Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտ17 Փետրուար էջ 8
  • Զաւակներուդ օգնէ որ Ստեղծիչին հանդէպ անխախտ հաւատք կերտեն

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Զաւակներուդ օգնէ որ Ստեղծիչին հանդէպ անխախտ հաւատք կերտեն
  • Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2017)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Յաւելեալ օգնութիւն ընտանիքներուն
    Զարթի՛ր 2018
  • Օգնութիւն մատչելի է
    Զարթի՛ր 2020
  • Անոնք նախապաշարումին դրած պատը քանդեցին
    Զարթի՛ր 2020
  • Կեանքը ինչպէ՞ս սկսաւ
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
Տես աւելին
Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2017)
ժտ17 Փետրուար էջ 8

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Զաւակներուդ օգնէ որ Ստեղծիչին հանդէպ անխախտ հաւատք կերտեն

Ստեղծագործութիւնը Եհովային փառքը կը պատմէ (Սաղ. 19։1-4. 139։14)։ Բայց Սատանային աշխարհը յառաջ կը մղէ Աստուած անպատուող տեսութիւններ կեանքին ծագումին մասին (Հռով. 1։18-25)։ Ինչպէ՞ս կրնաս արգիլել այսպիսի գաղափարներ զաւակներուդ մտքին ու սրտին մէջ արմատ կապելէ։ Անոնց օգնէ որ իրենց կանուխ տարիքէն հաւատան որ Եհովան գոյութիւն ունի եւ անհատապէս իրենցմով հետաքրքրուած է (Բ. Կոր. 10։4, 5. Եփ. 6։16)։ Փորձէ գիտնալ որ ի՛նչ կը մտածեն դպրոցին մէջ իրենց սորված բաներուն մասին, եւ մեր շատ մը գործիքները գործածէ որ անոնց սրտին հասնիս (Առ. 20։5. Յակ. 1։19)։

Հայր մը իր զաւակներուն կը սորվեցնէ ստեղծագործութեան մասին. դասարանի մը մէջ աշակերտները բարեշրջութեան մասին կը սորվին. Տարեկիցներդ ի՛նչ կ’ըսեն. Աստուծոյ հաւատալ

ԴԻՏԷ ՏԱՐԵԿԻՑՆԵՐԴ Ի՛ՆՉ Կ’ԸՍԵՆ. ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀԱՒԱՏԱԼ ՏԵՍԱԵՐԻԶԸ ԵՒ ՅԵՏՈՅ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐԸ ՆԿԱՏԻ ԱՌ.

  • Աստուծոյ գոյութեան շուրջ շատեր ի՞նչ կ’ըսեն։

  • Դպրոցիդ մէջ ի՞նչ կը սորվեցնեն։

  • Ի՞նչ բան քեզ կը համոզէ որ Եհովան գոյութիւն ունի։

  • Ինչպէ՞ս կրնաս օգնել մէկու մը, որ տեսնէ թէ Աստուած ամէն բան ստեղծեց։

ՈՒՐԻՇ ԳՈՐԾԻՔՆԵՐ

• «Աստուածաշունչի դասերս» (3 տարեկան եւ նուազ) JW.ORG կայքի յօդուածաշարքը

• Եհովային ընկերը եղիր. Եհովան ամէն բան ստեղծեց տեսաերիզը

• «Արդեօք պատահականութի՞ւն է» Զարթի՛ր–ի յօդուածաշարքը

• «Ինչո՞ւ Աստուծոյ կը հաւատամ» JW.ORG կայքի վարժութիւնը

• «Ստեղծագործութի՞ւն կամ բարեշրջութիւն» (4 մասեր) JW.ORG կայքի յօդուածաշարքը

• «Կեանքին ծագումին մասին տեսակէտներ» JW Հեռատեսիլի կայանի տեսաերիզներու շարքը

• Ստեղծագործութեան սքանչելիքները Աստուծոյ փառքը կը յայտնեն տեսաերիզը

• Կեանքը ստեղծագործութեա՞մբ գոյացաւ գրքոյկը

• Հոգատար Ստեղծիչ մը գոյութիւն ունի՞ գիրքը

Կեանքին ծագումը. հինգ հարցումներ, որոնք կ’արժէ քննել

Կեանքին ծագումը. հինգ հարցումներ, որոնք կ’արժէ քննել

Այս գրքոյկը պատրաստուած է օգնելու յատկապէս Վկայ պատանիներուն, որոնք դպրոցին մէջ բարեշրջութեան մասին կը սորվին։ Այս գրքոյկը կրնանք տալ նաեւ անոնց, որոնք կ’ուզեն խորապէս քննել Ստեղծիչի մը գոյութեան ապացոյցները։

Վերոնշեալները մատչելի են անգլերէնով, բացի Եհովան ամէն բան ստեղծեց տեսաերիզէն, որ արեւմտահայերէնով մատչելի է։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել