ԴԱՇՏԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԺՐԱՋԱՆ ԵՂԻՐ | ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆԴ ԱՒԵԼՑՈՒՐ
Աշակերտներուդ օգնէ որ ժողովներուն ներկայ ըլլան
Ժողովները մեր պաշտամունքին կարեւոր մէկ մասն են (Սաղ. 22։22)։ Ժողովներուն ներկայ եղող բոլոր անհատները ուրախութիւն եւ օրհնութիւններ կը վայելեն (Սաղ. 65։4)։ Ընդհանրապէս, Սուրբ Գիրքը սերտողները աւելի արագ կը յառաջդիմեն, եթէ կանոնաւորաբար ժողովներու ներկայ ըլլան։
Ինչպէ՞ս կրնաս Աստուածաշունչի աշակերտներուդ օգնել, որ ժողովներու ներկայ ըլլան։ Զանոնք միշտ ժողովներու հրաւիրէ։ Անոնց ցուցուր Թագաւորութեան սրահին մէջ ի՞նչ կ’ըլլայ վիտէոն։ Անոնց բացատրէ թէ ինչպէ՛ս պիտի օգտուին, եթէ ժողովներու ներկայ ըլլան (կվյ դաս 10)։ Կրնաս կէտ մը յիշել, որ վերջերս ժողովի մը ընթացքին սորված ես, կամ ալ բացատրել թէ յաջորդ ժողովին ի՛նչ նկատի պիտի առնուի։ Անոնց տուր ժողովի ընթացքին քննարկուելիք հրատարակութիւնները։ Ասկէ զատ, գործնական կերպով ալ օգնէ անոնց։ Օրինակ՝ կրնաս զանոնք ժողովի հասցնել։ Երբ աշակերտդ առաջին անգամ ըլլալով ժողովի ներկայ ըլլայ, պիտի տեսնես որ թափած ջանքերդ պարապի չէին (Ա. Կոր. 14։24, 25)։
ԴԻՏԷ ՁԵՐ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՕԳՆԵՑԷՔ ՈՐ ԺՈՂՈՎՆԵՐՈՒՆ ՆԵՐԿԱՅ ԸԼԼԱՆ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.
Նիդան ի՞նչ առիթ օգտագործեց, որ Ճէյտը ժողովի հրաւիրէ։
Ինչո՞ւ կ’ուրախանանք երբ աշակերտ մը ժողովի ներկայ կ’ըլլայ։
«Իրաւցնէ Աստուած ձեր մէջ է»
Առաջին ժողովին ներկայ ըլլալով Ճէյտը ի՞նչ փորձառութիւն ունեցաւ։