Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտ18 Փետրուար էջ 7
  • Ծառայութեան մէջ հմտութիւնդ բարելաւէ. Ազդու հարցումներ հարցնել

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծառայութեան մէջ հմտութիւնդ բարելաւէ. Ազդու հարցումներ հարցնել
  • Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2018)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Հարցումներու Ազդու Գործածութիւն
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Աւետարանիչի դերդ կատարէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
  • Հարցումներ գործածել
    Աւելի լաւ կարդանք եւ սորվեցնենք
  • Ներատեսութեամբ եւ համոզումով ուսուցանեցէք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
Տես աւելին
Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2018)
ժտ18 Փետրուար էջ 7

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Ծառայութեան մէջ հմտութիւնդ բարելաւէ. Ազդու հարցումներ հարցնել

ԻՆՉՈ՛Ւ ԿԱՐԵՒՈՐ Է։ Եթէ «մարդու մը սրտին խորհուրդը խորունկ ջուրերու պէս է», ուրեմն հարցումներն ալ այդ խորհուրդը դուրս հանելու դոյլի մը պէս են (Առ. 20։5)։ Հարցումները կ’օգնեն, որ մեզի մտիկ ընողները քննարկուած նիւթին մասնակցին։ Ընդհանրապէս երբ լաւ ընտրուած հարցումներ հարցնենք, անհատին պատասխանը կրնայ մեզի գաղափար տալ իր մտածումներուն մասին։ Յիսուս ազդու հարցումներ հարցուց։ Ինչպէ՞ս կրնանք իր օրինակին հետեւիլ։

Յիսուս իր աշակերտներէն մէկուն հարցում մը կը հարցնէ

ԻՆՉՊԷ՛Ս ԸՆԵԼ։

  • Անհատին կարծիքը հարցուր նիւթի մը շուրջ։ Յիսուս ետեւ–ետեւի հարցումներ հարցուց՝ իր աշակերտներուն կարծիքը գիտնալու համար (Մատ. 16։13-16. կօ էջ 238 պարբ. 3-5)։ Ի՞նչ հարցումներ կրնաս ուղղել անհատին կարծիքը գիտնալու համար։

  • Հարցումները այնպէս մը հարցուր, որ անհատին օգնես որ ճիշդ եզրակացութեան հասնի։ Պետրոսին մտածումը սրբագրելու համար, Յիսուս հարցումներ հարցուց եւ հաւանական պատասխաններ տուաւ, ինչ որ Պետրոսին օգնեց որ ճիշդ եզրակացութեան հասնի (Մատ. 17։24-25)։ Ի՞նչ հարցումներ կրնաս հարցնել, որ անհատը ճիշդ եզրակացութեան հասնի։

  • Անհատը գովէ։ Երբ դպիր մը «խելացութիւնով պատասխան տուաւ», Յիսուս զինք գովեց (Մար. 12։34)։ Ինչպէ՞ս կրնաս անհատ մը գովել, երբ հարցումիդ պատասխանէ։

Յարգալից եղիր։ Յիսուսին ունեցած հեղինակութիւնը չունինք։ Անոր համար, պէտք է մանաւանդ յարգանք ցոյց տանք տարեցներուն, մարդոց՝ որոնք չենք ճանչնար եւ հեղինակաւոր մարդոց (Ա. Պետ. 2։17)։

ԴԻՏԷ ՅԻՍՈՒՍԻՆ ԸՐԱԾ ԳՈՐԾԸ ԸՐԷ. ԱԶԴՈՒՕՐԷՆ ՍՈՐՎԵՑՈՒՐ ՎԻՏԷՈՅԻՆ ԱՌԱՋԻՆ ՄԱՍԸ, ԵՒ ՅԵՏՈՅ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ։

  • Այս կերպը ինչո՞ւ լաւ ուսուցման կերպ չէ, հակառակ անոր որ հրատարակիչը ճշգրիտ տեղեկութիւն կու տայ։

  • Ինչո՞ւ պէտք է պարզապէս տեղեկութիւն մը բացատրելէն աւելին ընենք։

ԴԻՏԷ ՅԻՍՈՒՍԻՆ ԸՐԱԾ ԳՈՐԾԸ ԸՐԷ. ԱԶԴՈՒՕՐԷՆ ՍՈՐՎԵՑՈՒՐ ՎԻՏԷՈՅԻՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ՄԱՍԸ, ԵՒ ՅԵՏՈՅ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ։

  • Եղբայրը ինչպէ՞ս ազդու հարցումներ հարցուց։

  • Իր ուսուցման ուրիշ ո՞ր կերպերէն կրնանք օգտուիլ։

Մարդ մը կը շուարի երբ վատ կերպով ուսուցում կ’առնէ. մարդ մը յստակօրէն ճշմարտութիւնը կը տեսնէ երբ իրեն լաւ ուսուցում կը տրուի

Մեր սորվեցուցած կերպը ի՞նչ ազդեցութիւն ունի ուրիշներուն վրայ (Ղուկ. 24։32)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել