Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ20 Մայիս էջ 8-11
  • Երկու մրցակից թագաւորներ վերջին ժամանակին մէջ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Երկու մրցակից թագաւորներ վերջին ժամանակին մէջ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2020
  • Նոյնանման նիւթեր
  • «Հիւսիսի թագաւորը» վերջին ժամանակին մէջ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2020
  • Եհովան կը յայտնէ «ինչ որ շուտով պիտի ըլլայ»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
  • Ներկայիս ո՞վ է «հիւսիսի թագաւորը»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2020
  • Ահաւոր խորհուրդ մը կը բացայայտուի
    Յայտնութիւն. անոր հոյակապ յանգումը մօտ է
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2020
դ20 Մայիս էջ 8-11

Երկու մրցակից թագաւորներ վերջին ժամանակին մէջ

Այս ցուցակին մէջ նշուած կարգ մը մարգարէութիւններ կը նկարագրեն դէպքեր, որոնք միեւնոյն ժամանակ կը պատահին։ Բոլոր մարգարէութիւնները կը փաստեն, որ «վերջին ժամանակ»ին մէջ կ’ապրինք (Դան. 12։4)։

Ցուցակ մը ցոյց կու տայ մարգարէութիւնները եւ հիւսիսի թագաւորին ու հարաւի թագաւորին ինքնութիւնը 1870–էն մինչեւ օրս։
  • Ցուցակին առաջին մասը ցոյց կու տայ վերջին ժամանակին վերաբերող մարգարէութիւններ, ծածկելով շուրջ 1870–էն մինչեւ 1918։ Վերջին ժամանակը սկսաւ 1914–ին։ Մարգարէութիւն 1. Եօթը գլուխ ունեցող գազան մը, որ գոյութիւն ունեցած է ցուցակին մէջ նշուած առաջին թուականէն առաջ։ Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին, գազանին եօթներորդ գլուխը կը վիրաւորուի։ 1917–էն սկսեալ եօթներորդ գլուխը կը բուժուի եւ գազանը կ’ապաքինի։ Մարգարէութիւն 2. Հիւսիսի թագաւորը 1871–ին բնորոշելի կը դառնայ եւ հարաւի թագաւորը 1870–ին բնորոշելի կը դառնայ։ Հիւսիսի թագաւորը 1871–ին դարձեալ կ’երեւնայ որպէս Գերմանիան։ Հարաւի թագաւորը սկիզբը կը բնորոշուի որպէս Մեծն Բրիտանիան, բայց 1917–ին կը փոխարինուի անկլօամերիկեան աշխարհակալ ուժով։ Մարգարէութիւն 3. 1870–էն սկսեալ, Չարլզ Թ. Ռասըլ եւ իր ընկերակիցները կը բնորոշուին որպէս «պատգամաւոր»ը։ 1881–ին, ‘Սիօնի դիտարանը’ ընթերցողները կը քաջալերէ, որ բարի լուրը քարոզեն։ Մարգարէութիւն 4. 1914–էն սկսեալ, հունձքի եղանակը։ Որոմը ցորենէն կը զատուի։ Մարգարէութիւն 5. 1917–էն սկսեալ, երկաթէ ու կաւէ ոտքերը կը բնորոշուին։ Նաեւ նկարագրուած է՝ համաշխարհային իրադարձութիւններ 1914–էն 1918, Համաշխարհային Ա. պատերազմ։ Եհովայի ժողովուրդին ազդող դէպքեր. 1914–էն 1918, Բրիտանիոյ եւ Գերմանիոյ մէջ Աստուածաշունչի Աշակերտները կը բանտարկուին։ 1918–ին, Միացեալ Նահանգներուն մէջ, կեդրոնատեղիէն պատասխանատու եղբայրներ կը բանտարկուին։
    Մարգարէութիւն 1։

    Սուրբ Գիրքի համարներ Յայտ. 11։7. 12։13, 17, 18. 13։1-8, 12

    Մարգարէութիւն Գազանը դարերէ ի վեր մարդոց վրայ կ’իշխէ։ Վերջին ժամանակին, անոր եօթներորդ գլուխը կը վիրաւորուի։ Ետքը, այդ գլուխը կը բուժուի եւ «բոլոր երկիր»ը գազանին կը հետեւի։ Սատանան գազանը կը գործածէ ‘կնոջ զաւակներուն դէմ պատերազմելու’։

    Կատարում Ջրհեղեղէն ետք, Եհովային հակառակող մարդկային կառավարութիւններ մէջտեղ կու գան։ Դարեր ետք, Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին, Բրիտանական կայսրութիւնը մեծապէս կը տկարանայ։ Ան դարձեալ կը զօրանայ, երբ Միացեալ Նահանգները իրեն կը միանան։ Մանաւանդ վերջին ժամանակին, Սատանան իր ամբողջ քաղաքական դրութիւնը կը գործածէ Աստուծոյ ժողովուրդը հալածելու համար։

  • Մարգարէութիւն 2։

    Սուրբ Գիրքի համարներ Դան. 11։25-45

    Մարգարէութիւն Հիւսիսի թագաւորին եւ հարաւի թագաւորին միջեւ մրցակցութիւն։

    Կատարում Գերմանիան եւ Անկլօ–Ամերիկան կը մրցակցին։ 1945–ին Խորհրդային Միութիւնը եւ իր դաշնակիցները հիւսիսի թագաւորը կ’ըլլան։ 1991–ին, Խորհրդային Միութիւնը փուլ կու գայ, եւ ժամանակի ընթացքին Ռուսիան եւ իր դաշնակիցները հիւսիսի թագաւորը կ’ըլլան։

  • Մարգարէութիւն 3։

    Սուրբ Գիրքի համարներ Եսա. 61։1. Մաղ. 3։1, ՆԱ. Ղուկ. 4։18, 19

    Մարգարէութիւն Մեսիական Թագաւորութիւնը հաստատուելէն առաջ, Եհովան իր «պատգամաւոր»ը կը ղրկէ, որպէսզի «ճամբայ պատրաստէ»։ Այս խմբակը կը սկսի հեզերուն «աւետիս տալ»։

    Կատարում 1870–էն սկսեալ, Չ. Թ. Ռասըլ եւ իր ընկերակիցները նախանձախնդրօրէն կը ջանան աստուածաշնչական ճշմարտութիւնները բացատրել։ 1881–ին, կ’անդրադառնան թէ շատ կարեւոր է որ Աստուծոյ ծառաները քարոզեն։ Անոնք կը հրատարակեն յօդուածներ, ինչպէս՝ «Կը պահանջուի 1000 քարոզիչ» եւ «Օծուած՝ քարոզելու համար»։

  • Մարգարէութիւն 4։

    Սուրբ Գիրքի համարներ Մատ. 13։24-30, 36-43

    Մարգարէութիւն Թշնամի մը ցորենի արտի մը մէջ որոմ կը ցանէ։ Թոյլ կը տրուի, որ որոմը աճի եւ ցորենը ծածկէ մինչեւ հունձքի ժամանակը։ Ետքը, որոմը ցորենէն կը զատուի։

    Կատարում 1870–էն սկսեալ, ճշմարիտ քրիստոնեաներուն եւ կեղծ քրիստոնեաներուն միջեւ տարբերութիւնը աստիճանաբար աւելի յստակ կը դառնայ։ Վերջին ժամանակին, ճշմարիտ քրիստոնեաները կը հաւաքուին եւ կեղծ քրիստոնեաներէն կը զատուին։

  • Մարգարէութիւն 5։

    Սուրբ Գիրքի համարներ Դան. 2։31-33, 41-43

    Մարգարէութիւն Երկաթէ ու կաւէ ոտքերը, արձանի մը մէկ մասն են, որ զանազան մետաղներէ կազմուած է։

    Կատարում Կաւը կը ներկայացնէ անկլօամերիկեան աշխարհակալ ուժին ծիրէն ներս եղող արմատական եւ ժողովրդական տարրերը։ Անոնք կը տկարացնեն այս աշխարհակալ ուժին կարողութիւնը, որ երկաթանման զօրութեամբ գործէ։

  • Ցուցակին երկրորդ մասը ցոյց կու տայ վերջին ժամանակին վերաբերող մարգարէութիւններ, ծածկելով շուրջ 1919–էն մինչեւ 1945։ Հիւսիսի թագաւորը կը բնորոշուի որպէս Գերմանիան մինչեւ 1945։ Հարաւի թագաւորը կը բնորոշուի որպէս անկլօամերիկեան աշխարհակալ ուժը։ Մարգարէութիւն 6. 1919–ին, օծեալ քրիստոնեաները մէկտեղ կը ժողվուին վերահաստատուած ժողովքին մէջ։ 1919–էն սկսեալ, քարոզչութիւնը կ’աւելնայ ու կը շարունակուի։ Մարգարէութիւն 7. 1920–ին, Ազգերու դաշնակցութիւնը կը հաստատուի եւ կը մնայ մինչեւ Համաշխարհային Բ. պատերազմին սկսիլը։ Նաեւ նկարագրուած է՝ մարգարէութիւն 1–ը, եօթը գլուխ ունեցող գազանը, կը շարունակուի։ Մարգարէութիւն 5–ը, երկաթէ ու կաւէ ոտքերը, կը շարունակուի։ Համաշխարհային իրադարձութիւններ 1939–էն 1945, Համաշխարհային Բ. պատերազմ։ Եհովայի ժողովուրդին ազդող դէպքեր. 1933–էն 1945, Գերմանիոյ մէջ աւելի քան 11,000 Վկաներ կը բանտարկուին։ 1939–էն 1945, Բրիտանիոյ մէջ շուրջ 1600 Վկաներ կը բանտարկուին։ 1940–էն 1944, Միացեալ Նահանգներուն մէջ աւելի քան 2500 խուժանային յարձակում Վկաներուն դէմ։
    Մարգարէութիւն 6։

    Սուրբ Գիրքի համարներ Մատ. 13։30. 24։14, 45. 28։19, 20

    Մարգարէութիւն «Ցորենը» կը ժողվուի «ամբար»ին մէջ եւ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» կը նշանակուի տան «ծառաներուն» վրայ։ Թագաւորութեան բարի լուրը կը սկսի «բովանդակ աշխարհի մէջ» քարոզուիլ։

    Կատարում 1919–ին, հաւատարիմ ծառան կը նշանակուի Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ։ Անկէ սկսեալ, Աստուածաշունչի Աշակերտները իրենց քարոզչութիւնը կ’աւելցնեն։ Ներկայիս, Եհովայի վկաները աւելի քան 200 երկիրներու մէջ կը քարոզեն եւ աւելի քան 1000 լեզուներով աստուածաշնչական հրատարակութիւններ կ’արտադրեն։

  • Մարգարէութիւն 7։

    Սուրբ Գիրքի համարներ Դան. 12։11. Յայտ. 13։11, 14, 15

    Մարգարէութիւն Երկու եղջիւր ունեցող գազանը, ‘գազանին պատկեր մը շինելուն’ մէջ առաջնորդութիւն կ’առնէ եւ այդ ‘պատկերին հոգի կու տայ’։

    Կատարում Անկլօամերիկեան աշխարհակալ ուժը, Ազգերու դաշնակցութիւնը հաստատելուն մէջ առաջնորդութիւն կ’առնէ։ Ուրիշ ազգեր ալ այս կազմակերպութեան կը միանան։ Հիւսիսի թագաւորը Ազգերու դաշնակցութեան կը միանայ, բայց միայն 1926–էն 1933։ Ազգերու դաշնակցութեան կը տրուի այն փառաբանութիւնը, որուն միայն Աստուծոյ Թագաւորութիւնը արժանի է։ Անկէ ետք, նմանապէս կը փառաբանուի ՄԱԿ–ը։

  • Ցուցակին երրորդ մասը ցոյց կու տայ վերջին ժամանակին վերաբերող մարգարէութիւններ, ծածկելով շուրջ 1945–էն մինչեւ 1991։ Հիւսիսի թագաւորը կը բնորոշուի որպէս Խորհրդային Միութիւնը եւ իր դաշնակիցները մինչեւ 1991, իսկ անկէ յետոյ՝ որպէս Ռուսիան եւ իր դաշնակիցները։ Հարաւի թագաւորը կը բնորոշուի որպէս անկլօամերիկեան աշխարհակալ ուժը։ Մարգարէութիւն 8. Աթոմական ռումբի պատճառած սունկի նման ամպ մը, որ ցոյց կու տայ անկլօամերիկեան աշխարհակալ ուժին գործած ահռելի վնասը։ Մարգարէութիւն 9. 1945–ին, Միացեալ ազգերը կը հաստատուի, փոխարինելով Ազգերու դաշնակցութիւնը։ Նաեւ նկարագրուած է՝ մարգարէութիւն 1–ը, եօթը գլուխ ունեցող գազանը, կը շարունակուի։ Մարգարէութիւն 5–ը, երկաթէ ու կաւէ ոտքերը, կը շարունակուի։ Մարգարէութիւն 6. 1945–ին կան աւելի քան 156,000 հրատարակիչներ։ 1991–ին կան աւելի քան 4,278,000 հրատարակիչներ։ Եհովայի ժողովուրդին ազդող դէպքեր. 1945-1950–ականներ, Խորհրդային Միութեան մէջ հազարաւոր Վկաներ Սիպերիա կ’աքսորուին։
    Մարգարէութիւն 8։

    Սուրբ Գիրքի համարներ Դան. 8։23, 24

    Մարգարէութիւն Պնդերես թագաւոր մը «ահաւոր աւերներ» կը գործէ։

    Կատարում Անկլօամերիկեան աշխարհակալ ուժը հսկայ կործանում պատճառած է։ Օրինակ, Համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին, Միացեալ Նահանգները աննախընթաց տարողութեամբ սարսափելի կործանում պատճառեցին, երբ երկու աթոմական ռումբեր նետեցին անկլօամերիկեան աշխարհակալ ուժին թշնամիին վրայ։

  • Մարգարէութիւն 9։

    Սուրբ Գիրքի համարներ Դան. 11։31. Յայտ. 17։3, 7-11

    Մարգարէութիւն Տասը եղջիւր ունեցող «կարմիր գազան»ը անդունդէն կ’ելլէ, եւ ան ութերորդ թագաւորն է։ Դանիէլ գիրքը այս թագաւորին կ’ակնարկէ որպէս «աւերող պղծութիւնը»։

    Կատարում Ազգերու դաշնակցութիւնը Համաշխարհային Բ. պատերազմին անգործունեայ կը դառնայ։ Պատերազմէն ետք, ՄԱԿ–ը կը հաստատուի։ Ազգերու դաշնակցութեան պէս, ՄԱԿ–ը կը ստանայ այն փառքը, որուն միայն Աստուծոյ Թագաւորութիւնը արժանի է։ ՄԱԿ–ը պիտի յարձակի կրօնքին վրայ։

  • Ցուցակին չորրորդ մասը ցոյց կու տայ վերջին ժամանակին վերաբերող մարգարէութիւններ, ծածկելով ներկայ ժամանակէն մինչեւ Արմագեդոն։ Հիւսիսի թագաւորը կը բնորոշուի որպէս Ռուսիան եւ իր դաշնակիցները։ Հարաւի թագաւորը կը բնորոշուի որպէս անկլօամերիկեան աշխարհակալ ուժը։ Մարգարէութիւն 10. Աշխարհի առաջնորդները կը յայտարարեն, թէ ‘խաղաղութիւն ու ապահովութիւն է’։ Ետքը, մեծ նեղութիւնը կը սկսի։ Մարգարէութիւն 11. Ազգերը կը յարձակին սուտ–կրօնական կազմակերպութիւններուն վրայ։ Մարգարէութիւն 12. Աշխարհի կառավարութիւնները կը յարձակին Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ։ Օծեալ մնացորդը երկինք կ’առնուի։ Մարգարէութիւն 13. Արմագեդոն։ Ճերմակ ձիու վրայ հեծնողը իր յաղթանակը կ’ամբողջացնէ։ Եօթը գլուխ ունեցող գազանը կը բնաջնջուի. հսկայ արձանը կը փշրուի՝ իր երկաթէ ու կաւէ ոտքերը հարուածելով։ Նաեւ նկարագրուած է՝ մարգարէութիւն 1–ը, եօթը գլուխ ունեցող գազանը, կը շարունակուի մինչեւ Արմագեդոն։ Մարգարէութիւն 5–ը, երկաթէ ու կաւէ ոտքերը, կը շարունակուի մինչեւ Արմագեդոն։ Մարգարէութիւն 6. ներկայիս կան աւելի քան 8,680,000 հրատարակիչներ։ Եհովայի ժողովուրդին ազդող դէպքեր։ 2017–ին, Ռուսիոյ իշխանութիւնները Վկաներ կը բանտարկեն եւ մասնաճիւղի շէնքերը կը բռնագրաւեն։
    Մարգարէութիւններ 10 եւ 11։

    Սուրբ Գիրքի համարներ Ա. Թես. 5։3. Յայտ. 17։16

    Մարգարէութիւն Առաջնորդները կը յայտարարեն, թէ «խաղաղութիւն ու ապահովութիւն է», եւ «տասը եղջիւրները» ու «գազանը» «պոռնիկ»ին վրայ կը յարձակին եւ զայն կը կործանեն։ Անկէ ետք, կառավարութիւնները մէջտեղէն կը վերցուին։

    Կատարում Ազգերը կը դաւանին որ խաղաղութիւն ու ապահովութիւն իրագործած են։ Ետքը, ՄԱԿ–ի անդամ եղող պետութիւնները կը կործանեն սուտ–կրօնական կազմակերպութիւնները, եւ այսպէս կը սկսի մեծ նեղութեան առաջին հանգրուանը։ Մեծ նեղութիւնը վերջ պիտի գտնէ՝ ամբողջ չար աշխարհը կործանուելով Արմագեդոնին։

  • Մարգարէութիւն 12։

    Սուրբ Գիրքի համարներ Եզեկ. 38։11, 14-17. Մատ. 24։31

    Մարգարէութիւն Գոգը Աստուծոյ ժողովուրդին երկիրը կը մտնէ։ Ետքը, հրեշտակները կը ժողվեն «ընտրեալները»։

    Կատարում Հիւսիսի թագաւորը, աշխարհի միւս բոլոր կառավարութիւններուն հետ մէկտեղ, Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ կը յարձակի։ Այս յարձակումը սկսելէն ժամանակ մը ետք, օծեալ մնացորդը երկինք կ’առնուի։

  • Մարգարէութիւն 13։

    Սուրբ Գիրքի համարներ Եզեկ. 38։18-23. Դան. 2։34, 35, 44, 45. Յայտ. 6։2. 16։14, 16. 17։14. 19։20

    Մարգարէութիւն ‘Ճերմակ ձիու վրայ հեծնողը’ իր յաղթանակը կ’ամբողջացնէ, կործանելով Գոգը եւ անոր բանակը։ «Գազանը» ‘կրակին լիճը կը ձգուի’ եւ հսկայ արձանը կը փշրուի։

    Կատարում Յիսուս՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան իշխող Թագաւորը, Աստուծոյ ժողովուրդը կ’ազատէ։ Իր 144,000 իշխանակիցներուն եւ հրեշտակային զօրքերուն հետ, ան կը կործանէ աշխարհի կառավարութիւններու միութիւնը, վերջ դնելով Սատանայի ամբողջ քաղաքական դրութեան։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել