Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտ21 Յունուար էջ 3
  • Ծնողներ, ձեր զաւակներուն Եհովային չափանիշները սորվեցուցէք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծնողներ, ձեր զաւակներուն Եհովային չափանիշները սորվեցուցէք
  • Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2021)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ընտանիքդ ինչպէ՞ս կրնայ ուրախ ըլլալ (Մաս 2)
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
  • Ո՛վ ծնողներ, ձեր զաւակները պաշտպանեցէք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
  • Ծնողնե՛ր, ձեր զաւակներուն օգնեցէք որ Եհովան սիրեն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2022
  • Մեր զաւակները՝ թանկագին ժառանգութիւն մը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2005
Տես աւելին
Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2021)
ժտ21 Յունուար էջ 3
Պզտիկներ փորձ կ’ընեն ինչպէս ‘ո՛չ’ ըսել, մինչ իրենց ծնողքը կը սորվեցնէ որ ինչպէ՛ս կրնան իրենք զիրենք պաշտպանել։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Ծնողներ, ձեր զաւակներուն Եհովային չափանիշները սորվեցուցէք

Մենք կ’ապրինք աշխարհի մը մէջ, ուր մարդիկ չարին բարի կ’ըսեն ու բարիին՝ չար (Եսա. 5։20)։ Ցաւօք սրտի, կարգ մը մարդիկ Եհովային ատած բաները կ’ընեն, ինչպէս՝ նոյն սեռի պատկանող անհատներու միջեւ անպատշաճ վարք։ Դպրոցը, մեր սիրելի պատանիները կրնան ճնշումի տակ ըլլալ, որ իրենց դասընկերներուն կամ ուրիշներուն հետեւին։ Լաւ, ինչպէ՞ս կրնաս քու զաւակներդ պատրաստել, որ այսպիսի փորձութիւններու տեղի չտան։

Զաւակներուդ սորվեցուր Եհովային չափանիշները (Ղեւ. 18։3)։ Անոնց տարիքին համեմատ քիչ–քիչ սորվեցուր ինչ որ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ սեռային պատշաճ յարաբերութիւններու մասին (Բ. Օր. 6։7)։ Դուն քեզի հարցուր. ‘Զաւակներուս սորվեցուցա՞ծ եմ, թէ ինչպէ՛ս կրնան պատշաճ կերպով իրենց սէրն ու գուրգուրանքը արտայայտել ուրիշներու հանդէպ։ Սորվեցուցա՞ծ եմ թէ ինչո՛ւ կարեւոր է որ պատշաճ հագուստներ հագնին եւ ինչո՛ւ ուրիշները իրենց սահմանը պէտք չէ անցընեն իրենց հետ։ Զաւակներս գիտե՞ն թէ ինչ պէտք է ընեն, եթէ մէկը փորձէ իրենց պոռնկագրութիւն ցուցնել, կամ ուզէ որ ընեն բան մը, որ Եհովային աչքին սխալ է’։ Սկիզբէն գիտնալը զաւակներուն կ’օգնէ, որ խնդիրներու մէջ չիյնան (Առ. 27։12. Ժող. 7։12)։ Զաւակներուդ այսպիսի բաներ սորվեցնելով կը ցուցնես, թէ կը սիրես այն արժէքաւոր ժառանգութիւնը, որ Եհովան քեզի տուած է (Սաղ. 127։3)։

ԴԻՏԷ ՀԱՍՏԱՏ ՀԻՄ ՈՒՆԵՑՈՂ ՏՈՒՆ ՄԸ ՇԻՆԵՑԷՔ. ՁԵՐ ԶԱՒԱԿՆԵՐԸ ‘ՉԱՐԷՆ’ ՊԱՀՊԱՆԵՑԷՔ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.

  • ‘Հաստատ հիմ ունեցող տուն մը շինեցէք. Ձեր զաւակները ‘չարէն’ պահպանեցէք’ վիտէոյէն նկար մը. մայր մը իր տղուն հետ կը դիտէ ‘Զաւակներդ պաշտպանէ’ վիտէոն։

    Կարգ մը ծնողներ ինչո՞ւ կը քաշուին սեռային յարաբերութիւններու մասին սորվեցնելու իրենց զաւակներուն։

  • ‘Հաստատ հիմ ունեցող տուն մը շինեցէք. Ձեր զաւակները ‘չարէն’ պահպանեցէք’ վիտէոյէն նկար մը. Ծնողք մը իր երկու պզտիկներուն հետ կը քննարկէ ‘Մեծ Ուսուցիչէն սորվէ՛’ գիրքէն եւ ուրիշ հրատարակութիւններէ նիւթեր։

    Ծնողները ինչո՞ւ պէտք է «Տէրոջը վարժութիւնովն ու խրատովը» մարզեն իրենց զաւակները (Եփ. 6։4)։

  • ‘Հաստատ հիմ ունեցող տուն մը շինեցէք. Ձեր զաւակները ‘չարէն’ պահպանեցէք’ վիտէոյէն նկար մը. Ափրիկէի մէջ ծնողք մը համարներ կը կարդայ եւ կը քննարկէ իր զաւակներուն հետ։

    Գիտութիւնը պաշտպանութիւն է

    Եհովային կազմակերպութիւնը ի՞նչ հայթայթած է, որպէսզի ծնողներուն օգնէ, որ սեռային յարաբերութիւններու մասին սորվեցնեն իրենց զաւակներուն (դ19.05 12, շրջանակ)։

  • Ինչո՞ւ պէտք է միշտ հաղորդակցիս զաւակներուդ հետ, առաջ որ լուրջ խնդիրներ ունենան։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել