ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԵԼԻՑ 37-38
Խորանին սեղանները եւ ատոնց դերը մաքուր պաշտամունքին մէջ
Խորանին սեղանները Եհովայի՛ն պատուիրած կերպով շինուեցան եւ ատոնք յատուկ նշանակութիւն ունէին։
Եհովային ծառաներուն ըրած ընդունելի աղօթքները հաճելի են իրեն, ճիշդ ինչպէս որ յատուկ բաղադրութիւն ունեցող խունկը հաճելի էր։
Եհովան կ’ընդունէր ողջակէզի սեղանին վրայ մատուցուած զոհերը։ Զոհասեղանը սրբարանին առջեւ ըլլալը մեզի կը յիշեցնէ, թէ պէտք է որ Յիսուսի զոհին հաւատանք, որպէսզի Աստուած մեզ ընդունի (Յովհ. 3։16-18. Եբ. 10։5-10)։
Ինչպէ՞ս կրնանք մեր աղօթքները որպէս խունկ պատրաստել Աստուծոյ առջեւ (Սաղ. 141։2)։