ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 13
Սրտանց ու ջերմօրէն իրար սիրեցէ՛ք
«Մէկզմէկ պի՛նդ սիրեցէք» (Ա. ՊԵՏ. 1։22)։
ԵՐԳ 73 Սրտանց ու ջերմօրէն սիրենք
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿa
Իր երկրային կեանքին վերջին գիշերը, Յիսուս կը շեշտէ սիրոյ կարեւորութիւնը (տե՛ս պարբերութիւն 1-2)
1. Յիսուս իր աշակերտներուն ի՞նչ մասնայատուկ պատուէր մը տուաւ (տե՛ս կողքին նկարը)։
ԻՐ ՄԱՀՈՒԱՆ նախորդող գիշերը, Յիսուս իր աշակերտներուն մասնայատուկ պատուէր մը տուաւ։ Անոնց ըսաւ. «Մէկզմէկ սիրեցէք, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի»։ Ետքը աւելցուց. «Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք» (Յովհ. 13։34, 35)։
2. Ինչո՞ւ կարեւոր է, որ իրար սիրենք։
2 Յիսուս ըսաւ որ իր ճշմարիտ աշակերտները յստակօրէն պիտի ճանչցուէին, եթէ իր ցուցաբերած սիրոյ նման սէր ցուցաբերէին։ Այս խօսքը ներկայիս ալ կը կիրարկուի։ Որքա՜ն կարեւոր է, որ որեւէ արգելք յաղթահարենք եւ իրար սիրենք։
3. Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։
3 Որովհետեւ բոլորս անկատար ենք, դժուար կ’ըլլայ սրտանց ու ջերմօրէն իրար սիրել։ Այսուհանդերձ, պէտք է ջանանք Քրիստոսը ընդօրինակել։ Այս յօդուածին մէջ, նկատի պիտի առնենք թէ ինչպէ՛ս սէրը կ’օգնէ, որ խաղաղարար, անկողմնակալ եւ հիւրասէր ըլլանք։ Մինչ նիւթը կը սերտես, դուն քեզի հարցուր. «Ի՞նչ կրնամ սորվիլ եղբայրներէն ու քոյրերէն, որոնք հակառակ արգելքներուն շարունակած են սէր ցոյց տալ»։
ԽԱՂԱՂԱՐԱՐ ԵՂԻՐ
4. Մատթէոս 5։23, 24–ի համաձայն, ինչո՞ւ մեզմէ նեղուած եղբօր հետ պէտք է հաշտուինք։
4 Յիսուս սորվեցուց, թէ որքա՜ն կարեւոր է մեզմէ նեղուած եղբօր մը հետ հաշտուիլ (կարդա՛ Մատթէոս 5։23, 24)։ Ան շեշտեց որ Աստուած հաճեցնելու համար պէտք է ուրիշներու հետ լաւ փոխյարաբերութիւն պահպանենք։ Եհովան ուրախ կ’ըլլայ, երբ մեր լաւագոյնը կ’ընենք եղբայրներուն հետ խաղաղութիւն ունենալու համար։ Ան մեր պաշտամունքը պիտի չընդունի, եթէ շարունակ նեղուած մնանք եւ նոյնիսկ չուզենք հաշտուելու փորձեր ընել (Ա. Յովհ. 4։20)։
5. Մարքին ի՞նչ բան դժուարացուց հաշտուիլը։
5 Ատեններ հաշտուիլը դժուար կրնայ ըլլալ։ Ինչո՞ւ։ Նկատի առ Մարքինb պարագան։ Ան վիրաւորուեցաւ, երբ ժողովքին մէջ եղբայր մը զինք քննադատեց ու գէշ բաներ ըսաւ իր մասին։ Մարք ինչպէ՞ս հակազդեց։ Ան կը պատմէ. «Շապիկէս ելայ ու պոռթկացի»։ Բայց ետքը, ան զղջաց իր ըրածին համար եւ փորձեց եղբօրմէն ներողութիւն խնդրել ու հաշտուիլ։ Սակայն եղբայրը Մարքին ջանքերը մերժեց։ Ուստի Մարք մտածեց. ‘Ինչո՞ւ ես պէտք է շարունակեմ ջանք ընել, եթէ չ’ուզեր հաշտուիլ’։ Ան ի՞նչ ըրաւ, երբ շրջանային տեսուչը զինք քաջալերեց որ չյանձնուի։
6. ա) Մարք ինչպէ՞ս փորձեց խաղաղութիւն հաստատել։ բ) Մարք ինչպէ՞ս Կողոսացիս 3։13, 14–ը գործադրեց։
6 Երբ Մարք իր մտածելակերպը քննեց, անդրադարձաւ որ խոնարհութեան պակաս ունէր եւ երբեմն կը սեպէր որ ինք ուրիշներէ լաւ է։ Գիտակցեցաւ որ պէտք է իր մտածելակերպը փոխէ (Կող. 3։8, 9, 12)։ Ան խոնարհաբար նորէն եղբօր մօտեցաւ եւ ներողութիւն խնդրեց իր վարքին համար։ Մարք նաեւ նամակներ գրեց եղբօր, ըսելով թէ որքա՜ն կը զղջայ եղածին համար եւ կ’ուզէ նոր էջ բանալ։ Ան պզտիկ նուէրներ ալ ըրաւ։ Ցաւօք սրտի, եղբայրը շարունակեց ոխ պահել։ Այսուհանդերձ, Մարք շարունակեց հնազանդիլ Յիսուսի պատուէրին, որ իր եղբայրը սիրէ եւ ներող ըլլայ (կարդա՛ Կողոսացիս 3։13, 14)։ Նոյնիսկ եթէ ուրիշներ խաղաղութիւն հաստատելու մեր ջանքերուն չընդառաջեն, քրիստոնէական սէրը մեզի պիտի օգնէ, որ շարունակենք անոնց ներել եւ աղօթել որ հարցը լուծուի (Մատ. 18։21, 22. Գաղ. 6։9)։
Թերեւս պէտք ըլլայ որ քանի մը կերպեր փորձենք, որպէսզի մեզի դէմ բան մը ունեցող անհատին հետ կարենանք խաղաղութիւն հաստատել (տե՛ս պարբերութիւն 7-8)c
7. ա) Յիսուս յորդորեց որ ի՞նչ ընենք։ բ) Լարան ի՞նչ դժուար պարագայ մը դիմագրաւեց։
7 Յիսուս յորդորեց որ ուրիշներուն հետ վարուինք այնպէս՝ ինչպէս կ’ուզենք որ մեզի հետ վարուին։ Նաեւ ըսաւ որ պէտք չէ սիրենք միայն անոնք որ մեզ փոխադարձաբար կը սիրեն (Ղուկ. 6։31-33)։ Բայց,– թէեւ ասիկա անսովոր բան մըն է,– ի՞նչ պիտի ընես, եթէ ժողովքին մէջ մէկը քեզմէ կը խուսափի եւ չ’ուզեր բարեւ տալ։ Նման բան մը Լարային պատահեցաւ։ Ան կը բացատրէ. «Քոյր մը զիս շարունակ կ’անտեսէր. պատճառը չէի գիտեր։ Ճնշուած կը զգայի եւ ժողովներուն հաճոյքով չէի երթար»։ Սկիզբը, Լարան պատճառաբանեց. «Իմ յանցանքս չէ։ Ի վերջոյ, ժողովքին մէջ ուրիշներ ալ կը զգան, որ այս քոյրը տարօրինակ վարուելակերպ ունի»։
8. Լարան ի՞նչ ըրաւ խաղաղութիւն հաստատելու համար, եւ իր փորձառութենէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։
8 Լարան քայլեր առաւ հաշտուելու համար։ Եհովային աղօթեց եւ որոշեց քրոջ հետ խօսիլ։ Անոնք խնդրին մասին խօսեցան, իրարու փաթթուեցան եւ հաշտուեցան։ Ամէն բան լաւ կ’երեւէր։ Լարան կը պատմէ. «Ետքը, քոյրը նորէն նոյն կեցուածքը առաւ ինծի հանդէպ։ Շա՜տ վհատեցայ»։ Սկիզբը Լարան զգաց, թէ կրնար ուրախ ըլլալ միայն եթէ քոյրը իր կեցուածքը փոխէր։ Սակայն ետքը Լարան անդրադարձաւ, որ լաւագոյն բանն է՝ շարունակել քրոջ հետ սիրով վարուիլ եւ իրեն առատապէս ներել (Եփ. 4։32–5։2)։ Ան յիշեց որ քրիստոնէական սէրը «չարութիւն չի խորհիր [«վիրաւորանքները չի հաշուեր», ՆԱ], ամէն բանի կը զիջանի, ամէն բանի կը հաւատայ, ամէն բանի կը յուսայ, ամէն բանի կը համբերէ» (Ա. Կոր. 13։5, 7)։ Առ ի արդիւնք, ան իր մտքի խաղաղութիւնը վերագտաւ։ Իսկ ժամանակի ընթացքին, քոյրը սկսաւ աւելի լաւ վարուիլ իրեն հետ։ Երբ ջանաս խաղաղութիւն պահպանել եղբայրներուդ ու քոյրերուդ հետ եւ շարունակես զիրենք սիրել, կրնաս վստահ ըլլալ որ ‘սիրոյ ու խաղաղութեան Աստուածը քեզի հետ պիտի ըլլայ’ (Բ. Կոր. 13։11)։
ԱՆԿՈՂՄՆԱԿԱԼ ԵՂԻՐ
9. Գործք 10։34, 35–ի համաձայն, ինչո՞ւ պէտք է անկողմնակալ ըլլանք։
9 Եհովան աչառութիւն չունի, այսինքն՝ անկողմնակալ է եւ մարդոց միջեւ խտրութիւն չի դներ (կարդա՛ Գործք 10։34, 35)։ Երբ անկողմնակալ ենք, կը փաստենք որ անոր զաւակներն ենք։ Եւ հնազանդելով անոր պատուէրին, որ է՝ սիրել մեր ընկերը մեր անձին պէս, մեր հոգեւոր ընտանիքին խաղաղութիւնը կը պահպանենք (Հռով. 12։9, 10. Յակ. 2։8, 9)։
10-11. Ռութ ինչպէ՞ս յաղթահարեց իր ժխտական զգացումները։
10 Ոմանց համար դիւրին չէ անկողմնակալ մնալ։ Օրինակ, նկատի առ Ռութ անունով քրոջ փորձառութիւնը։ Երբ պատանուհի էր, ուրիշ երկրէ եղող կնոջ մը հետ գէշ փորձառութիւն ունեցաւ։ Ատիկա ինչպէ՞ս իրեն ազդեց։ Ռութ կը խոստովանի. «Այդ երկրին հետ կապ ունեցող որեւէ բան կ’ատէի։ Կը կարծէի որ հոն ապրող բոլոր մարդիկը նոյնն էին, նոյնիսկ եղբայրներն ու քոյրերը»։ Ան ինչպէ՞ս իր ժխտական զգացումները յաղթահարեց։
11 Ռութ գիտակցեցաւ որ պէտք է իր ժխտական մտածելակերպին դէմ պայքարի։ Տարեգիրք–էն փորձառութիւններ եւ տեղեկագրութիւններ կարդաց այդ երկրին մասին։ Ան կ’ըսէ. «Ջանք ըրի, որ այդ երկրէն եղող մարդոց մասին դրականօրէն մտածեմ։ Սկսայ նկատել որ եղբայրներն ու քոյրերը Եհովայի հանդէպ նախանձախնդիր էին։ Ինծի համար յստակ դարձաւ, որ անոնք ալ մեր համաշխարհային եղբայրութեան մէկ մասն են»։ Ժամանակ մը ետք, Ռութ գիտակցեցաւ որ պէտք էր աւելին ընէր։ Ան կը բացատրէ. «Երբ այդ երկրէն եղող եղբայրներու ու քոյրերու կը հանդիպէի, մասնաւոր ջանք կ’ընէի, որ անոնց հետ ընկերային ըլլամ։ Անոնց հետ կը խօսէի եւ մօտէն կը ծանօթանայի»։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Ան կ’ըսէ. «Ժամանակի ընթացքին ժխտական զգացումներս անհետացան»։
Սրտանց ու ջերմօրէն ‘ամբողջ եղբայրութիւնը սիրելով’, պիտի խուսափինք կողմնակալ ըլլալէ (տե՛ս պարբերութիւն 12-13)d
12. Սառան ի՞նչ խնդիր ունէր։
12 Ոմանք կրնան կողմնակալ ըլլալ, նոյնիսկ առանց ատոր գիտակցելու։ Օրինակ, Սառան կը կարծէր թէ անկողմնակալ է, քանի որ մարդոց մասին կարծիք չէր կազմեր անոնց ցեղին, նիւթական վիճակին կամ կազմակերպութեան մէջ ստանձնած պատասխանատուութիւններուն հիման վրայ։ Բայց ան կը խոստովանի. «Սկսայ անդրադառնալ որ իրականութեան մէջ կողմնակալ եմ»։ Ինչպէ՞ս։ Ան ուսեալ ընտանիքի մը մէջ մեծցած էր եւ կը նախընտրէր ուսեալ անհատներու հետ ընկերակցիլ։ Անգամ մը նոյնիսկ իր բարեկամին ըսաւ. «Կ’ընկերակցիմ ուսեալ հաւատակիցներուս հետ, իսկ անուս եղողներէն կը խուսափիմ»։ Յստակ է որ Սառան իր մտածելակերպը պէտք էր փոխէր։ Ինչպէ՞ս։
13. Ի՞նչ կը սորվինք Սառայի փորձառութենէն։
13 Շրջանային տեսուչ մը Սառային օգնեց իր կեցուածքը քննելու։ Քոյրը կը պատմէ. «Ան զիս գովեց հաւատարիմ ծառայութեանս, աղուոր մեկնաբանութիւններուս եւ սուրբգրային գիտելիքներուս համար։ Ետքը, բացատրեց որ մինչ մեր գիտութիւնը կ’աւելնայ, նաեւ պէտք է քրիստոնէական յատկութիւններ մշակենք, ինչպէս՝ խոնարհութիւն, համեստութիւն ու ողորմութիւն»։ Սառան շրջանային տեսուչին խօսքը լուրջի առաւ։ Ան կ’ըսէ. «Անդրադարձայ որ ամենակարեւոր բանն է, որ ազնիւ եւ սիրալիր ըլլանք»։ Առ ի արդիւնք, ան սկսաւ եղբայրներն ու քոյրերը ուրիշ ակնոցով դիտել։ Ան կը բացատրէ. «Փորձեցի հասկնալ թէ անոնց ո՛ր յատկութիւնները զիրենք Եհովայի աչքին արժէքաւոր կը դարձնեն»։ Իսկ ի՞նչ կրնանք ըսել մեր մասին։ Բնա՛ւ չենք ուզեր մեր ուսման պատճառով մենք մեզ ուրիշներէն աւելի լաւ սեպել։ Եթէ սրտանց ու ջերմօրէն ‘ամբողջ եղբայրութիւնը կը սիրենք’, պիտի խուսափինք կողմնակալ ըլլալէ (Ա. Պետ. 2։17, ՆԱ)։
ՀԻՒՐԱՍԷՐ ԵՂԻՐ
14. Եբրայեցիս 13։16–ի համաձայն, Եհովան ինչպէ՞ս կը զգայ երբ ուրիշները կը հիւրասիրենք։
14 Եհովան հիւրասիրութիւնը շատ կ’արժեւորէ (կարդա՛ Եբրայեցիս 13։16)։ Ատիկա մեր պաշտամունքին մէկ մասը կը սեպէ, մանաւանդ երբ կարօտեալներուն կ’օգնենք (Յակ. 1։27. 2։14-17)։ Անոր համար, Աստուածաշունչը մեզ կը քաջալերէ, որ ‘հիւրասիրութեան ետեւէ ըլլանք’ (Հռով. 12։13)։ Երբ հիւրասէր ըլլանք, ցոյց կու տանք, որ անկեղծօրէն կը սիրենք ու կը հոգանք զիրենք եւ կ’ուզենք իրենց բարեկամը ըլլալ։ Եհովան կ’ուրախանայ, երբ ուրիշները կը հրաւիրենք թեթեւ բան մը ուտելու կամ բան մը խմելու, կամ երբ անոնցմով սիրալիրօրէն կը հետաքրքրուինք ու մեր ժամանակէն կու տանք (Ա. Պետ. 4։8-10)։ Սակայն կան բաներ, որոնք կրնան հիւրասէր ըլլալը դժուարացնել։
«Անցեալին, չէի սիրեր հիւրասիրութիւն ցոյց տալ, բայց փոխուեցայ եւ ատիկա ինծի շատ ուրախութիւն տուաւ» (տե՛ս պարբերութիւն 16)e
15-16. ա) Ինչո՞ւ ոմանք կը տատամսին հիւրասիրութիւն ցոյց տալու։ բ) Ի՞նչ բան Էտիթին օգնեց, որ պատրաստ ըլլայ ուրիշները հիւրասիրելու։
15 Մեր պարագաներուն պատճառով կրնանք տատամսիլ հիւրասէր ըլլալու։ Նկատի առ Էտիթ անունով այրի քրոջ մը օրինակը։ Վկայ ըլլալէ առաջ, չէր սիրեր ուրիշներուն հետ շատ յարաբերիլ։ Ան կը զգար որ ուրիշները իրմէ աւելի լաւ կրնային հիւրասիրել։
16 Վկայ ըլլալէ ետք, Էտիթ իր մտածելակերպը փոխեց եւ հիւրասէր ըլլալու քայլեր առաւ։ Ան կը պատմէ. «Երբ մեր նոր Թագաւորութեան սրահը կը շինուէր, երէց մը ինծի ըսաւ որ շինարարութեան մէջ օգնելու համար ամուսնացած զոյգ մը պիտի գային, եւ հարցուց եթէ կրնամ զիրենք տանս մէջ ընդունիլ երկու շաբթուան համար։ Միտքս եկաւ ինչպէս Եհովան Սարեփթայի որբեւայրին օրհնեց» (Գ. Թագ. 17։12-16)։ Էտիթ ընդունեց զոյգը հիւրընկալել։ Արդեօք օրհնուեցա՞ւ։ Ան կը բացատրէ. «Անոնք երկու շաբթուան փոխարէն երկու ամիս մնացին։ Եւ այդ ժամանակամիջոցին, մեր միջեւ սերտ բարեկամութիւն հաստատուեցաւ»։ Էտիթ նաեւ ժողովքին մէջ մտերիմ բարեկամներ ունեցաւ։ Այժմ ռահվիրայութիւն կ’ընէ եւ կը սիրէ իր ծառայակիցները հրաւիրել իր տան մէջ միասին ժամանակ անցընելու։ Ան կ’ըսէ. «Լաւ կը զգամ, երբ կու տամ։ Եւ իրականութեան մէջ, շա՜տ օրհնութիւններ կը ստանամ» (Եբ. 13։1, 2)։
17. Լուք եւ իր կինը ի՞նչ բանի գիտակցեցան։
17 Եթէ արդէն հիւրասէր ես, կրնա՞ս այս մարզին մէջ բարելաւուիլ։ Օրինակ, Լուք եւ իր կինը հիւրասէր են։ Անցեալին, անոնք սովորաբար իրենց տունը կը հրաւիրէին իրենց ծնողները, ազգականները, մտերիմ բարեկամները եւ շրջանային տեսուչն ու իր կինը։ Սակայն Լուք կ’ըսէ. «Նկատեցինք որ միայն մեր մտերիմները կը հրաւիրէինք»։ Ան եւ իր կինը ինչպէ՞ս այս մարզին մէջ բարելաւուեցան։
18. Լուք եւ իր կինը ինչպէ՞ս հիւրասէր ըլլալու մէջ բարելաւուեցան։
18 Լուք եւ իր կինը իրենց տեսակէտը փոխեցին, Յիսուսի այս խօսքերուն վրայ խոկալէ ետք. «Եթէ դուք ձեզ սիրողները սիրէք, ի՞նչ առաւելութիւն [«վարձատրութիւն», ԱԾ] կ’ունենաք» (Մատ. 5։45-47)։ Անոնք ըմբռնեցին որ պէտք է Եհովան ընդօրինակեն, որ ամէնո՛ւն հանդէպ առատաձեռն է։ Ուստի նպատակ դրին հրաւիրել այն եղբայրներն ու քոյրերը, որոնք նախապէս չէին հրաւիրած։ Լուք կ’ըսէ. «Բոլորս ալ հաճոյք կ’առնենք այս քաջալերական ու շինիչ պահերէն որ միասին կ’անցընենք»։
19. Ինչպէ՞ս կը փաստենք որ Յիսուսի աշակերտներն ենք, եւ ի՞նչ վճռած ես ընել։
19 Քննարկեցինք թէ սրտանց ու ջերմօրէն իրար սիրելը ինչպէ՛ս կ’օգնէ, որ խաղաղարար, անկողմնակալ եւ հիւրասէր ըլլանք։ Պէտք է որեւէ ժխտական զգացում յաղթահարենք եւ մեր եղբայրներն ու քոյրերը պինդ սիրենք։ Եթէ այդպէս ընենք, ուրախ պիտի ըլլանք եւ պիտի փաստենք որ իրապէս Յիսուսի աշակերտներն ենք (Յովհ. 13։17, 35)։
ԵՐԳ 69 Ճամբաներդ ցուցուր ինծի
a Յիսուս ըսաւ, թէ սէրն է որ ճշմարիտ քրիստոնեաները կը բնորոշէ։ Եղբայրներու եւ քոյրերու հանդէպ մեր սէրը կը մղէ մեզ խաղաղարար, անկողմնակալ եւ հիւրասէր ըլլալու։ Բայց ասիկա միշտ դիւրին չ’ըլլար։ Յօդուածը գործնական առաջարկներ կու տայ, թէ ինչպէ՛ս շարունակենք սրտանց ու ջերմօրէն իրար սիրել։
b Այս յօդուածին մէջ կարգ մը անուններ փոխուած են։
c ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Քրոջ մը հաշտուելու առաջին փորձը կը ձախողի, բայց ան չի յանձնուիր։ Ան կը շարունակէ սէր ցոյց տալ եւ ի վերջոյ կը յաջողի։
d ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Տարիքոտ եղբայր մը անտեսուած կը զգայ ժողովքին մէջ։
e ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Քոյր մը, որ սկիզբը կը տատամսէր հիւրասիրելու, իր մտածելակերպը կը փոխէ, եւ առ ի արդիւնք շատ կ’ուրախանայ։