհովային ծառայելով (Ամբ. 3։16-19)։ «Տէրոջը ուրախութիւնը» մեզի ալ պիտի օգնէ, որ գալիք փորձութիւններուն տոկանք (Նէ. 8։10. Եբ. 12։2)։
4. Ի՞նչ ուրախութիւն կրնանք վայելել հիմա եւ ապագային։
4 Եհովայի գալիք դատաստանի օրուընէ վերապրողները պիտի շարունակեն Աստուծոյ ընդունելի ապրելակերպին համաձայն դաստիարակուիլ (Ամբ. 2։14)։ Յարուցեալներն ալ Եհովայի մասին պիտի սորվին։ Թող որ հիմակուընէ իսկ, ամէն պատեհութիւն օգտագործենք ուրիշներուն խօսելու Եհովային եւ իր սքանչելի գործերուն մասին (Սաղ. 34։1. 71։17)։