ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԳՈՐԾՔ 23-24
Կ’ամբաստանուի որպէս ապականիչ եւ խռովարար
Երուսաղէմի հրեաներէն ոմանք «ինքզինքնին անէծքի տակ դրին» որ Պօղոսը սպաննեն (Գործք 23։12)։ Բայց Եհովային կամքն էր որ Պօղոս Հռոմ երթայ վկայութիւն տալու համար (Գործք 23։11)։ Պօղոսին քրոջ որդին լսեց այդ հրեաներուն ծրագիրը եւ Պօղոսին պատմեց։ Այսպիսով այս երիտասարդը Պօղոսին սպանութեան արգելք եղաւ (Գործք 23։16)։ Այս պատմութիւնը քեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ։
Ի՞նչ կը պատահի երբ մարդիկ փորձեն Աստուծոյ կամքին դէմ քայլեր առնել։
Աստուած որո՞նց կամ ինչի՞ միջոցաւ կրնայ մեզի օգնել։
Ի՞նչ դաս կրնաս քաղել քաջութեան մասին։