ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԾՆՆԴՈՑ 15-17
Եհովան ինչո՞ւ ուրիշ անուններ տուաւ Աբրամին եւ Սարային
Եհովան Աբրամը արդար նկատեց։ Երբ ան իր խոստումին նկատմամբ մանրամասնութիւններ տուաւ, Աբրամին եւ Սարային նոր անուններ տուաւ, որոնք մարգարէական իմաստ ունէին։
Աբրահամ իրապէս ալ բազմութեան հայր եղաւ, իսկ Սառան՝ թագաւորներու նախամայր։
Աբրահամ
Հայր բազմութեան
Սառա
Իշխանուհի
Մենք չենք կրնար մեր ծննդեան անունը անձամբ ընտրել, բայց Աբրահամին եւ Սառային պէս կրնանք բարի համբաւ ունենալ։ Դուն քեզի հարցուր.
‘Ինչպէ՞ս կրնամ արդար նկատուիլ Եհովային կողմէ’։
‘Ի՞նչ համբաւ ունիմ Եհովային քով’։