Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտ16 Ապրիլ էջ 3
  • Ուրիշները քաջալերէ եւ զօրացուր ազնիւ խօսքերով

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ուրիշները քաջալերէ եւ զօրացուր ազնիւ խօսքերով
  • Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2016)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Յոբ համբերեց, մենք ալ կրնանք համբերել
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1995
  • Յոբ Եհովայի անունը մեծարեց
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2009
  • Յոբայ գիրքէն աչքառու կէտեր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2006
  • Օրինակելի մարդ մը որ սրբագրութիւնը ընդունեց
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
Տես աւելին
Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2016)
ժտ16 Ապրիլ էջ 3

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՅՈԲ 16-20

Ուրիշները քաջալերէ եւ զօրացուր ազնիւ խօսքերով

Խրատատուի մը խօսքերը պէտք է ուրիշները զօրացնեն

16։4, 5

  • Յոբ ընկճուած եւ վշտացած զգաց, ուստի պէտք ունէր ուրիշներուն օգնութեան եւ քաջալերանքին

  • Յոբին երեք բարեկամները մխիթարական խօսքեր չըսին։ Ընդհակառակը, անոնք զինք ամբաստանեցին եւ իր մտահոգութիւնը աւելցուցին

Բաղդատի անազնիւ խօսքերը պատճառ դարձան որ Յոբ նեղութեան մէջ աղաղակէ

19։2, 25

  • Յոբ Աստուծոյ աղաղակեց որ ձեւով մը զինք հանգստացնէր,– նոյնիսկ եթէ ատիկա նշանակէր մեռնիլ

  • Յոբ յարութեան յոյսին վրայ կեդրոնացաւ եւ շարունակեց հաւատարմօրէն տոկալ

Եղիփազ Յոբին հետ կը խօսի մինչ Բաղդատ եւ Սոփար կը դիտեն

ՅՈԲԸ ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՂՆԵՐԸ

Եղիփազ

Եղիփազ

  • Եղիփազ հաւանաբար Եդովմի երկրի Թեմանէն էր։ Երեմիա 49։7–ին մէջ կ’ըսուի թէ Թեման եդովմայեցիներու իմաստութեան կեդրոնն էր

  • Հաւանաբար «մխիթարիչներ»ուն մէջ ամէնէն տարեցը եւ ամէնէն հեղինակաւորն էր. ան առաջին խօսք առնողն էր։ Եղիփազ 3 անգամ խօսք առաւ եւ միւս 2 տղամարդոցմէն աւելի երկար խօսեցաւ

Սխալ ամբաստանութիւններ

  • Յոբի ուղղամտութիւնը ծաղրանքի առարկայ դարձուց եւ ըսաւ որ Աստուած իր ծառաներուն չի հաւատար (Յոբ 4, 5)

  • Յոբը ամբարտաւան եւ չար կոչեց եւ ըսաւ որ ան Աստուծմէ չէր վախնար (Յոբ 15)

  • Յոբը ամբաստանեց որպէս ագահ եւ անարդար անձ մը եւ ըսաւ որ մարդ արարածը Աստուծոյ օգուտ մը չունի (Յոբ 22)

Բաղդատ

Բաղդատ

  • Սովին շառաւիղէն էր։ Ան թերեւս Եփրատ գետի ափին կ’ապրէր

  • Երկրորդ խօսողն էր։ Եղիփազի ըսածներուն հետ համեմատած, անոր խօսքերը աւելի կարճ եւ վիրաւորական էին

Սխալ ամբաստանութիւններ

  • Ըսաւ որ Յոբի որդիները մեղանչած էին եւ արժանի էին այն աղէտին որ զիրենք հարուածեց եւ թէ Յոբ անբարեպաշտ էր (Յոբ 8)

  • Ըսաւ որ Յոբ Աստուած չէր ճանչնար (Յոբ 18)

  • Ըսաւ որ մարդ արարածին ուղղամտութիւնը ի զուր է (Յոբ 25)

Սոփար

Սոփար

  • Նաամացի մը, հաւանաբար հիւսիս–արեւմտեան Արաբիայէն

  • Երրորդ խօսողն էր եւ ամէնէն կոպիտ ամբաստանողը։ Ան միայն 2 անգամ խօսք առաւ

Սխալ ամբաստանութիւններ

  • Ամբաստանեց թէ Յոբ պարապ խօսքեր կ’ըսէր եւ իրեն ըսաւ որ իր գէշ սովորութիւնները մէկդի ձգէ (Յոբ 11)

  • Ըսաւ որ Յոբ չար էր եւ մեղանչելով կ’ուրախանար (Յոբ 20)

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել