Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտ20 Դեկտեմբեր էջ 3
  • Եհովային կրթութեան թիկունք կանգնելով մեր սէրը արտայայտած կ’ըլլանք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Եհովային կրթութեան թիկունք կանգնելով մեր սէրը արտայայտած կ’ըլլանք
  • Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2020)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Եհովան սէրէ՛ մղուած կը կրթէ մեզ
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2021)
  • Վտարումը ինչո՛ւ սիրալիր կարգադրութիւն է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
  • Երբ սիրելի մը Եհովան ձգէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2021
  • Հաւատարմութեան մարտահրաւէրը դիմագրաւենք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
Տես աւելին
Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2020)
ժտ20 Դեկտեմբեր էջ 3

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Եհովային կրթութեան թիկունք կանգնելով մեր սէրը արտայայտած կ’ըլլանք

Վտարումը կը պաշտպանէ ժողովքը եւ կը կրթէ չզղջացող յանցագործը (Ա. Կոր. 5։6, 11)։ Երբ Եհովային այս կրթութեան թիկունք կը կանգնինք, մեր սէրը յայտնած կ’ըլլանք։ Լաւ ասիկա ինչպէ՞ս կ’ըլլայ, նկատի ունենալով որ վտարումը զգացական մեծ ցաւ կը պատճառէ բոլորին, մէջը ըլլալով՝ մօտիկ ազգականներ եւ դատական յանձնախումբը։

Ամէն բանէ առաջ, այս կարգադրութեան թիկունք կանգնելով կը ցուցնենք, որ կը սիրենք սրբութեան նկատմամբ Եհովային չափանիշը եւ կարեւորութիւն կու տանք Եհովային համբաւին (Ա. Պետ. 1։14-16)։ Նաեւ մեր սէրը ցոյց տուած կ’ըլլանք վտարուած անհատին հանդէպ։ Զօրաւոր կրթութիւնը կրնայ «արդարութեան խաղաղարար պտուղը» բերել, հակառակ անոր որ ցաւ կը պատճառէ (Եբ. 12։5, 6, 11)։ Մենք Եհովային կրթութեան խառնուած կ’ըլլանք, եթէ ընկերակցինք մէկու մը հետ, որ վտարուած է կամ ժողովքին հետ իր ընկերակցութիւնը խզած է։ Յիշենք որ Եհովան իր ծառաները «չափաւորութեամբ» կը կրթէ (Եր. 30։11)։ Մենք յոյսով կ’ապրինք որ անհատը վերադառնայ մեր ողորմութիւն ունեցող Հօր։ Մինչ այդ, մենք Եհովային կրթութեան թիկունք կը կանգնինք եւ մեր հոգեւոր ռութինը կը պահենք (Եսա. 1։16-18. 55։7)։

ԴԻՏԷ ԱՄԲՈՂՋ ՍՐՏՈՎ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԵՂԷՔ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.

  • ‘Ամբողջ սրտով հաւատարիմ եղէք’ վիտէոյէն տեսարան մը։ Հայր մը եւ մայր մը շատ կը նեղուին երբ կը կարդան իրենց տղուն նամակը, ուր գրած է որ ինք կը ձգէ կ’երթայ։

    Քրիստոնեայ ծնողներ ի՞նչ կը զգան, երբ իրենց զաւակը ձգէ Եհովան։

  • ‘Ամբողջ սրտով հաւատարիմ եղէք’ վիտէոյէն տեսարան մը։ Ծնողքին բարեկամները կը մխիթարեն եւ փաթթուկ կ’ընեն իրենց։

    Ժողովքը ինչպէ՞ս կրնայ օգնել ընտանիքին հաւատարիմ անդամներուն։

  • ‘Ամբողջ սրտով հաւատարիմ եղէք’ վիտէոյէն տեսարան մը։ Մայրը կ’երեւակայէ Կորխին ըմբոստութեան պատմութիւնը։

    Սուրբ Գիրքին ո՞ր պատմութիւնը մեզի կը սորվեցնէ, որ Եհովային հանդէպ մեր հաւատարմութիւնը աւելի կարեւոր է, քան՝ մեր ընտանիքին հանդէպ մեր հաւատարմութիւնը։

  • ‘Ամբողջ սրտով հաւատարիմ եղէք’ վիտէոյէն տեսարան մը։ Ժողովէն ետք, մայրը իր ամուսինին կը խօսի իրենց տղուն ղրկած երկտողին մասին։

    Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովային հանդէպ մեր հաւատարմութեան աւելի կարեւորութիւն տալ, քան՝ մեր ընտանիքին հանդէպ մեր հաւատարմութեան։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել