Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտ21 Մայիս էջ 13
  • Ընտանիքիդ մէջ սիրով վարուէ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ընտանիքիդ մէջ սիրով վարուէ
  • Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2021)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ընտանիքդ կրնա՛յ ուրախ ըլլալ
    Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Աստուածաշունչէն
  • Ընտանեկան կեանքդ ինչպէ՛ս երջանիկ ընել
    Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ
  • Ընտանեկան կեանք մը որ Աստուած կը հաճեցնէ
    Աստուած ի՛նչ կը պահանջէ մեզմէ
  • Տեւական ամուսնութեան երկու բանալիները
    Ընտանեկան ուրախութեան գաղտնիքը
Տես աւելին
Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2021)
ժտ21 Մայիս էջ 13
Ընտանիք մը միասին կ’երգեն ժողովի մը ընթացքին։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Ընտանիքիդ մէջ սիրով վարուէ

Սէրը խէժի պէս է, որ ընտանիքը իրար միացած կը պահէ։ Եթէ սէր չըլլայ, ընտանիքին համար դժուար կ’ըլլայ որ միացած մնան եւ իրարու հետ համագործակցին։ Ամուսինները, կիները եւ ծնողները ինչպէ՞ս կրնան սիրով վարուիլ ընտանիքին մէջ։

Սիրալիր ամուսին մը հաշուի կ’առնէ իր կնոջ պէտքերը, կարծիքները եւ զգացումները (Եփ. 5։28, 29)։ Ան թէ՛ ֆիզիքապէս եւ թէ հոգեւորապէս հոգ կը տանի իր ընտանիքին։ Օրինակ՝ կանոնաւոր կերպով ընտանեկան պաշտամունքը կ’ընէ (Ա. Տիմ. 5։8)։ Սիրալիր կին մը կ’ենթարկուի իր ամուսինին եւ խորապէս կը յարգէ զինք (Եփ. 5։22, 33. Ա. Պետ. 3։1-6)։ Կողակիցները պէտք է միշտ իրարու ներեն (Եփ. 4։32)։ Սիրալիր ծնողները իրենց ամէն մէկ զաւակով անձնապէս կը հետաքրքրուին եւ անոնց կը սորվեցնեն Եհովան սիրել (Բ. Օր. 6։6, 7. Եփ. 6։4)։ Արդեօք իրենց զաւակները ի՞նչ դժուարութիւններէ կ’անցնին դպրոցը։ Անոնք ի՞նչ կ’ընեն որ իրենց ընկերներուն ճնշումին տեղի չտան։ Երբ ընտանիքի անդամներուն միջեւ սէրը զօրաւոր կ’ըլլայ, բոլորը ապահով կը զգան։

ԴԻՏԷ ՁԵՐ ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ ՑՈՒՑԱԲԵՐԵՑԷՔ ԱՅՆՊԻՍԻ ՍԷՐ՝ ՈՐ ԲՆԱ՛Ւ Չ’ԻՅՆԱՐ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.

  • «Ձեր ընտանեկան կեանքէն ներս ցուցաբերեցէք այնպիսի սէր՝ որ բնա՛ւ չ’իյնար» վիտէոյէն տեսարան մը. ժողովէն վերջ տուն վերադառնալէ ետք, ամուսին մը իր կնոջ հետ համար մը կը քննարկէ։

    Սիրալիր ամուսին մը ինչպէ՞ս կը սնուցանէ ու կը խնամէ իր կինը։

  • «Ձեր ընտանեկան կեանքէն ներս ցուցաբերեցէք այնպիսի սէր՝ որ բնա՛ւ չ’իյնար» վիտէոյէն տեսարան մը. ժողովէն վերջ տուն վերադառնալէ ետք, քոյր մը համբերութեամբ մտիկ կ’ընէ Վկայ չեղող իր ամուսինին եւ կը հասկնայ զինք։

    Սիրալիր կին մը ինչպէ՞ս կը ցուցնէ, որ խորապէս կը յարգէ իր ամուսինը։

  • «Ձեր ընտանեկան կեանքէն ներս ցուցաբերեցէք այնպիսի սէր՝ որ բնա՛ւ չ’իյնար» վիտէոյէն տեսարան մը. ընթրիքի ժամանակ, ընտանիք մը միասին կը քննարկեն ժողովին մէջ նկատի առնուած կարգ մը կէտեր որ սիրեցին։

    Սիրալիր ծնողները ինչպէ՞ս Աստուծոյ Խօսքը կրկին անգամ կը սորվեցնեն իրենց զաւակներուն։

ԹԵՔՆՈԼՈՃԻԻՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄՆԵՐ

Հեռաձայնները եւ թապլեթները շատ դիւրութեամբ կրնան գողնալ այն ժամանակը, որ ընտանիքի անդամները պէտք է իրարու հետ անցընեն՝ իրենց միջեւ սէրը զօրացնելու համար։ Ծնողները կրնան որոշել որ իրենք եւ իրենց զաւակները որքա՛ն ժամանակ կրնան անցընել այդ սարքերուն վրայ։ Ասկէ զատ, ծնողները պէտք է որոշեն թէ կ’ուզե՞ն իրենց զաւակները ուրիշներու հետ առցանց խօսին, եւ որո՞նց հետ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել