ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՍԱՂՄՈՍ 135-141
Զարմանալի կերպով ստեղծուած ենք
Դաւիթ խոկալով կրցաւ Աստուծոյ յատկութիւնները տեսնել Անոր ստեղծագործութեան ընդմէջէն։ Ան ինքնավստահօրէն իր ամբողջ կեանքի տեւողութեան Եհովային ծառայեց։
Երբ Դաւիթ ստեղծագործութեան վրայ խոկաց, ան մղուեցաւ Եհովան փառաբանելու.
«Կը գոհանամ քեզմէ, որ ահաւոր ու զարմանալի կերպով ստեղծուեցայ»
«Իմ գոյութիւնս չծածկուեցաւ քեզմէ, երբ գաղտուկ տեղը շինուեցայ, երկրի խորութիւններուն մէջ ճարտարութեամբ կազմուեցայ»
«Քու աչքերդ իմ անկատար կազմուածքս տեսան ու անդամներուս բոլորը քու գրքիդ մէջ գրուած էին»