Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտ19 Յունիս էջ 7
  • Ժամանցդ իմաստութեամբ ընտրէ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ժամանցդ իմաստութեամբ ընտրէ
  • Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2019)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ընտրէ ժամանց, որ Եհովան կը հաճեցնէ
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
  • Ինչպէ՛ս օգտակար ժամանց ընտրել
    «Անձերնիդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք»
  • Ընկերային ժամանցներ—Օգուտները վայելեցէք, որոգայթներէն խուսափեցէք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
  • Եհովան բացարձակապէս պաշտէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2019
Տես աւելին
Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2019)
ժտ19 Յունիս էջ 7

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Ժամանցդ իմաստութեամբ ընտրէ

Ինչո՞ւ պէտք է մեր ժամանցը իմաստութեամբ ընտրենք։ Քանի որ մեր դիտած ֆիլմերը, մտիկ ըրած երգերը, այցելած կայքերը, կարդացած գիրքերը եւ խաղցած խաղերը կ’ազդեն մեր վարքին։ Ցաւօք սրտի, հիմակուան ժամանցներուն մեծ մասին մէջ կան Եհովային դատապարտած բաները (Սաղ. 11։5. Գաղ. 5։19-21)։ Ասոր համար, Սուրբ Գիրքը մեզ կը քաջալերէ, որ շարունակենք մտածել այն բաներուն մասին, որոնք Եհովան կը պատուեն (Փլպ. 4։8)։

ԴԻՏԷ Ի՞ՆՉ ԺԱՄԱՆՑ ՊԷՏՔ Է ԸՆՏՐԵՄ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ՀԵՏԵՒԵԱԼ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.

  • Հռոմէական սուսերամարտի խաղ

    Հռոմէական սուսերամարտի խաղերը ինչպէ՞ս կը նմանին հիմակուան կարգ մը ժամանցներուն։

  • Ռահվիրայ եղբայր մը պատանի եղբօր մը հետ դաշտի ծառայութեան կ’ելլէ

    Ժողովքին անդամները ինչպէ՞ս կրնան պատանիներուն օգնել որ ժամանցը իմաստութեամբ ընտրեն։

  • Զինուոր մը

    Հռովմայեցիս 12։9–ն ինչպէ՞ս պէտք է ազդէ մեր որոշումներուն, երբ ժամանց կ’ընտրենք։

  • Երիտասարդ Վկաներ ֆութպոլ կը խաղան

    Շրջանիդ մէջ ի՞նչ շինիչ ժամանցներ կան։

Կ’ՈՒԶԵՍ ԺԱՄԱՆՑԴ ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒՆ ԴԻՏԵԼՈ՞Վ ԱՆՑԸՆԵԼ, ԹԷ ՈՉ Կ’ՈՒԶԵՍ ԱՆՁԱՄԲ ԲԱՆ ՄԸ ԸՆԵԼ

Հիմակուան ժամանցներուն մեծ մասը անհատին կը սորվեցնեն, որ միայն դիտէ թէ ուրիշնե՛րը ինչ կ’ընեն, փոխանակ ինք անձամբ բան մը ընելու։ Ֆիլմերը, գիրքերը եւ հեռատեսիլի յայտագիրները կը ներկայացնեն ուրիշներո՛ւն իմաստուն գաղափարները, եւ ոչ թէ քուկիններդ։ Ճիշդ է որ ասիկա իր տեղը ունի, բայց շատեր տեսած են, որ աւելի կ’օգտուին երբ անձամբ բան մը կ’ընեն։ Օրինակ, ոմանք կը սիրեն նուագել կամ գծել։ Ուրիշներ կը սիրեն դուրսը բան մը ընել, ինչպէս՝ մարզանք ընել, լեռ մագլցիլ, քալել կամ բանակումի երթալ (camping)։ Ի՛նչ ժամանց ալ ընտրենք, թող որ ‘ամէն բան Աստուծոյ փառքին համար ընենք’ (Ա. Կոր. 10։31)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել