ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Փորձէ սորվիլ Եհովային մտածելակերպին մասին
Կ’ուզենք Եհովան հաճեցնել ամէն բանի մէջ (Առ. 27։11)։ Անոր համար, պէտք է մեր առած որոշումները ցոյց տան որ հարցերու նկատմամբ իր մտածելակերպը ունինք, մանաւանդ երբ յստակ օրէնք կամ պատուէր մը չկայ ատոնց նկատմամբ։ Ի՞նչը կրնայ մեզի օգնել։
Աստուածաշունչի կանոնաւոր սերտողութիւն ունեցիր։ Ամէն անգամ որ Աստուածաշունչը կը կարդանք, կարծես Եհովային հետ ժամանակ կ’անցընենք։ Եհովային մտածելակերպին մասին կը սորվինք, երբ տեսնենք իր ժողովուրդին հետ ինչպէ՛ս վարուեցաւ եւ երբ սերտենք անհատներու մասին, որոնք իր աչքին բարի կամ գէշ բաներ ըրին։ Երբ որ որոշում մը պիտի առնենք, սուրբ հոգին մեր միտքը պիտի բերէ կարեւոր դասեր եւ սկզբունքներ, որոնք Աստուծոյ Խօսքէն սերտած ենք (Յովհ. 14։26)։
Պրպտում ըրէ։ Երբ որոշում առնելիք ըլլաս, դուն քեզի հարցուր. ‘Աստուածաշունչէն ո՞ր համարները կամ դէպքերը կրնան ինծի օգնել հասկնալու, որ Եհովային կարծիքը ի՛նչ է այս նիւթին մասին’։ Եհովային աղօթէ որ քեզի օգնէ եւ քու լեզուովդ պրպտումի գործիքները օգտագործէ, որ քու պարագայիդ մասին Աստուածաշունչի սկզբունքներ փնտռես եւ գործադրես (Սաղ. 25։4)։
ԴԻՏԷ ՊԷՏՔ Է «ՀԱՄԲԵՐՈՒԹԻՒՆՈՎ ՎԱԶԵՆՔ». ՍՆՆԴԱՐԱՐ ՈՒՏԵԼԻՔ ԿԵՐԷՔ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.
Վիտէոյին մէջ, քոյրը ի՞նչ ճնշումի տակ էր։
Պրպտումի գործիքները ինչպէ՞ս կրնաս գործածել, որ նման պարագաներու հետ գլուխ ելլես։
Ինչպէ՞ս կ’օգտուինք, երբ պրպտումի համար ժամանակ տրամադրենք եւ անձնական ուսումնասիրութիւն ընենք՝ լաւ որոշումներ առնելու համար (Եբ. 5։13, 14)։