ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Երաշտութեան տարին ի՞նչ պիտի ընես
Հաւատքը եւ վստահութիւնը շատ կապ ունին իրարու հետ։ Օրինակ, Եհովային հանդէպ զօրաւոր հաւատքը մեզի կ’օգնէ որ վստահ ըլլանք որ մեզ պիտի պաշտպանէ եւ հոգ տանի (Սաղ. 23։1, 4. 78։22)։ Մինչ այս չար աշխարհին վերջին կը մօտենանք, կրնանք ակնկալել որ Սատանան ա՛լ աւելի յարձակի մեր վրան (Յայտ. 12։12)։ Ի՞նչը պիտի օգնէ մեզի։
ԴԻՏԷ ԵՐԱՇՏՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԻՆ Ի՞ՆՉ ՊԻՏԻ ԸՆԵՍ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.
Ինչպէ՞ս կը նմանինք Երեմիա 17։8–ին մէջ նշուած «ծառ»ին։
«Տաքութեան» մէկ տեսակը ի՞նչ է։
«Ծառ»ը ինչպէ՞ս կ’ազդուի տաքութենէն, եւ ինչո՞ւ։
Սատանան ի՞նչ բան կ’ուզէ խախտել։
Ի՞նչ կերպով կը նմանինք անոնց, որոնք փորձառութիւն ունին օդանաւով ճամբորդելու։
Ինչո՞ւ պէտք է շարունակենք վստահիլ հաւատարիմ եւ իմաստուն ծառային, եւ իրեն հանդէպ մեր վստահութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ փորձի ենթարկուիլ։
ինչո՞ւ պէտք է շարունակենք վստահիլ Սուրբ Գիրքին սկզբունքներուն, հակառակ անոր որ աշխարհը մեզ ծաղր կ’ընէ։