ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Պատրա՞ստ ես
Եթէ շրջանիդ մէջ բնական աղէտ մը պատահի, ատոր պատրա՞ստ ես։ Յանկարծ կրնայ երկրաշարժ մը, ոլորամրրիկ մը, անտառային կրակ մը կամ ջրհեղեղ մը պատահիլ եւ շատ վնասներ հասցնել։ Ասկէ զատ, ահաբեկչական յարձակումներ, խռովութիւններ եւ համաճարակներ կրնան յանկարծ պատահիլ որեւէ շրջանի մը մէջ (Ժող. 9։11)։ Պէտք չէ կարծենք որ այսպիսի բաներ բնա՛ւ պիտի չպատահին մեր ապրած տեղը։
Ամէն մէկս պէտք է քայլեր առնէ որ այսպիսի պարագաներու պատրաստուի (Առ. 22։3)։ Ճիշդ է որ Եհովայի կազմակերպութիւնը որոշ չափով կ’օգնէ այսպիսի պարագաներու մէջ, բայց մեզի կ’իյնայ պատրաստուիլ (Գաղ. 6։5)։
ԴԻՏԷ ԲՆԱԿԱՆ ԱՂԷՏԻ ՄԸ ՊԱՏՐԱ՞ՍՏ ԵՍ ՎԻՏԷՈՆ ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.
Ինչպէ՞ս կրնանք հոգեւոր գետնի վրայ պատրաստուիլ բնական աղէտի մը։
Ինչո՞ւ կարեւոր է որ. . .
• երէցներուն հետ կապի մէջ մնանք աղէտէ մը առաջ, ատոր ընթացքին եւ ատկէ ետք։
• անակնկալ պարագաներու համար պայուսակ մը պատրաստենք (g17.5 6)։
• նկատի առնենք թէ ի՛նչ աղէտներ կրնայ ըլլալ որ պատահին եւ ամէն մէկ պարագայի ի՛նչ պէտք է որ ընենք։
Ի՞նչ երեք կերպերով կրնանք ուրիշներուն օգնել, երբ աղէտ մը պատահի։