ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԱՌԱԿԱՑ 27-31
Աստուածաշունչը կը նկարագրէ առաքինի կինը
Առակաց 31–ը Լեմուէլ թագաւորին ուղղուած կարեւոր պատգամ մըն է իր մօր կողմէ։ Իր մօր իմաստուն խրատները իրեն սորվեցուցին ի՛նչ փնտռել առաքինի կնոջ մը մէջ։
Առաքինի կինը վստահելի է
Ընտանեկան որոշումներու նկատմամբ, ան արժէքաւոր թելադրութիւններ կու տայ, բայց միեւնոյն ատեն իր ամուսինին ենթարկուող կը մնայ
Իր ամուսինը վստահ է որ ան իմաստուն որոշումներ պիտի առնէ եւ չի պնդեր որ իր կինը ամէն բանի մէջ իր հաւանութիւնը ստանայ
Առաքինի կինը աշխատասէր է
Ան խնայող է, եւ համեստ ապրելակերպ ունի, ինչ որ թոյլ կու տայ որ իր ընտանիքը կարենայ մաքուր ու կոկիկ հագուիլ եւ լաւ սնուցանուիլ
Ան ծանր կ’աշխատի եւ գիշեր–ցերեկ իր տան վրայ կը հսկէ
Առաքինի կինը հոգեւոր է
Ան աստուածավախ է եւ անձնական փոխյարաբերութիւն կը մշակէ Աստուծոյ հետ