ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Մեր գործունէութիւնը կ’օրինականացուի Քեպէքի մէջ
Երբ Պօղոս կը դատուէր, Կայսրին բողոքեց։ Որպէս հռոմայեցի քաղաքացի իր իրաւունքը օգտագործելով, Պօղոս մեզի օրինակ դարձաւ։ Դիտէ Մեր գործունէութիւնը կ’օրինականացուի Քեպէքի մէջ վիտէոն եւ տես թէ ինչպէ՛ս մեր եղբայրները օրինական կարգադրութիւններ օգտագործեցին բարի լուրը պաշտպանելու համար Քեպէքի մէջ։ Յետոյ պատասխանէ այս հարցումներուն.
Մեր եղբայրները ի՞նչ դժուարութիւններ դիմագրաւեցին Քեպէքի մէջ։
Անոնք ո՞ր մասնայատուկ թերթիկը բաշխեցին եւ ի՞նչ արդիւնքով։
Ի՞նչ պատահեցաւ եղբայր Էմէ Պուշէին հետ։
Քանատայի բարձրագոյն ատեանը ի՞նչ որոշում առաւ եղբայր Պուշէին նկատմամբ։
Եղբայրները ի՞նչ օրինական կարգադրութենէ մը օգտուեցան եւ ի՞նչ արդիւնքով։
Ի՞նչ պատահեցաւ երբ ժողով մը ընդհատուեցաւ զինուորներուն կողմէ՝ քահանաներու դրդումով։