Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ21 Նոյեմբեր էջ 31
  • Գիտէի՞ր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Գիտէի՞ր
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2021
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Նաւումի, Ամբակումի եւ Սոփոնիայի գիրքերէն աչքառու կէտեր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2007
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2021
դ21 Նոյեմբեր էջ 31
Ինչպէս որ գծագրիչ մը կ’երեւակայէ Նինուէի շէնքերն ու արձանները։

Նինուէ քաղաքը տպաւորիչ շէնքեր եւ արձաններ ունէր

Գիտէի՞ր

Նինուէին ի՞նչ պատահեցաւ Յովնանին օրերէն ետք

Ք.Ա. 7–րդ դարուն, Ասորեստանը աշխարհի ամենամեծ կայսրութիւնը եղած էր։ «Անոր տարածքը կը պարփակէր Կիպրոսէն մինչեւ Իրան եւ որոշ ատեն մը՝ Եգիպտոսն ալ», ինչպէս բացատրուած է Բրիտանական թանգարանի մէկ կայքին վրայ։ Անոր մայրաքաղաքը՝ Նինուէ, աշխարհի ամենամեծ քաղաքն էր։ Անիկա բազմաթիւ գեղեցիկ պարտէզներ, հսկայ պալատներ եւ մեծ գրադարաններ ունէր։ Քաղաքի պատերուն վրայ եղած գրութիւնները ցոյց կու տան, թէ Աշուրպանիփալ թագաւորը, Ասորեստանի միւս թագաւորներուն պէս, ինքզինք կը կոչէր «աշխարհի թագաւորը»։ Անոր իշխանութեան ատեն, կը թուէր թէ ո՛չ մէկը կրնար Ասորեստանը եւ Նինուէն տապալել։

Քարտէս մը ցոյց կու տայ Ք.Ա. եօթներորդ դարուն Ասորական կայսրութեան սահմանները։ Քարտէսին վրայ կ’երեւին Եգիպտոսը, Կիպրոս կղզին եւ Նինուէն։

Այդ ատեն, ասորական աշխարհակալ ուժը աշխարհի ամէնէն մեծ կայսրութիւնն էր

Բայց երբ Ասորեստանը իր ամէնէն զօրաւոր վիճակին մէջ էր, Եհովայի Սոփոնիա մարգարէն ըսաւ. «[Եհովան] ասորեստանցին պիտի կորսնցնէ եւ Նինուէն աւերակի ու անապատի պէս չոր երկրի պիտի վերածէ»։ Ասկէ զատ, Նաւում մարգարէն ըսաւ. «Արծաթ յափշտակեցէ՛ք, ոսկի յափշտակեցէ՛ք. . . [քաղաքը] պարապ ու պարպուած ու դատարկուած է։ . . .Ամէն քեզ տեսնող քեզմէ պիտի փախչի ու պիտի ըսէ. ‘Նինուէն աւերակ եղաւ’» (Սոփ. 2։13. Նաւ. 2։9, 10. 3։7)։ Այս մարգարէութիւնները լսելով, մարդիկ թերեւս հարց տային. ‘Կարելի՞ է, որ ասանկ բան մը ըլլայ։ Կարելի՞ է որ հզօր Ասորեստանը նուաճուի’։ Մարդոց համար ասիկա անհաւատալի բան մըն էր։

Նինուէն դարձաւ ամայի վայր մը

Սակայն, այդ մարգարէութիւնները կատարուեցան։ Ք.Ա. 7–րդ դարուն վերջաւորութեան, բաբելոնացիներն ու մարերը նուաճեցին Ասորեստանը։ Ի վերջոյ, Նինուէն անբնակ դարձաւ եւ մոռցուեցաւ։ Ըստ Նիւ Եորքի Մեթրոփոլիթըն թանգարանին կողմէ լոյս տեսած հրատարակութեան մը, «միջին դարերուն Նինուէն հողի տակը անցած էր եւ կը յիշուէր գլխաւորաբար Աստուածաշունչին մէջ»։ Իսկ ուրիշ աղբիւրի մը համաձայն, արդէն 1800–ականներուն սկիզբը, «մէկը չէր կրնար վստահութեամբ ըսել, որ Ասորեստանի մեծ մայրաքաղաքը գոյութիւն ունեցած էր» (Biblical Archaeology Society Online Archive)։ Բայց ետքը՝ 1845–ին, հնագէտ Օսթին Հենրի Լէյըրտ սկսաւ Նինուէի աւերակները մէջտեղ հանել։ Իր գտածը փաստեց, որ Նինուէն փառաւոր քաղաք մը եղած էր։

Նինուէին մասին ըսուած մարգարէութիւններուն այսքան ճշգրտութեամբ կատարուիլը մեր վստահութիւնը կ’աւելցնէ, որ պիտի կատարուի՛ն Աստուածաշունչի այն մարգարէութիւնները, որոնք կ’ըսեն թէ հիմակուան քաղաքական ուժերը վերջ պիտի գտնեն (Դան. 2։44. Յայտ. 19։15, 19-21)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել