Բարի լուրը քարոզել Կանայի մէջ
Ներկայացումի նմոյշներ
ԴԻՏԱՐԱՆ
Հարցում։ Կարգ մը մարդիկ կ’ըսեն որ Սուրբ Գիրքը յետամնաց գիրք մըն է, ուրիշներ ալ կ’ըսեն որ անիկա տակաւին արժէքաւոր է։ Ձեր կարծիքը ի՞նչ է։
Համար։ Բ. Տիմ. 3։16, 17
Ներկայացում։ Դիտարան–ի այս թիւը ցոյց կու տայ որ Սուրբ Գիրքը որքա՛ն իմաստուն խրատներ ունի եւ Սուրբ Գիրքէն օգտուելու առաջարկներ կու տայ։
ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ՍՈՐՎԵՑՈՒՐ
Հարցում։ Աշխարհին վերջը մօ՞տ է։
Համար։ Մատ. 24։3, 7, 14
Ճշմարտութիւն։ Աստուածաշունչին մարգարէութիւնները ցոյց կու տան որ վերջին օրերուն մէջ կ’ապրինք։ Բայց ասիկա ուրախ լուր մըն է, քանի որ կը նշանակէ որ աւելի լաւ ժամանակներ կը սպասեն մեզի։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԿԸ ՍՈՐՎԵՑՆԷ
Հարցում։ Ձեր կարծիքով տրամաբանակա՞ն է հաւատալ որ ստեղծիչ մը կայ, թէ ոչ կեանքը դիպուածով մէջտեղ եկաւ։
Ներկայացում։ Այս գիրքը ցոյց կու տայ, որ ի՛նչ բաներ շատերը մղած են որ Ստեղծիչի մը գոյութեան հաւատան (Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գլ. 1, պարբ. 17)։
ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԴ ՊԱՏՐԱՍՏԷ
Վերոնշեալ օրինակներուն ձեւը գործածէ, անձնական ներկայացումդ պատրաստելու համար։