ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԵԶՐԱՍ 6-10
Եհովան յօժարակամ ծառաներ կ’ուզէ
Եզրաս Երուսաղէմ վերադառնալու համար պատրաստութիւններ տեսաւ
Եզրաս Արտաշէս թագաւորէն արտօնութիւն կ’առնէ որ Երուսաղէմ վերադառնայ Եհովային պաշտամունքը յառաջացնելու համար
Թագաւորը Եզրասին կը շնորհէ անոր «ամէն խնդրածը» Եհովային տունին համար,– ոսկի, արծաթ, ցորեն, գինի, իւղ եւ աղ, որոնց ընդհանուր արժէքը աւելի քան 100,000,000 ամերիկեան տոլար է արդի արժէքով
Եզրաս վստահ էր որ Եհովան իր ծառաները կը պաշտպանէ
Երուսաղէմ վերադառնալը դժուար պիտի ըլլար
Հաւանական ուղին գրեթէ 1600 քմ. էր եւ վտանգաւոր վայրեր կը պարփակէր
Ճամբորդութիւնը շուրջ 4 ամիս տեւեց
Վերադարձողները պէտք ունէին զօրաւոր հաւատքի, ճշմարիտ պաշտամունքի հանդէպ նախանձախնդրութեան եւ քաջութեան
ԵԶՐԱՍ ԻՐԵՆ ՀԵՏ ԱՌԱՒ. . .
ոսկի եւ արծաթ, որոնք կը կշռէին աւելի քան 750 տաղանդ կամ շուրջ 3 չափահաս ափրիկեան արու փիղ
ՎԵՐԱԴԱՐՁՈՂՆԵՐՈՒՆ ԴԻՄԱԳՐԱՒԱԾ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐԸ. . .
Ձիով յարձակող խումբեր, անապատային տարածքներ, գիշատիչ անասուններ