ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ
Ղեւտացիներուն ծառայութիւնը
Եհովան ղեւտացիները ընտրեց, որ իսրայէլացիներուն անդրանիկներուն տեղը առնեն (Թւ. 3։11-13. it-2 683 ¶3)
Ղեւտացիները յատուկ առանձնաշնորհումներ ունէին (Թւ. 3։25, 26, 31, 36, 37. it-2 241)
Ղեւտացիները 30 տարեկանէն վերջ է որ իրենց մնացեալ պարտականութիւնները կը ստանձնէին, եւ կը շարունակէին իրենց պարտականութիւնները ամբողջութեամբ կատարել մինչեւ 50 տարեկան (Թւ. 4։46-48. it-2 241)
Ահարոնին ընտանիքին տղամարդիկը քահանայական պարտականութիւններ կ’ընէին, իսկ մնացեալ ղեւտացիները իրենց օգնականներն էին։ Ներկայիս ալ ժողովքին մէջ, կարգ մը պատասխանատու տղամարդիկ հոգ կը տանին հոգեւոր ծանր պատասխանատուութիւններու, մինչ ուրիշներ հոգ կը տանին առօրեայ կարեւոր հարցերու։