Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ22 Մարտ էջ 2-7
  • Կրնա՛ս «հին անձնաւորութիւնը» վրայէդ հանել

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Կրնա՛ս «հին անձնաւորութիւնը» վրայէդ հանել
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2022
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ի՞ՆՉ Է «ՀԻՆ ԱՆՁՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ»
  • ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՍ ՀԻՆ ԱՆՁՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ‘ՎՐԱՅԷԴ ՀԱՆԵԼ’
  • ԿՐՆԱ՛Ս ՄԿՐՏՈՒԵԼՈՒ ՈՐԱԿԵԱԼ ԸԼԼԱԼ
  • Ինչպէ՞ս կրնանք հին անձնաւորութիւնը հանել եւ անգամ մըն ալ չհագնիլ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2017
  • Մկրտուելէ ետք, շարունակէ «նոր անձնաւորութիւնը» հագնիլ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2022
  • «Աստուծոյ խօսքը կենդանի է»
    Աստուածաշունչը Աստուծո՞յ խօսքն է, թէ՝ մարդոց
  • ‘Նոր Անձնաւորութիւնը Հագնինք’
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1999)
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2022
դ22 Մարտ էջ 2-7

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 10

Կրնա՛ս «հին անձնաւորութիւնը» վրայէդ հանել

«Հին մարդը [«անձնաւորութիւնը», ՆԱ] իր գործերովը ձեր վրայէն հանեցէ՛ք» (ԿՈՂ. 3։9)։

ԵՐԳ 34 Մեր անուան համաձայն ապրինք

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿa

1. Ինչպիսի՞ կեանք կը վարէիր Աստուածաշունչը սերտելու սկսելէ առաջ։

ԻՆՉՊԻՍԻ՞ կեանք կը վարէիր՝ Եհովայի վկաներուն հետ Աստուածաշունչը սերտելու սկսելէ առաջ։ Մեզմէ շատեր չեն ուզեր վերյիշել զայն։ Մեր մտածելակերպը եւ անձնաւորութիւնը շատ հաւանաբար ազդուած էին այս աշխարհի չափանիշներէն, թէ ի՛նչ բան ճիշդ է կամ սխալ է։ Ուստի, ‘աշխարհի մէջ կ’ապրէինք առանց յոյսի եւ առանց Աստուծոյ’ (Եփ. 2։12, ՆԹ)։ Սակայն, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը ունենալը այդ բոլորը փոխեց։

2. Ի՞նչ նկատեցիր, մինչ սկսար Աստուածաշունչը սերտել։

2 Երբ սկսար Աստուածաշունչը սերտել, տեսար որ ունիս երկնաւոր Հայր մը, որ քեզ շատ կը սիրէ։ Նկատեցիր որ եթէ կ’ուզես Եհովան հաճեցնել եւ իր ժողովուրդին մէկ մասը ըլլալ, պէտք է արմատական փոփոխութիւններ ընես ապրելակերպիդ ու մտածելակերպիդ մէջ։ Ինչպէս նաեւ, պէտք է իր բարձր չափանիշներուն համաձայն ապրիս (Եփ. 5։3-5)։

3. Կողոսացիս 3։9, 10–ի համաձայն, Եհովան ի՞նչ կ’ուզէ որ ընենք, եւ այս յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։

3 Մեր Ստեղծիչը եւ երկնաւոր Հայրը՝ Եհովան, իրաւունքը ունի որոշելու, թէ զինք պաշտողները ինչպէ՛ս պէտք է վարուին։ Եւ ան կը պահանջէ, որ մկրտուելէ առաջ ջանք թափենք, որ հին անձնաւորութիւնը իր գործերովը մեր վրայէն հանենք (կարդա՛ Կողոսացիս 3։9, 10)b։ Այս յօդուածը պիտի օգնէ մկրտուիլ ուզողներուն, որ պատասխանեն երեք հարցումներու. 1) Ի՞նչ է «հին անձնաւորութիւնը»։ 2) Եհովան ինչո՞ւ կ’ուզէ որ զայն մէկդի դնենք։ 3) Ինչպէ՞ս կրնանք այդ մէկը ընել։ Իսկ եթէ արդէն մկրտուած ենք, յօդուածը պիտի օգնէ, որ չձգենք հին անձնաւորութեան յատկութիւնները ետ մեր մէջ երեւնան։

Ի՞ՆՉ Է «ՀԻՆ ԱՆՁՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ»

4. «Հին անձնաւորութիւն» ունեցող անհատը ինչպէ՞ս կը վարուի։

4 Անձ մը, որուն վրայ «հին անձնաւորութիւնը» կ’իշխէ, ընդհանրապէս մարմնաւոր կերպով կը մտածէ ու կը վարուի։ Ան կրնայ անձնասէր, դիւրաւ բարկացող, անշնորհակալ եւ հպարտ ըլլալ։ Ան կը սիրէ պոռնկագրական նիւթեր եւ անբարոյ ու վայրագ ֆիլմեր դիտել։ Անշուշտ լաւ յատկութիւններ ունի, եւ թերեւս յանցաւոր կը զգայ իր ըսած կամ ըրած գէշ բաներուն համար։ Բայց զօրաւոր փափաք չունի իր մտածելակերպը եւ վարուելակերպը փոխելու (Գաղ. 5։19-21. Բ. Տիմ. 3։2-5)։

Աստուածաշունչի աշակերտ մը կը քալէ ճամբու մը մէջ եւ հին հագուստ մը կը նետէ։ Անոր ետեւը կը տեսնուին՝ սիկարէթներ, խմիչք, բախտախաղի առարկաներ, միասեռականներու գործածած դրօշակը եւ վայրագութիւն բովանդակող վիտէոյի խաղեր։

Երբ «հին անձնաւորութիւնը» մեր վրայէն կը հանենք, մարմնաւոր յատկութիւնները եւ սովորութիւնները այլեւս մեր վրայ չեն իշխեր (տե՛ս պարբ. 5)g

5. Կրնա՞նք հին անձնաւորութիւնը լման կերպով մէկդի դնել (Գործք 3։19)։

5 Որովհետեւ անկատար ենք, մեզմէ ո՛չ մէկը կրնայ լման կերպով իր սրտէն ու մտքէն հանել բոլոր գէշ մտածումները եւ ցանկութիւնները։ Ատեն–ատեն պիտի ըսենք կամ ընենք բան մը, որուն համար ետքը պիտի զղջանք (Եր. 17։9. Յակ. 3։2)։ Բայց երբ հին անձնաւորութիւնը մեր վրայէն հանենք, մարմնաւոր յատկութիւնները եւ սովորութիւնները այլեւս մեր վրայ չեն իշխեր։ Տարբեր անձ մը կ’ըլլանք (Եսա. 55։7. կարդա՛ Գործք 3։19)։

6. Եհովան ինչո՞ւ մեզ կը քաջալերէ, որ հին անձնաւորութեան սխալ մտածումները եւ գէշ սովորութիւնները մէկդի դնենք։

6 Եհովան մեզ կը քաջալերէ, որ սխալ մտածումներէ եւ գէշ սովորութիւններէ ձերբազատուինք, քանի որ կ’ուզէ որ կեանքը վայելենք (Եսա. 48։17, 18)։ Ան գիտէ թէ անոնք որոնք սխալ ցանկութիւններու տեղի կու տան, թէ՛ իրենք իրենց կը վնասեն, թէ ալ իրենց շուրջիններուն։ Ան կը ցաւի երբ կը տեսնէ, թէ մենք մեզի եւ ուրիշներուն վնաս կը հասցնենք։

7. Հռովմայեցիս 12։1, 2–ի համաձայն, ի՞նչ ընտրութիւն պէտք է ընենք։

7 Մեր ընտանիքէն եւ բարեկամներէն ոմանք թերեւս սկիզբը մեզ ծաղրեն, քանի որ կը փորձենք մեր անձնաւորութեան մէջ փոփոխութիւններ ընել (Ա. Պետ. 4։3, 4)։ Անոնք թերեւս ըսեն, որ իրաւունք ունինք մեր ուզածը ընելու եւ թէ պէտք չէ թոյլ տանք, որ մէկը մեզի ըսէ թէ ի՛նչ ընենք։ Բայց անոնք որոնք Եհովայի չափանիշները կը մերժեն, իրապէս անկախ չեն։ Իրականութեան մէջ, անոնք թոյլ կու տան Սատանայի աշխարհին, որ զիրենք կաղապարէ (կարդա՛ Հռովմայեցիս 12։1, 2)։ Բոլորս ընտրութիւն մը պէտք է ընենք. կա՛մ հին անձնաւորութիւնը պահենք, որ մեղքին եւ Սատանայի աշխարհին միջոցաւ կաղապարուած է, կամ ալ Եհովային թոյլ տանք, որ մեզ դարձնէ լաւագոյն անձը, որ կրնանք ըլլալ ներկայիս (Եսա. 64։8)։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՍ ՀԻՆ ԱՆՁՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ‘ՎՐԱՅԷԴ ՀԱՆԵԼ’

8. Ի՞նչ բաներ մեզի պիտի օգնեն, որ սխալ մտածելակերպէն եւ գէշ սովորութիւններէն ձերբազատուինք։

8 Եհովան գիտէ որ սխալ մտածելակերպէն եւ գէշ սովորութիւններէն ձերբազատուիլը, մեզմէ ժամանակ ու ջանք կը պահանջէ (Սաղ. 103։13, 14)։ Սակայն, ան իր Խօսքին, իր հոգիին եւ իր կազմակերպութեան միջոցաւ մեզի կու տայ պէտք եղած իմաստութիւնը, զօրութիւնը եւ օգնութիւնը, որպէսզի կարենանք փոխուիլ։ Անկասկած, ան արդէն քեզի օգնած է։ Այժմ նկատի առնենք կարգ մը բաներ, որոնք կրնաս ընել, հին անձնաւորութիւնը ա՛լ աւելի վրայէդ հանելու եւ մկրտութեան որակեալ ըլլալու համար։

9. Աստուծոյ Խօսքը կրնայ քեզի օգնել որ ի՞նչ ընես։

9 Աստուածաշունչը գործածէ դուն քեզ խորապէս քննելու համար։ Աստուծոյ Խօսքը հայելիի պէս է. կրնայ քեզի օգնել որ վերլուծես թէ ի՛նչ կերպով կը մտածես, կը խօսիս եւ կը վարուիս (Յակ. 1։22-25)։ Աստուածաշունչի ուսուցիչդ եւ ուրիշ հասուն քրիստոնեաներ կրնան քեզի խրատներ տալ։ Օրինակ, Աստուածաշունչը գործածելով կրնան քեզի օգնել, որ գիտնաս զօրաւոր եւ տկար կողմերդ։ Նաեւ, կրնան քեզի սորվեցնել ինչպէ՛ս գտնել սուրբգրային տեղեկութիւններ, որոնք կ’օգնեն գէշ սովորութիւնները յաղթահարելու։ Ասկէ զատ, Եհովան միշտ պատրաստ է քու օգնութեանդ հասնելու։ Ան կրնայ քեզի լաւագոյն կերպով օգնել, քանի որ գիտէ սրտիդ մէջինը (Առ. 14։10. 15։11)։ Ուրեմն, սովորութիւն դարձուր իրեն աղօթելը եւ ամէն օր իր Խօսքը սերտելը։

10. Էլիին փորձառութենէն ի՞նչ սորվեցար։

10 Համոզուէ որ Եհովային չափանիշներուն հետեւիլը լաւագոյն բանն է։ Կրնանք օգտուիլ ամէն բանէ, որ Եհովան կ’ըսէ որ ընենք։ Անոնք որոնք իր չափանիշներուն համաձայն կ’ապրին, կ’ունենան՝ ինքնայարգանք, կեանքի մէջ նպատակ եւ իսկական ուրախութիւն (Սաղ. 19։7-11)։ Միւս կողմէ, անոնք որոնք իր չափանիշները կ’անտեսեն ու մարմնի գործերը կ’ընեն, ատոր հետեւանքները կը կրեն։ Տե՛ս թէ Էլի անունով տղամարդ մը ի՛նչ կ’ըսէ Աստուծոյ չափանիշները մերժելու նկատմամբ։ Ան մեծցաւ ընտանիքի մը մէջ, որ Եհովան կը սիրէ։ Բայց պատանի տարիքին, ան գէշ ընկերներ ընտրեց։ Ան սկսաւ թմրեցուցիչ գործածել, անբարոյ կեանք վարել եւ գողութիւն ընել։ Էլին կ’ըսէ որ երթալով աւելի ջղային եւ վայրագ անձ մը դարձաւ։ «Մէկ խօսքով, ըրի ամէն բան որ ծնողքս ըսած էր, որ պէտք չէ ընեմ», կը խոստովանի ան։ Բայց Էլին չմոռցաւ այն ինչ որ սորված էր երբ պզտիկ էր։ Ի վերջոյ, ետ սկսաւ Աստուածաշունչը սերտել։ Ան շատ ջանք թափեց որ իր գէշ սովորութիւններէն ձերբազատուի, եւ 2000–ին մկրտուեցաւ։ Ան ինչպէ՞ս օգտուած է Եհովայի չափանիշներուն համաձայն ապրելով։ Էլին կ’ըսէ. «Ունիմ մտքի խաղաղութիւն եւ մաքուր խղճմտանք»c։ Ինչպէս որ այս փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, անոնք որոնք Եհովայի չափանիշները կը մերժեն, իրենք իրենց կը վնասեն։ Բայց նոյնիսկ այն ատեն Եհովան պատրաստ է իրենց օգնելու որ փոխուին։

11. Եհովան ի՞նչ բաներ կ’ատէ։

11 Ատէ ի՛նչ որ Եհովան կ’ատէ (Սաղ. 97։10)։ Աստուածաշունչը կը յայտնէ, որ Եհովան կ’ատէ «ամբարտաւան աչքեր, ստախօս լեզու, անմեղ արիւն թափող ձեռքեր» (Առ. 6։16, 17)։ Ան նաեւ «արիւնահեղ ու խաբեբայ մարդէն կը գարշի» (Սաղ. 5։6, ԱԾ)։ Եհովան այս բաները այնքա՛ն կ’ատէ որ Նոյի օրերուն, բոլոր չարերը մէջտեղէն վերցուց, քանի որ երկիրը բռնութեամբ լեցուցին (Ծն. 6։13)։ Նկատի առ ուրիշ օրինակ մը։ Մաղաքիա մարգարէին միջոցաւ, Եհովան ըսաւ որ ինք կ’ատէ անոնք՝ որոնք նենգութեամբ կը ծրագրեն իրենց անմեղ կողակիցէն ամուսնալուծուիլ։ Ան այսպիսիներու պաշտամունքը կը մերժէ եւ անոնցմէ հաշիւ պիտի պահանջէ իրենց ըրածին համար (Մաղ. 2։13-16. Եբ. 13։4)։

Կին մը գանելով կը նայի աւրուած ու հոտած կերակուրի մը՝ սառնարանին մէջ։

Եհովային ատած մէկ բանը ընելը պէտք է նո՛յնքան պժգալի ըլլայ, ո՛րքան աւրուած ու հոտած ուտելիք մը ուտելը (տե՛ս պարբ. 11-12)

12. Ի՞նչ կը նշանակէ ‘չարէն զզուիլ’։

12 Եհովան կ’ուզէ որ ‘չարէն զզուինք’ (Հռով. 12։9)։ «Զզուիլ» կը նշանակէ՝ բան մը խորապէս ատել եւ անկէ գանիլ։ Երեւակայէ թէ ի՛նչ կը զգաս, եթէ մէկը քեզի ըսէ, որ աւրուած ու հոտած ուտելիք մը ուտես։ Գաղափարը ինքնին կը ձգէ, որ սիրտդ խառնուի։ Նոյնպէս, Եհովային ատած մէկ բանը ընելու գաղափարն իսկ պէտք է մեզի համար պժգալի ըլլայ։

13. Ինչո՞ւ պէտք է մեր մտածումը պահպանենք։

13 Մտածումդ պահպանէ։ Մեր մտածումները կ’ազդեն մեր գործերուն։ Այս պատճառով է որ Յիսուս սորվեցուց, որ մերժենք այն մտածումները, որոնք կրնան առաջնորդել լուրջ մեղք գործելու (Մատ. 5։21, 22, 28, 29)։ Վստահաբար, կ’ուզենք մեր երկնաւոր Հայրը հաճեցնել։ Ուստի, շա՜տ կարեւոր է որ անմիջապէս մերժենք որեւէ գէշ գաղափար, որ մեր միտքը կու գայ։

14. Մեր խօսքերը ի՞նչ կը յայտնեն, եւ ի՞նչ հարցումներու պէտք է պատասխանենք։

14 Լեզուդ զսպէ։ Յիսուս ըսաւ. «Բերնէն ելած բաները սրտէն յառաջ կու գան» (Մատ. 15։18)։ Այո, մեր խօսքերը շա՜տ բան կը յայտնեն մեր ներքին անձին մասին։ Անոր համար դուն քեզի հարցուր. ‘Կը մերժե՞մ սուտ խօսիլ, նոյնիսկ եթէ ճշմարտութիւնը ըսելը խնդիր պիտի պատճառէ ինծի։ Որպէս ամուսնացած մէկը, ուշադի՞ր եմ որ հակառակ սեռէն եղողի մը սիրային խօսքեր չըսեմ։ Պիղծ լեզու գործածելէ ամբողջովին կը խուսափի՞մ։ Մեղմութեամբ կը պատասխանե՞մ, երբ մէկը զիս վիրաւորէ’։ Այս հարցումներուն մասին լաւ մտածելը օգտակար պիտի գտնես։ Խօսելակերպդ կարելի է նմանցնել հագուստի մը կոճակներուն։ Երբ կոճակները կը քակես, հագուստդ աւելի դիւրաւ վրայէդ կը հանես։ Նմանապէս, եթէ ամէն կարելիդ ընես որ խօսակցութեանդ մէջ չգործածես հայհոյանք, ստախօսութիւն եւ անբարոյ խօսքեր, հին անձնաւորութիւնը աւելի դիւրաւ վրայէդ պիտի հանես։

15. Ի՞նչ կը նշանակէ մեր հին անձնաւորութիւնը գամել տանջանքի ցիցին։

15 Պատրաստ եղիր վճռական քայլեր առնելու։ Պօղոս առաքեալ զօրաւոր պատկերաւոր խօսք մը գործածեց, մեզի ցոյց տալու համար թէ որքա՜ն կարեւոր է որ մեր ապրելակերպը փոխենք։ Ան ըսաւ որ մեր հին անձնաւորութիւնը պէտք է տանջանքի ցիցին գամենք (Հռով. 6։6)։ Ուրիշ խօսքով, կ’ուզենք Քրիստոսի օրինակին հետեւիլ։ Պէտք է մեռցնենք այն յատկութիւնները եւ սովորութիւնները, որոնք Եհովան կ’ատէ։ Միայն այս քայլերը առնելով, ձեռք պիտի ձգենք մաքուր խղճմտանք եւ յաւիտենական կեանքի յոյսը (Յովհ. 17։3. Ա. Պետ. 3։21)։ Մի՛ մոռնար, որ Եհովան իր չափանիշները պիտի չփոխէ, որպէսզի մեզ ուրախացնէ։ Մե՛նք ենք որ պէտք է փոխենք մեր անձնաւորութիւնը եւ իր չափանիշներուն հետեւինք (Եսա. 1։16-18. 55։9)։

16. Ինչո՞ւ պէտք է վճռես շարունակել սխալ ցանկութիւններուն դէմ դնել։

16 Շարունակէ սխալ ցանկութիւններուն դէմ դնել։ Նոյնիսկ մկրտուելէ ետք, պէտք պիտի ունենաս սխալ ցանկութիւններուն դէմ դնելու։ Նկատի առ Մարիսիօ անունով տղամարդու մը փորձառութիւնը։ Ան իր պզտիկ տարիքէն սկսաւ վարուիլ որպէս միասեռական։ Ի վերջոյ, ան ծանօթացաւ Եհովայի ժողովուրդին եւ սկսաւ Աստուածաշունչը սերտել։ Ան իր ապրելակերպը փոխելէ ետք, մկրտուեցաւ 2002–ին։ Թէեւ Մարիսիոն այժմ երկար տարիներ Եհովային ծառայած է, կ’ըսէ. «Ատեններ ստիպուած եղած եմ անպատշաճ ցանկութիւններու դէմ պայքարելու»։ Ան չի ձգեր որ ասիկա զինք ընկճէ։ Փոխարէնը, ան կ’ըսէ. «Կը քաջալերուիմ գիտնալով, որ երբ կ’ընտրեմ այդ ցանկութիւններուն համաձայն չվարուիլ, կրնա՛մ Եհովան հաճեցնել»d։

17. Նապիհայի փորձառութեան մէջ ի՞նչ բան քեզ քաջալերեց։

17 Աղօթքով Եհովայի օգնութիւնը խնդրէ, եւ ապաւինէ իր հոգիին եւ ոչ թէ քու ուժիդ (Գաղ. 5։22. Փլպ. 4։6)։ Պէտք է լրջօրէն ջանք թափենք, եթէ կ’ուզենք հին անձնաւորութիւնը մեր վրայէն հանել ու հանած մնալ։ Նկատի առ Նապիհա անունով կնոջ մը փորձառութիւնը։ Հայրը զինք լքեց, երբ միայն վեց տարեկան էր։ Ան կ’ըսէ. «Ասիկա զգացական խոր վէրք պատճառեց ինծի»։ Մինչ կը մեծնար, ան երթալով աւելի ջղային ու յարձակողական եղաւ։ Ան սկսաւ թմրեցուցիչներ ծախել, ձերբակալուեցաւ եւ քանի մը տարի բանտարկուեցաւ։ Բանտը այցելող Վկաները սկսան Նապիհային հետ Աստուածաշունչը սերտել։ Ան սկսաւ մեծ փոփոխութիւններ ընել։ Ան կ’ըսէ. «Գէշ սովորութիւններէս ոմանք դիւրաւ կեցուցի։ Բայց ծխելէն ձերբազատուիլը շա՜տ դժուար էր»։ Աւելի քան մէկ տարի պայքարելէ ետք, ան կրցաւ ծխելը յաղթահարել։ Ինչպէ՞ս։ «Ամէն բանէ առաջ, Եհովային անդադար աղօթելը ինծի օգնեց որ յաղթեմ», կը բացատրէ ան։ Այժմ ուրիշներուն կ’ըսէ. «Վստահ եմ, որ եթէ ե՛ս կրցայ փոփոխութիւններ ընել Եհովան հաճեցնելու համար, ուրեմն ոեւէ մէկը կրնայ»e։

ԿՐՆԱ՛Ս ՄԿՐՏՈՒԵԼՈՒ ՈՐԱԿԵԱԼ ԸԼԼԱԼ

18. Ա. Կորնթացիս 6։9-11–ի համաձայն, Աստուծոյ ծառաներէն շատեր ի՞նչ կրցած են ընել։

18 Առաջին դարուն, կարգ մը տղամարդիկ ու կիներ, որոնք Եհովան ընտրեց որ Քրիստոսի հետ իշխեն, նախապէս գէշ սովորութիւններ ունէին։ Օրինակ, անոնք շնացողներ, միասեռականներ եւ գողեր էին։ Սակայն, Աստուծոյ սուրբ հոգիին օգնութեամբ, կրցան իրենց անձնաւորութիւնը փոխել (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 6։9-11)։ Նոյնպէս այսօր, Աստուածաշունչը միլիոնաւոր մարդոց օգնած է, որ իրենց կեանքին մէջ փոփոխութիւններ ընենf։ Անոնք ձերբազատուած են գէշ սովորութիւններէ, որոնք ամուր արմատ բռնած էին։ Անոնց օրինակը կը փաստէ, որ դուն ալ կրնա՛ս անձնաւորութեանդ մէջ փոփոխութիւններ ընել ու գէշ սովորութիւններէ ձերբազատուիլ, որպէսզի մկրտուելու որակեալ ըլլաս։

Աստուածաշունչը կեանքեր կը փոխէ

2008–ին, Դիտարան–ը (անգլ.) սկսաւ հրատարակել «Աստուածաշունչը կեանքեր կը փոխէ» յօդուածաշարքը։ Այս յօդուածները կը պատմեն անհատներու մասին, որոնք իրենց կեանքին մէջ հիմնական փոփոխութիւններ ըրին, որպէսզի մկրտուելու որակեալ ըլլան։ Այժմ շատ մը նման կենսագրութիւններ եւ հարցազրոյցներ կարելի է գտնել jw.org կայքին վրայ։ Եթէ կը պայքարիս գէշ սովորութենէ մը ձերբազատուելու կամ որոշ յատկութիւն մը փոխելու համար, այս փորձառութիւնները կրնան քեզ քաջալերել։ Յօդուածաշարքին մէջ հաւանաբար գտնես մէկու մը պատմութիւնը, որ յաղթահարեց դժուարութիւն մը, որ դուն հիմա ունիս։ Կրնաս այս յօդուածները գտնել jw.org/hyw կայքին վրայ։ Բա՛ց՝ ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ > ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԻՒՆՆԵՐ > ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԿԵԱՆՔԵՐ ԿԸ ՓՈԽԷ։ Նաեւ կրնաս «Փնտռել» տուփիկին մէջ գրել՝ «Աստուածաշունչը կեանքեր կը փոխէ»։

19. Յաջորդ յօդուածը ի՞նչ պիտի բացատրէ։

19 Հին անձնաւորութիւնը մէկդի դնելէ զատ, անոնք որոնք կ’ուզեն մկրտուիլ, պէտք է ջանք թափեն, որ նոր անձնաւորութիւնը հագնին։ Յաջորդ յօդուածը պիտի բացատրէ, թէ ինչպէ՛ս կրնանք այդ մէկը ընել եւ ինչպէ՛ս ուրիշները կրնան մեզի օգնել։

ԿԸ ՅԻՇԵ՞Ս

  • Ի՞նչ է «հին անձնաւորութիւնը»։

  • Ինչո՞ւ «հին անձնաւորութիւնը» պէտք է մեր վրայէն հանենք։

  • Ինչպէ՞ս կրնանք հին անձնաւորութիւնը ‘մեր վրայէն հանել’ ու հանած մնալ։

ԵՐԳ 56 Հաճիս աղօթքս լսէ

a Մկրտուելու որակեալ ըլլալու համար, պէտք է պատրաստ ըլլանք մեր անձնաւորութեան մէջ փոփոխութիւններ ընելու։ Այս յօդուածը մեզի պիտի օգնէ տեսնելու, թէ հին անձնաւորութիւնը ի՛նչ յատկութիւններէ կը բաղկանայ, ինչո՛ւ պէտք է այդ յատկութիւններէն ձերբազատուինք եւ ինչպէ՛ս կրնանք ատիկա ընել։ Իսկ յաջորդ յօդուածը պիտի քննարկէ, թէ ինչպէ՛ս կրնանք շարունակել նոր անձնաւորութիւնը հագնիլ՝ նոյնիսկ մկրտուելէ ետք։

b ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ. «Հին անձնաւորութիւնը հանել» կը նշանակէ ձերբազատուիլ յատկութիւններէ եւ ցանկութիւններէ, որոնք Եհովան չեն հաճեցներ։ Պէտք է սկսինք ասիկա ընել մկրտուելէ առաջ (Եփ. 4։22)։

c Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար, տե՛ս «Աստուածաշունչը կեանքեր կը փոխէ. ‘Պէտք էր Եհովային վերադառնայի’» յօդուածը, Դիտարան–ի 1 ապրիլ 2012 թիւին մէջ։

d Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար, տե՛ս «Աստուածաշունչը կեանքեր կը փոխէ. ‘Անոնք ինծի հանդէպ շատ ազնիւ գտնուեցան’» յօդուածը, Դիտարան–ի 1 մայիս 2012 թիւին մէջ։

e Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար, տե՛ս «Աստուածաշունչը կեանքեր կը փոխէ. ‘Ջղային եւ յարձակողական երիտասարդուհի մը եղայ’» յօդուածը, Դիտարան–ի 1 հոկտեմբեր 2012 թիւին մէջ (արաբ.)։

f Տե՛ս «Աստուածաշունչը կեանքեր կը փոխէ» շրջանակը։

g ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Գէշ յատկութիւններն ու սովորութիւնները մէկդի դնելը կը նմանի հին հագուստ մը մեր վրայէն հանելուն։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել