ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Մինչեւ որ յարութիւն ըլլայ
Երբ սիրելի մը մեռնի, յարութեան յոյսը մեզ կը մխիթարէ։ Հակառակ ասոր, մեղքն ու մահը մեր վրայ փռուած ծածկոցի մը պէս կը խեղդեն բոլորս (Եսա. 25։7, 8)։ Ասիկա պատճառ մըն է, որ ինչո՛ւ «բոլոր ստեղծուածները մինչեւ հիմա մէկտեղ կը հառաչեն ու ծնանելու ցաւ կը քաշեն» (Հռով. 8։22)։ Ինչպէ՞ս կրնանք այս ցաւին դիմանալ, մինչեւ որ գայ այն ժամանակը երբ մեռնողները յարութիւն պիտի առնեն։ Աստուծոյ Խօսքին մէջ կան օգտակար սկզբունքներ։
ԴԻՏԷ ԵՐԲ ՍԻՐԵԼԻ ՄԸ ՄԵՌՆԻ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.
Տէնյըլը, Մէսեհիրոն եւ Եօշիմին ի՞նչ բանէ անցան։
Ինչպէ՞ս հինգ գործնական առաջարկներ իրենց օգնեցին։
Ո՞վ ամէնէն շատ կրնայ մեզ մխիթարել (Բ. Կոր. 1։3, 4)։