Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտ20 Հոկտեմբեր էջ 5
  • Ո՛վ պատանիներ, Եհովան ձեր ամէնէն մտերիմ բարեկա՞մն է

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ո՛վ պատանիներ, Եհովան ձեր ամէնէն մտերիմ բարեկա՞մն է
  • Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2020)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Կրնա՛ս Եհովայի բարեկամը ըլլալ
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
  • Աստուած կը հրաւիրէ ձեզ որ իր բարեկամը ըլլաք
    Աստուծոյ բարեկամը կրնա՛ք ըլլալ
  • Եհովան՝ մեր լաւագոյն Բարեկամը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
  • Եհովա Աստուծոյ բարեկամութիւնը շահինք
    Եհովային գովերգենք
Տես աւելին
Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2020)
ժտ20 Հոկտեմբեր էջ 5
Պատանի եղբայր մը գրասեղանի մը վրայ խոր անձնական ուսումնասիրութիւն կ’ընէ։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Ո՛վ պատանիներ, Եհովան ձեր ամէնէն մտերիմ բարեկա՞մն է

Ձեր բարեկամին մէջ ի՞նչ յատկութիւններ կը փնտռէք։ Հաւանաբար՝ հաւատարմութիւն, ազնուութիւն եւ առատաձեռնութիւն։ Եհովան այդ բոլորը ունի (Ել. 34։6. Գործք 14։16)։ Ան քեզի մտիկ կ’ընէ երբ իրեն կ’աղօթես։ Քեզի կ’օգնէ երբ օգնութեան պէտք ունենաս (Սաղ. 18։19, 35)։ Քու մեղքերդ կը ներէ (Ա. Յովհ. 1։9)։ Եհովան ի՜նչ հիանալի բարեկամ մըն է։

Լաւ դո՛ւն ինչպէ՞ս կրնաս Եհովային բարեկամը ըլլալ։ Իրեն մասին սորվէ իր Խօսքը կարդալով։ Սիրտդ բաց Եհովային առջեւ (Սաղ. 62։8. 142։2)։ Ցոյց տուր որ կ’արժեւորես Եհովային համար կարեւոր եղող բաները, ինչպէս՝ իր Որդին, իր Թագաւորութիւնը եւ ապագային նկատմամբ իր խոստումները։ Ուրիշներուն պատմէ իր մասին (Բ. Օր. 32։3)։ Եթէ Եհովային հետ մտերիմ բարեկամութիւն զարգացնես, ան յաւիտեա՛ն քու Բարեկամդ պիտի ըլլայ (Սաղ. 73։25, 26, 28)։

ԴԻՏԷ Ո՛Վ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐ, ՃԱՇԱԿԵՑԷ՛Ք ՈՒ ՏԵՍԷՔ ԹԷ ՏԷՐԸ ԲԱՐԻ Է ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.

  • Տեսարան մը՝ ‘Ո՛վ պատանիներ, ճաշակեցէ՛ք ու տեսէք թէ տէրը բարի է’ վիտէոյէն։ Պատանուհի քոյր մը կ’աղօթէ առաջ որ անձնական ուսումնասիրութիւն ընէ։

    Ինչպէ՞ս կրնաս պատրաստուիլ Եհովային նուիրուելու եւ մկրտուելու։

  • Տեսարան մը՝ ‘Ո՛վ պատանիներ, ճաշակեցէ՛ք ու տեսէք թէ տէրը բարի է’ վիտէոյէն։ Ռահվիրայ եղբայր մը համար մը կը կարդայ մարդու մը։

    Ժողովքին մէջ ուրիշներ ինչպէ՞ս կրնան քեզի օգնել Եհովային ծառայելու։

  • Տեսարան մը՝ ‘Ո՛վ պատանիներ, ճաշակեցէ՛ք ու տեսէք թէ տէրը բարի է’ վիտէոյէն։ Տարիքով պզտիկ եղբայր մը տարեց եղբօր մը հետ ծառայութեան կ’ելլէ։

    Ծառայութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ զօրացնել Եհովային հետ փոխյարաբերութիւնդ։

  • Տեսարան մը՝ ‘Ո՛վ պատանիներ, ճաշակեցէ՛ք ու տեսէք թէ տէրը բարի է’ վիտէոյէն։ Երկու ժամ քալելէ ետք, քոյր մը կը սերտէ խուլ աղջիկի մը հետ։

    Եհովային հետ բարեկամութիւնդ կրնայ յաւիտեան տեւել

    Եհովային ծառայութեան մէջ ի՞նչ բաներ կրնաս ընել։

  • Եհովային մասին ի՞նչ կը սիրես։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել