ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 43
Մի՛ յանձնուիր
«Բարիք գործելէն չձանձրանանք» (ԳԱՂ. 6։9)։
ԵՐԳ 98 Թագաւորութեան սերմեր ցանենք
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿa
1. Ինչո՞ւ ուրախ ենք եւ հպարտ ենք, որ Եհովայի վկաներ ենք։
ՄԵՆՔ շա՜տ ուրախ ենք եւ հպարտ ենք, որ Եհովայի վկաներ ենք։ Աստուծոյ անունը կը կրենք, եւ կը փաստենք որ իր Վկաներն ենք՝ իր մասին քարոզելով եւ իր մասին ուրիշներուն սորվեցնելով։ Կ’ուրախանանք, երբ «յաւիտենական կեանքի հանդէպ ճիշդ տրամադրուած» անձի մը կ’օգնենք, որ հաւատացեալ դառնայ (Գործք 13։48, ՆԱ)։ Մեր զգացումները նման են Յիսուսի զգացումներուն, որ «Հոգիով ուրախացաւ», երբ իր աշակերտները իրեն պատմեցին քարոզչութեան մէջ իրենց ունեցած լաւ փորձառութիւնները (Ղուկ. 10։1, 17, 21)։
2. Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ, որ մեր ծառայութիւնը լուրջի կ’առնենք։
2 Մենք մեր ծառայութիւնը լուրջի կ’առնենք։ Պօղոս առաքեալ Տիմոթէոսը յորդորեց. «Զգուշութիւն ըրէ քու անձիդ ու վարդապետութեանդ»։ Ինչո՞ւ։ Ան ըսաւ. «Այդպէս ընելով՝ քեզ ալ պիտի ապրեցնես ու զանոնք ալ, որոնք քեզի մտիկ կ’ընեն» (Ա. Տիմ. 4։16)։ Կը տեսնենք որ մեր քարոզչութիւնը կեանքեր կը փրկէ։ Մենք Աստուծոյ Թագաւորութեան հպատակները ըլլալով, միշտ ուշադիր կ’ըլլանք թէ ինչպէ՛ս կը վարուինք։ Կ’ուզենք միշտ այնպէս մը վարուիլ, որ Եհովային փառք բերենք եւ ցոյց տանք, որ մեր քարոզած բարի լուրին կը հաւատանք (Փլպ. 1։27)։ Եւ ցոյց կու տանք, որ ‘զգուշութիւն կ’ընենք մեր վարդապետութեանը’՝ ծառայութեան համար լաւ պատրաստուելով եւ մէկու մը վկայելէ առաջ Եհովային օրհնութիւնը խնդրելով։
3. Ամէն մարդ Թագաւորութեան պատգամին պիտի ընդառաջէ՞. օրինակ մը տուր։
3 Սակայն, նոյնիսկ երբ մեր լաւագոյնը կ’ընենք, թերեւս մեր թաղամասին մէջ քիչեր Թագաւորութեան պատգամին ընդառաջեն։ Նկատի առ եղբայր Կէորկ Լինտալի փորձառութիւնը, որ 1929–էն մինչեւ 1947 մինակը քարոզեց Իսլանտայի տարբեր շրջաններու մէջ։ Ան տասնեակ հազարաւոր հրատարակութիւններ բաշխեց, բայց մէ՛կը ճշմարտութիւնը չընդունեց։ Ան գրեց. «Այնպէս կ’երեւի, թէ ոմանք ճշմարտութեան դէմ տրամադրուած են, բայց մեծամասնութիւնը անտարբեր են»։ Նոյնիսկ Գաղաադի դպրոցը աւարտած միսիոնարներ հասնելէ եւ գործը ընդարձակելէ ետք, ինը տարի առաւ մինչեւ որ կարգ մը իսլանտացիներ իրենց կեանքը Եհովային նուիրեցին եւ մկրտուեցանb։
4. Թերեւս ի՞նչ զգանք, երբ մարդիկ Աստուածաշունչը սերտելով չհետաքրքրուին։
4 Յուսախաբ կ’ըլլանք, երբ մարդիկ Աստուածաշունչը սերտելով չեն հետաքրքրուիր։ Թերեւս Պօղոսին պէս զգանք, որ ‘մեծ տրտմութիւն եւ սրտի ցաւ’ ունեցաւ, քանի որ հրեաներուն մեծամասնութիւնը Յիսուսը չընդունեց որպէս խոստացեալ Մեսիան (Հռով. 9։1-3)։ Թերեւս մէկու մը հետ Աստուածաշունչը կը սերտես։ Ամէն ջանք կը թափես, որ լաւ ուսուցիչ ըլլաս եւ աշակերտիդ համար շատ կ’աղօթես։ Բայց ան իր սորվածը չի գործադրեր, եւ կը ստիպուիս սերտողութիւնը կեցնել։ Կամ թերեւս անձամբ մէկու մը չես օգնած, որ մկրտութեան հասնի։ Արդեօք պէ՞տք է յանցաւոր զգաս, թերեւս խորհելով որ Եհովան ծառայութիւնդ չ’օրհներ։ Յօդուածին մէջ այս երկու հարցումներուն պիտի պատասխանենք. 1) Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ, որ մեր ծառայութիւնը յաջող է։ 2) Ի՞նչ պէտք է ակնկալենք, երբ կը քարոզենք։
Ի՞ՆՉ ԲԱՆ ՑՈՅՑ ԿՈՒ ՏԱՅ, ՈՐ ՄԵՐ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՋՈՂ Է
5. Թերեւս ինչո՞ւ մեր ծառայութիւնը մեր ուզած արդիւնքը չտայ։
5 Աստուածաշունչը Աստուծոյ կամքը ընողին համար կ’ըսէ. «Ինչ բան որ ընէ՝ պիտի յաջողի» (Սաղ. 1։3)։ Սակայն, ատիկա չի նշանակեր թէ ամէն բան որ Եհովայի համար կ’ընենք, մեր ուզած արդիւնքը պիտի տայ։ Մարդկային կեանքը խնդիրներով լեցուն է, քանի որ անկատար ենք՝ թէ՛ մենք եւ թէ ուրիշներ (Յոբ 14։1)։ Ասկէ զատ, թերեւս հակառակորդները ժամանակաւորապէս կարենան խանգարել քարոզելու մեր սովորական կերպը (Ա. Կոր. 16։9. Ա. Թես. 2։18)։ Ուրեմն, Եհովան ի՞նչ բանի հիման վրայ կ’որոշէ, թէ մեր քարոզչութիւնը յաջո՛ղ է կամ ոչ։ Նկատի առ Աստուածաշունչի կարգ մը սկզբունքներ, որոնք կ’օգնեն այս հարցումին պատասխանելու։
Եհովան կ’արժեւորէ մեր թափած ջանքերը, ըլլան ատոնք՝ դէմ առ դէմ քարոզելու ատեն, նամակ գրելու ատեն կամ հեռաձայնով վկայելու ատեն (տե՛ս պարբ. 6)
6. Եհովայի աչքին մեր աշխատանքը ե՞րբ յաջող կ’ըլլայ։
6 Եհովան կը տեսնէ մեր ջանքերը եւ տոկունութիւնը։ Եհովայի աչքին, մեր ծառայութիւնը յաջող կ’ըլլայ, երբ զայն նախանձախնդրութեամբ եւ սիրով կ’ընենք, ի՛նչ ալ ըլլայ մարդոց հակազդեցութիւնը։ Պօղոս գրեց. «Աստուած անիրաւ չէ, որ ձեր գործը մոռնայ ու այն սէրը զոր իր անուանը համար ցուցուցիք, որ սուրբերուն ծառայեցիք ու կը ծառայէք» (Եբ. 6։10)։ Եհովան կը յիշէ մեր ջանքերն ու սէրը, նոյնիսկ եթէ անոնք դրական արդիւնք չտան։ Ուստի, կորնթացիներուն ուղղուած Պօղոսի խօսքը կրնայ քեզի ալ կիրարկուիլ. ‘Քու աշխատութիւնդ պարապ չէ Տէրոջմով’, նոյնիսկ եթէ տարած աշխատանքիդ արդիւնքը յուսացածիդ պէս չըլլայ (Ա. Կոր. 15։58)։
7. Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Պօղոս առաքեալի ըսածէն իր ծառայութեան մասին։
7 Պօղոս առաքեալ հոյակապ միսիոնար մըն էր, որ շատ մը քաղաքներու մէջ նոր ժողովքներ հաստատեց։ Սակայն, երբ կարգ մը մարդիկ Պօղոսը քննադատեցին եւ ըսին որ լաւ ուսուցիչ չէր, ան չըսաւ թէ որքա՜ն շատ մարդոց օգնած էր որ քրիստոնեայ ըլլան։ Փոխարէնը, մերժելով այն մարդոց մեղադրանքները, որոնք կ’ուզէին իրմէ աւելի լաւ երեւնալ, ան գրեց որ անոնցմէ ‘աւելի աշխատանք’ ըրած էր (Բ. Կոր. 11։23)։ Պօղոսին պէս, միտքդ պահէ որ Եհովայի համար ամենակարեւոր բանն է, որ ջանք թափես եւ չյանձնուիս։
8. Մեր ծառայութեան նկատմամբ ի՞նչ բան պէտք է մեր միտքը պահենք։
8 Մեր ծառայութիւնը Եհովան կը հաճեցնէ։ Յիսուս իր աշակերտները ղրկեց Թագաւորութեան պատգամը քարոզելու, եւ անոնք քարոզարշաւէն «դարձան ուրախութեամբ»։ Ինչո՞ւ այսքան ուրախ էին։ Անոնք ըսին. «Քու անունովդ դեւերն ալ մեզի կը հնազանդէին»։ Սակայն, Յիսուս անոնց մտածելակերպը սրբագրեց, ըսելով. «Անոր համար մի՛ ուրախանաք, որ չար ոգիները ձեզի կը հնազանդին, հապա ուրախացէք որ ձեր անունները երկինքը գրուած են» (Ղուկ. 10։17-20)։ Յիսուս գիտէր, թէ անոնք իրենց ծառայութեան մէջ միշտ հիանալի փորձառութիւններ պիտի չունենային։ Նոյնիսկ չենք գիտեր, թէ Յիսուսի աշակերտներուն մտիկ ընող մարդոցմէն որքա՛նը ի վերջոյ քրիստոնեաներ դարձան։ Աշակերտները պէտք էր ուրախանային՝ ոչ միայն ծառայութեան մէջ իրենց բերած արդիւնքներով, հապա աւելի կարեւորը, գիտնալով որ Եհովան իրենց կը հաճէր իրենց ծանր աշխատանքին համար։
9. Գաղատացիս 6։7-9–ին համաձայն, եթէ ծառայութեան մէջ տոկանք, արդիւնքը ի՞նչ պիտի ըլլայ։
9 Եթէ ծառայութեան մէջ տոկանք, յաւիտենական կեանք պիտի ունենանք։ Երբ Թագաւորութեան ճշմարտութեան սերմերը ամբողջ սրտով կը ցանենք ու կը մշակենք, ‘հոգիին ալ սերմանած կ’ըլլանք’, թոյլ տալով որ Աստուծոյ սուրբ հոգին ազատօրէն գործէ մեր կեանքին մէջ։ Այնքան ատեն որ չենք յանձնուիր կամ չենք թուլնար, Եհովան կը խոստանայ որ յաւիտենական կեանք պիտի հնձենք, նոյնիսկ եթէ չկարենանք մէկու մը օգնել, որ մկրտութեան հասնի (կարդա՛ Գաղատացիս 6։7-9)։
Ի՞ՆՉ ՊԷՏՔ Է ԱԿՆԿԱԼԵՆՔ, ԵՐԲ ԿԸ ՔԱՐՈԶԵՆՔ
10. Երբ կը քարոզենք, ինչո՞ւ ոմանք ականջ կու տան, իսկ ուրիշներ՝ ոչ։
10 Մեզի մտիկ ընողներուն հակազդեցութիւնը գլխաւորաբար կախեալ է իրենց սրտի վիճակէն։ Յիսուս այս ճշմարտութիւնը բացատրեց առակով մը, որուն մէջ սերմնացանը տարբեր տեսակի հողերու մէջ սերմեր ցանեց, եւ անոնցմէ միայն մէկը պտուղ տուաւ (Ղուկ. 8։5-8)։ Յիսուս ըսաւ որ տարբեր տեսակի հողերը կը ներկայացնեն մարդիկ, որոնց սրտերը տարբեր կերպերով կ’ընդառաջեն ‘Աստուծոյ խօսքին’ (Ղուկ. 8։11-15)։ Սերմնացանին պէս, մենք ալ չենք կրնար ազդեցութիւն ունենալ մեր գործին արդիւնքին վրայ, քանի որ անիկա կախեալ է մեզի մտիկ ընողներուն սրտի վիճակէն։ Մեր պատասխանատուութիւնն է՝ Թագաւորութեան պատգամին բարի սերմը շարունակ ցանել։ Ինչպէս Պօղոս առաքեալ ըսաւ՝ «ամէն մէկը իր վարձքը պիտի առնէ իր աշխատութեան չափովը», եւ ոչ թէ իր աշխատութեան արդիւնքին չափովը (Ա. Կոր. 3։8)։
Թէեւ Նոյ երկար տարիներ քարոզեց, բայց միայն ինք ու իր ընտանիքը տապանը մտան։ Հակառակ ասոր, Նոյ Եհովային հնազանդ էր եւ իրեն տրուած գործը կատարեց (տե՛ս պարբերութիւն 11)
11. Եհովան ինչո՞ւ հաճեցաւ Նոյի քարոզչութեան, թէեւ մարդիկ անոր մտիկ չըրին (տե՛ս կողքին նկարը)։
11 Պատմութեան ընթացքին, Եհովայի ծառաներէն շատեր քարոզած են մարդոց, որոնք չեն ուզած մտիկ ընել։ Օրինակ, Նոյ հաւանաբար տասնամեակներով «արդարութեան քարոզիչ» էր (Բ. Պետ. 2։5)։ Անկասկած ան յոյս ունէր, որ ուրիշներ իրեն մտիկ պիտի ընէին, բայց Եհովան չըսաւ որ ատանկ բան պիտի պատահէր։ Փոխարէնը, երբ Նոյին պատուիրեց որ տապանը շինէ, իրեն ըսաւ. «Տապանը պիտի մտնէք դուն ու քու որդիներդ եւ կինդ ու որդիներուդ կիները քեզի հետ» (Ծն. 6։18)։ Եւ Նոյ՝ նկատի առնելով տապանին չափերն ու մեծութիւնը, թերեւս գիտակցեցաւ որ շատ մարդիկ պիտի չընդառաջէին իր քարոզած պատգամին, քանի որ տապանին մէջ շատ մարդ պիտի չբաւէր (Ծն. 6։15)։ Ինչպէս գիտենք, այդ վայրագ աշխարհէն նոյնիսկ մէկ անձ մտիկ չըրաւ Նոյին (Ծն. 7։7)։ Արդեօք Եհովայի աչքին Նոյ ձախո՞ղ մէկն էր։ Բնաւ երբեք։ Աստուծոյ աչքին Նոյ յաջող քարոզիչ էր, քանի որ հաւատարմօրէն ըրաւ այն ինչ որ իրմէ խնդրած էր որ ընէ (Ծն. 6։22)։
12. Երեմիա մարգարէն ինչպէ՞ս իր ծառայութեան մէջ ուրախութիւն գտաւ անտարբերութեան եւ հակառակութեան դիմաց։
12 Երեմիա մարգարէն ալ տասնամեակներով քարոզեց անտարբերութեան եւ հակառակութեան դիմաց։ Ան այնքա՛ն ընկճուեցաւ հակառակորդներու ‘նախատինքէն ու անարգանքէն’, որ մտածեց իր նշանակումը ձգելու մասին (Եր. 20։8, 9)։ Բայց ան չյանձնուեցաւ։ Ի՞նչ բան իրեն օգնեց, որ շարունակէ տոկալ եւ իր ծառայութեան մէջ ուրախութիւն գտնել։ Երեմիան կեդրոնացաւ երկու կարեւոր իրողութիւններու վրայ։ Առաջին, իր քարոզած պատգամը ‘ապագայ մը եւ յոյս մը’ պիտի տար մարդոց (Եր. 29։11)։ Երկրորդ, Եհովան իր անունը դրած էր Երեմիայի վրայ (Եր. 15։16)։ Մենք ալ այս խաւար աշխարհին մէջ, մեր պատգամով մարդոց յոյս կու տանք եւ Եհովայի անունը կը կրենք որպէս իր Վկաները։ Երբ այս երկու կարեւոր իրողութիւններուն վրայ կեդրոնանանք, կրնանք ուրախ ըլլալ, ի՛նչ ալ ըլլայ մարդոց հակազդեցութիւնը։
13. Ի՞նչ կը սորվինք Յիսուսի առակէն, որ Մարկոս 4։26-29–ին մէջ արձանագրուած է։
13 Հոգեւոր աճումը կամաց–կամաց կ’ըլլայ։ Յիսուս այս ճշմարտութիւնը սորվեցուց, երբ աճող սերմին առակը պատմեց (կարդա՛ Մարկոս 4։26-29)։ Սերմնացանը սերմերը ցանելէն ետք, անոնք կամաց–կամաց աճեցան, եւ ինք բան մը չէր կրնար ընել, որ անոնք աւելի արագ աճին։ Դուն ալ թերեւս աշակերտելու գործիդ մէջ երկար ժամանակ արդիւնք չտեսնես, քանի որ աճումը տեղի կ’ունենայ կամաց–կամաց եւ հանգրուաններով։ Աշակերտելը, հողագործութեան պէս, համբերութիւն կը պահանջէ (Յակ. 5։7, 8)։
14. Ի՞նչ օրինակ ցոյց կու տայ, որ թերեւս մարդոց հետ երկար ժամանակ առնէ, մինչեւ որ սկսին մեզի մտիկ ընել։
14 Կարգ մը թաղամասերու մէջ, երկար ժամանակ կ’առնէ, մինչեւ որ մէկը մկրտուի։ Նկատի առ երկու հարազատ քոյրերու՝ Կլատիս եւ Ռուպի Ալէններուն փորձառութիւնը։ 1959–ին, Քանատայի մէջ, անոնք որպէս կանոնաւոր ռահվիրաներ նշանակուեցան Քեպէքի մէկ գիւղաքաղաքին մէջc։ Մարդիկ՝ շրջանակի ճնշումին եւ կաթողիկէ եկեղեցիին ազդեցութեան տակ ըլլալով, Թագաւորութեան պատգամը մտիկ չէին ըներ։ Կլատիս ըսաւ. «Երկու տարի շարունակ օրական ութ ժամ դռնէ դուռ կը ծառայէինք եւ մէ՛կը դուռը չէր բանար։ Անոնք դրան կը մօտենային, կը տեսնէին որ մենք ենք եւ առանց դուռը բանալու կը հեռանային։ Բայց մենք չյանձնուեցա՛նք»։ Ժամանակի ընթացքին, մարդիկ աւելի ընկերային դարձան եւ ոմանք սկսան մտիկ ընել։ Այժմ, այդ գիւղաքաղաքին մէջ երեք ժողովքներ կան (Եսա. 60։22)։
15. Ա. Կորնթացիս. 3։6, 7–էն ի՞նչ կը սորվինք աշակերտելու գործին մասին։
15 Աշակերտելը հաւաքական ջանքեր կը պահանջէ։ Կ’ըսուի որ մէկը ճշմարտութեան կու գայ ամբողջ ժողովքին ջանքերով (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 3։6, 7)։ Հրատարակիչ մը հետաքրքրուած անհատի մը թերթիկ կամ պարբերաթերթ կու տայ։ Ան կը տեսնէ, որ պիտի չկարենայ անհատին ուզած ժամանակին վերադառնալ, անոր համար ուրիշ հրատարակիչէ մը կը խնդրէ որ վերայցելէ անոր։ Եւ այդ հրատարակիչը կը սկսի անհատին հետ Աստուածաշունչը սերտել։ Ան տարբեր եղբայրներ ու քոյրեր կը հրաւիրէ ուսումնասիրութեան եւ անոնցմէ ամէն մէկը տարբեր կերպով մը աշակերտը կը քաջալերէ։ Իւրաքանչիւր եղբայր կամ քոյր աշակերտին մէջ ճշմարտութեան սերմը պիտի ջրէ։ Այդպիսով, Յիսուսի ըսածին պէս, սերմանողն ու հնձողը մէկտեղ կրնան ուրախանալ հոգեւոր հունձքի ատեն, այսինքն՝ երբ անհատը մկրտուի (Յովհ. 4։35-38)։
16. Ինչո՞ւ կրնաս ծառայութեանդ մէջ ուրախութիւն գտնել, նոյնիսկ եթէ առողջութիւնդ ետեւ երթայ կամ ուժէ իյնաս։
16 Թերեւս ուզածիդ չափ չես կրնար բարի լուրը քարոզել ու սորվեցնել, քանի որ առողջութիւնդ ետեւ կ’երթայ կամ ուժէ կ’իյնաս։ Բայց տակաւին կրնաս հունձքին մէջ ունեցած դերովդ ուրախանալ։ Նկատի առ Դաւիթ թագաւորին հետ պատահած դէպքը, երբ ան ու իր տղամարդիկը իրենց ընտանիքներն ու ստացուածքները ազատեցին ամաղեկացիներէն։ Այդ տղամարդոցմէն երկու հարիւրը այնքա՛ն յոգնած էին, որ չէին կրնար կռուիլ, անոր համար մնացին, որ ապրանքներուն վրայ հսկեն։ Յաղթանակ տանելէ ետք, Դաւիթ պատուիրեց որ աւարը հաւասարապէս բաժնուի բոլորին միջեւ (Ա. Թագ. 30։21-25)։ Այս պատմութենէն բան մը կը սորվինք մեր աշակերտելու գործին մասին։ Թերեւս ուզածիդ չափ չկարենաս քարոզել ու աշակերտել։ Բայց եթէ ամէն կարելիդ ընես, կրնաս մեծապէս ուրախանալ ամէն անգամ որ նորեկ մը Եհովան կը ճանչնայ եւ կը մկրտուի։
17. Ի՞նչ բանի համար պէտք է Եհովայէն շնորհակալ ըլլանք։
17 Մենք Եհովայէն շնորհակալ ենք, որ մեր ծառայութիւնը կը գնահատէ։ Ան գիտէ թէ չենք կրնար մարդիկը ստիպել, որ մեզի մտիկ ընեն կամ սկսին զինք պաշտել։ Եւ տեսնելով, որ հակառակ ատոր մենք շատ ջանք կը թափենք եւ զինք շատ կը սիրենք, մեզ կը վարձատրէ։ Ան նաեւ մեզի կը սորվեցնէ, թէ ինչպէ՛ս կրնանք մեծ հունձքին մէջ մեր ունեցած դերով ուրախանալ (Յովհ. 14։12)։ Կրնանք վստահ ըլլալ, թէ այնքան ատեն որ չենք յանձնուիր, Եհովան մեզի կը հաճի։
ԵՐԳ 92 «Խօսքը քարոզէ՛»
a Մենք կ’ուրախանանք, երբ մարդիկ բարի լուրին կ’ընդառաջեն, եւ յուսախաբ կ’ըլլանք, երբ չեն ընդառաջեր։ Թերեւս կը սերտես մէկու մը հետ, որ իր սորվածը չի գործադրեր։ Կամ թերեւս մէկու մը ուղղակիօրէն չես օգնած, որ մկրտութեան հասնի։ Ասիկա կը նշանակէ՞, որ աշակերտելու գործին մէջ ձախողած ես։ Յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք, թէ ինչո՛ւ կրնա՛նք մեր ծառայութեան մէջ յաջողիլ եւ ուրախութիւն գտնել՝ ուրիշներ ընդառաջե՛ն կամ ոչ։
b Տե՛ս 2005–ի Եհովայի վկաներու տարեգիրք–ը, էջ 205-211 (արաբ.)։
c Տե՛ս Կլատիս Ալէնի կենսագրութիւնը՝ «Բան մը պիտի չփոխէի», Դիտարան–ի 1 սեպտեմբեր 2002 թիւին մէջ (արաբ.)։