ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԵՐԵՄԻԱ 51-52
Եհովային ըսածը մանրամասնօրէն կը կատարուի
Եհովան մարգարէացաւ որ ապագային ճիշդ ի՛նչ պիտի ըլլայ
Պարսիկ արքայական պահակախումբին մէկ աղեղնաւորը
«Նետերը փայլեցուցէ՛ք»
Մարերն ու պարսիկները վարպետ աղեղնաւորներ էին եւ աղեղը իրենց գլխաւոր զէնքն էր։ Անոնք իրենց նետերը սրելով կը փայլեցնէին որ թշնամիին մարմինին խորքը մտնեն
«Բաբելոնի զօրաւոր մարդիկը պատերազմէն դադարեցան»
Նաբունիտոսի Մնացորդացը կ’ըսէ. «Կիւրոսին բանակը Բաբելոն մտաւ առանց պատերազմ ընելու»։ Ասիկա Երեմիայի մարգարէութեան հետ ներդաշնակ է
Նաբունիտոսի Մնացորդացը
«Բաբելոն աւերակի դէզեր [եւ] յաւիտենական ամայութիւն պիտի ըլլայ»
Ք.Ա. 539–էն սկսեալ, Բաբելոնին փառքը սկսաւ նուազիլ։ Մեծն Աղեքսանդր միտք ունէր Բաբելոնը իր կայսրութեան մայրաքաղաքը դարձնել, բայց ան յանկարծ մեռաւ։ Առաջին դարուն, հոն տակաւին հրեաներու գաղութ մը կար, ինչ որ պատճառ դարձաւ որ Պետրոս առաքեալ Բաբելոն այցելէ։ Բայց Ք.Ե. 4–րդ դարուն, քաղաքը արդէն փլատակ եղած էր եւ ի վերջոյ գոյութենէ դադրեցաւ