Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ22 Յունիս էջ 2-7
  • Եհովան մեծագոյն Ներողն է

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Եհովան մեծագոյն Ներողն է
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2022
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ԵՀՈՎԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ՆԵՐԵԼՈՒ
  • ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՆԵՐՈՒՄԸ ԲԱՑԱՌԻԿ Է
  • ԵՀՈՎԱՆ ՈՐՈ՞ՒՆ ՊԻՏԻ ՆԵՐԷ
  • ԵՀՈՎԱՅԻ ՆԵՐՈՒՄԻՆ ՀԱՆԴԷՊ ՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՑԻՐ
  • Եհովա՝ ներելու պատրաստ Աստուած մը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
  • Եհովայի ներած կերպով կը ներե՞նք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1995
  • Ընդունէ որ Եհովան քեզի կը ներէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2025
  • Ինչո՞ւ ներելու պատրաստ ըլլալ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2022
դ22 Յունիս էջ 2-7

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 24

Եհովան մեծագոյն Ներողն է

«Դո՛ւն, ո՛վ Տէր, բարի ու ներող ես եւ խիստ ողորմած այն ամենուն, որոնք քեզի կը կանչեն» (ՍԱՂ. 86։5)։

ԵՐԳ 6 Աստուծոյ ծառային աղօթքը

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿa

1. Ժողովող 7։20–ի մէջ, Սողոմոն թագաւոր ի՞նչ ճշմարտութիւն ըսաւ։

ՍՈՂՈՄՈՆ թագաւոր գրեց. «Իրաւ որ երկրի վրայ արդար մարդ չկայ, որ աղէկութիւն ընէ ու մեղք չգործէ» (Ժող. 7։20)։ Ասիկա շա՜տ ճիշդ է։ Բոլորս ալ մեղաւոր ենք (Ա. Յովհ. 1։8)։ Ուստի, բոլորս ալ պէտք ունինք որ Աստուած եւ մարդիկ մեզի ներեն։

2. Ի՞նչ կը զգանք, երբ մեր մտերիմ ընկերը մեզի ներէ։

2 Վստահաբար, կը յիշես օր մը, երբ մտերիմ ընկերդ նեղացուցիր։ Ուզեցիր հարցը շտկել եւ իրեն հետ հաշտուիլ։ Անոր համար, անկեղծօրէն ներողութիւն խնդրեցիր։ Ի՞նչ զգացիր, երբ ան սիրով քեզի ներեց։ Ոչ միայն հանգստացար, հապա նաեւ ուրախացար։

3. Ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։

3 Մենք կ’ուզենք որ Եհովան մեր ամէնէն մտերիմ Բարեկամը ըլլայ։ Բայց երբեմն պիտի ըսենք կամ ընենք բաներ, որոնք զինք կը նեղացնեն։ Ինչպէ՞ս կրնանք վստահ ըլլալ, որ Եհովան կ’ուզէ մեզի ներել։ Ի՞նչ կերպով Եհովայի ներումը տարբեր է մեր ներումէն։ Եւ ո՞վ կրնայ Եհովայի ներումը ստանալ։

ԵՀՈՎԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ՆԵՐԵԼՈՒ

4. Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ, որ Եհովան պատրաստ է ներելու։

4 Աստուածաշունչը մեզ կը վստահեցնէ, որ Եհովան պատրաստ է ներելու։ Սինա լերան վրայ, Եհովան հրեշտակի մը միջոցաւ ինքզինք նկարագրեց Մովսէսին՝ ըսելով. «Տէ՛րը, Տէ՛ր Աստուածը, ողորմած ու բարերար, երկայնամիտ եւ առատ՝ ողորմութիւնով ու ճշմարտութիւնով, հազարներուն ողորմութիւն ընող, անօրէնութիւնը, յանցանքը ու մեղքը ներող» (Ել. 34։6, 7)։ Եհովան ջերմ ու ողորմած Աստուած է, որ զղջացող մեղաւորներուն միշտ պատրաստ է ներելու (Նէ. 9։17. Սաղ. 86։15)։

Քրոջ մը քով կ’երեւի Սաղմոս 103։13, 14–ի խօսքը. «Ան գիտէ մեր կազմուածքը»։ Անոր շուրջը կան նկարներ, որոնք ցոյց կու տան իր փորձառութիւնները մանկութենէն ի վեր։

Եհովան գիտէ այն բոլոր բաները, որոնք մեզ կաղապարած են (տե՛ս պարբ. 5)

5. Եհովան ի՞նչ կ’ընէ, քանի որ մեզ շատ լաւ կը ճանչնայ (Սաղմոս 103։13, 14)։

5 Մեր Ստեղծիչը ըլլալով, Եհովան մեր մասին ամէն բան գիտէ։ Ի՜նչ սքանչելի բան մըն է, որ Եհովան երկրի վրայ եղող իւրաքանչիւր անձին մասին ամէն մանրամասնութիւն գիտէ (Սաղ. 139։15-17)։ Ուստի, ան կրնայ տեսնել այն բոլոր անկատարութիւնները, որ մեր ծնողքէն ժառանգած ենք։ Ան նոյնիսկ գիտէ այն բոլոր փորձառութիւնները, որոնք մեր անձնաւորութիւնը կաղապարած են։ Մեզ այսքան լաւ ճանչնալով, Եհովան կը մղուի ի՞նչ ընելու։ Ան կը մղուի մեզի հետ ողորմութեամբ վարուելու (Սաղ. 78։39. կարդա՛ Սաղմոս 103։13, 14)։

6. Եհովան ինչպէ՞ս ցոյց տուած է, որ շատ կ’ուզէ ներել։

6 Եհովան ցոյց տուած է որ շատ կ’ուզէ ներել։ Ան կը հասկնայ, որ առաջին մարդուն՝ Ադամին՝ ըրածին պատճառաւ, բոլորս մեղքին ու մահուան անէծքին տակ եկանք (Հռով. 5։12)։ Ո՛չ մէկ կերպով կրնայինք մենք մեզ կամ ուրիշը ազատել այս անէծքէն (Սաղ. 49։7-9)։ Բայց մեր սիրալիր Աստուածը կարեկցութիւն ցոյց տուաւ եւ կարգադրութիւն ըրաւ, որ անկէ ազատինք։ Ի՞նչ ըրաւ։ Յովհաննէս 3։16–ը կ’ըսէ, որ Եհովան իր միածին Որդին ղրկեց, որպէսզի մեզի համար մեռնի (Մատ. 20։28. Հռով. 5։19)։ Յիսուս մեր տեղը մեռաւ, որպէսզի ազատէ բոլոր անոնք՝ որոնք իրեն կը հաւատան (Եբ. 2։9)։ Եհովան որքա՜ն ցաւած ըլլալու էր, տեսնելով իր սիրելի Որդիին տանջալի մահը։ Վստահաբար, ան թոյլ պիտի չտար որ իր Որդին մեռնէր, եթէ չէր ուզեր մեզի ներել։

7. Յիշէ երկու անհատներ, որոնց Եհովան առատապէս ներեց։

7 Աստուածաշունչը կը յիշէ բազմաթիւ անհատներ, որոնց Եհովան շատ ներեց (Եփ. 4։32)։ Ո՞վ միտքդ կու գայ։ Թերեւս Մանասէ թագաւորը։ Ան ահռելի կերպերով Եհովային դէմ մեղանչեց։ Ան սուտ պաշտամունքը քաջալերեց եւ իր զաւակները զոհ մատուցանեց կուռքերու։ Ան նոյնիսկ Եհովայի սուրբ տաճարին մէջ կուռք մը կանգնեցուց։ Անոր մասին Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Տէրոջը առջեւ շատ չարութիւն ըրաւ ու զանիկա բարկացուց» (Բ. Մն. 33։2-7)։ Բայց եւ այնպէս, երբ Մանասէն սրտանց զղջաց, Եհովան իրեն առատապէս ներեց։ Եւ նոյնիսկ թոյլ տուաւ, որ շարունակէ թագաւորել (Բ. Մն. 33։12, 13)։ Թերեւս նաեւ միտքդ կու գայ Դաւիթ թագաւորը, որ Եհովային դէմ լուրջ մեղքեր գործեց, մէջը ըլլալով շնութիւն եւ մարդասպանութիւն։ Բայց երբ Դաւիթ անկեղծօրէն զղջաց եւ ընդունեց իր սխալները, Եհովան իրեն ալ ներեց (Բ. Թագ. 12։9, 10, 13, 14)։ Այո, կրնանք վստահ ըլլալ, որ Եհովան շատ կ’ուզէ ներել։ Եւ, ինչպէս որ պիտի տեսնենք, իր ներումը շատ տարբեր է մարդոց ներումէն։

ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՆԵՐՈՒՄԸ ԲԱՑԱՌԻԿ Է

8. Եհովան բացառիկ Դատաւոր ըլլալով, ներելու ինչպիսի՞ կարողութիւն ունի։

8 Եհովան «բոլոր երկրի Դատաւոր»ն է (Ծն. 18։25)։ Լաւ դատաւորը պէտք է շատ լաւ հասկնայ օրէնքը։ Եւ վստահաբար Եհովան այդպէս է, քանի որ ոչ միայն մեր Դատաւորն է, հապա նաեւ մեր Օրէնսդիրը (Եսա. 33։22)։ Եհովային պէս մէկը չկայ, որ շատ լաւ գիտէ թէ ի՛նչը ճիշդ է եւ ի՛նչը՝ սխալ։ Լաւ դատաւորը նաեւ դատավճիռ արձակելէ առաջ, պէտք է կարենայ հարցին հետ կապ ունեցող բոլոր իրողութիւնները նկատի առնել։ Այս ուղղութեամբ, Եհովան յատուկ է, քանի որ միշտ բոլոր իրողութիւնները գիտէ։

9. Եհովան ի՞նչ տեղեկութիւններ գիտէ, երբ պիտի որոշէ անհատի մը ներել կամ ոչ։

9 Եհովան մարդկային դատաւորներէն տարբեր է։ Ան միշտ որեւէ հարցի բոլոր իրողութիւնները կատարեալ կերպով կ’ըմբռնէ (Ծն. 18։20, 21. Սաղ. 90։8)։ Ան մարդուն տեսածէն ու լսածէն անդին կ’երթայ։ Ան կատարելապէս կը հասկնայ, թէ ինչպէ՛ս անհատի մը ըրածները կ’ազդուին իր ժառանգական կազմուածքէն, կրթութենէն, միջավայրէն եւ իր զգացական ու մտային վիճակէն։ Եհովան նաեւ սիրտը կը կարդայ։ Ան լիովին գիտէ, թէ ի՛նչ են իւրաքանչիւր անհատի շարժառիթները, միտումները եւ ցանկութիւնները։ Եւ կարելի չէ իրմէ բան մը ծածուկ պահել (Եբ. 4։13)։ Ուստի, երբ Եհովան մէկու մը կը ներէ, կը ներէ քանի որ հարցին բոլոր իրողութիւնները գիտէ։

Լեռնաշղթայի մը քով կ’երեւի Բ. Օրինաց 32։4–ի խօսքը (ԱԾ). «Ի՛նք է Վէմը. իր գործը անթերի է»։

Եհովան արդար է, կողմ չի բռներ եւ կարելի չէ զինք կաշառել (տե՛ս պարբ. 10)

10. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել, որ Եհովայի դատաստանները միշտ արդար են (Բ. Օրինաց 32։4)։

10 Եհովային դատաստանները միշտ արդար են։ Ան բնա՛ւ կողմ չի բռներ։ Իր ներումը բնաւ կախեալ չէ անհատին դրսերեւոյթէն, հարստութենէն, դիրքէն կամ կարողութիւններէն (Ա. Թագ. 16։7. Յակ. 2։1-4)։ Ո՛չ մէկը կրնայ զինք ճնշել կամ կաշառել (Բ. Մն. 19։7)։ Յուսախաբութեամբ կամ զգացումներով չի տարուիր, երբ որոշումներ կ’առնէ (Ել. 34։7)։ Անկասկած, Եհովայի հասկացողութիւնը եւ խոր ըմբռնումը զինք լաւագոյն Դատաւորը կը դարձնեն (կարդա՛ Բ. Օրինաց 32։4)։

11. Եհովայի ներումին նկատմամբ ի՞նչ բան յատուկ է։

11 Եբրայերէն Գրութիւններուն գրողները անդրադարձան, որ Եհովայի ներումը բացառիկ է։ Կարգ մը պարագաներու, անոնք գործածեցին եբրայերէն բառ մը, որ ըստ աշխատասիրութեան մը, «կը գործածուի միայն նկարագրելու համար այն կերպը, որով Աստուա՛ծ մեղաւորներուն կը ներէ»։ Այդ բառը բնա՛ւ չի նկարագրեր այն սահմանափակ կերպը, որով մարդ արարածը ուրիշի մը կը ներէ։ Միայն Եհովան կրնայ զղջացող մեղաւորի մը կատարելապէս ներել։ Երբ ան մեզի կը ներէ, արդիւնքը ի՞նչ կ’ըլլայ։

12-13. ա) Անհատ մը ի՞նչ կը վայելէ, երբ Եհովան իրեն կը ներէ։ բ) Եհովայի ներումին օգուտները որքա՞ն կը տեւեն։

12 Երբ կ’ընդունինք այն իրողութիւնը, որ Եհովան մեզի ներած է, կը վայելենք «սփոփանքի ժամանակներ», մէջը ըլլալով մտքի խաղաղութիւն եւ մաքուր խիղճ։ Այսպիսի զգացումներ կրնանք ունենալ միայն եթէ Եհովա՛ն մեզի ներէ (Գործք 3։19, 20)։ Երբ ան մեզի կը ներէ, մեզի հետ իր փոխյարաբերութիւնը կատարելապէս կը վերահաստատէ, այնպէս մը որ կարծես մեղք չէինք գործած։

13 Եհովան մեզի ներելէ ետք, ապագային՝ մեր մեղքին համար բնա՛ւ մեզ պիտի չպատժէ (Եսա. 43։25. Եր. 31։34)։ Ան մեր մեղքերը ‘մեզմէ կը հեռացնէ որչափ որ արեւելքը արեւմուտքէն հեռու է’ (Սաղ. 103։12)b։ Երբ կը խոկանք թէ Եհովայի ներումը որքա՜ն մեծ է, մեր սիրտը գնահատանքով եւ երկիւղով կը լեցուի (Սաղ. 130։4)։ Բայց Եհովան որո՞ւն կը ներէ։

ԵՀՈՎԱՆ ՈՐՈ՞ՒՆ ՊԻՏԻ ՆԵՐԷ

14. Մինչեւ հիմա ի՞նչ սորվեցանք։

14 Ինչպէս որ տեսանք, երբ Եհովան պիտի որոշէ ներել կամ ոչ, չի նայիր թէ մեղքը մեծ է կամ պզտիկ է։ Նաեւ տեսանք որ ան իր գիտելիքները կը գործածէ որպէս Ստեղծիչ, Օրէնսդիր եւ Դատաւոր, ներելու որոշումը առնելու ատեն։ Ան ի՞նչ բաներ ի մտի կ’ունենայ։

15. Ղուկաս 12։47, 48–ի համաձայն, Եհովան ի՞նչ բան հաշուի կ’առնէ։

15 Կէտերէն մէկը, որ Եհովան նկատի կ’առնէ այն է, թէ արդեօք մեղաւորը գիտէ՞ր թէ իր ըրածը սխալ էր։ Յիսուս ասիկա յստակ դարձուց, ինչպէս որ արձանագրուած է Ղուկաս 12։47, 48–ի մէջ (կարդա՛)։ Այն անհատը, որ կը ծրագրէ չար բան մը ընել, լիովին գիտնալով որ իր ըրածը Եհովան կը վիրաւորէ, լրջօրէն կը մեղանչէ։ Եհովան թերեւս որոշէ անոր չներել (Մար. 3։29. Յովհ. 9։41)։ Սակայն, պէտք է ընդունինք, որ երբեմն մենք գիտնալով սխալ բան մը կ’ընենք։ Այս պարագային, յոյս կա՞յ որ ներուինք։ Այո՛, քանի որ Եհովան ուրիշ բան մըն ալ նկատի կ’առնէ, երբ պիտի որոշէ ներել կամ ոչ։

Եղբօր մը քով կ’երեւի Եսայի 55։7–ի խօսքը. «Անիկա առատապէս կը ներէ»։ Հեռանկարին մէջ, ան տխուր ու յուսահատ է։ Առջեւի նկարին մէջ, ան ուրախ ու վստահ է։

Կրնանք վստահ ըլլալ, որ Եհովան մեզի կը ներէ, երբ անկեղծօրէն կը զղջանք (տե՛ս պարբ. 16-17)

16. Ի՞նչ է զղջումը, եւ ինչո՞ւ կարեւոր է որպէսզի Եհովան մեզի ներէ։

16 Ուրիշ կէտ մը որ Եհովան նկատի կ’առնէ, այն է՝ թէ արդեօք մեղաւորը անկեղծօրէն զղջացա՞ծ է։ Ի՞նչ կը նշանակէ զղջալ։ Զղջալ կը նշանակէ՝ «միտքը, կեցուածքը կամ նպատակը փոխել»։ Ասկէ զատ, անհատը խորապէս կը ցաւի ու կը տխրի, քանի որ այդ գէշ բանը ըրաւ կամ քանի որ չըրաւ այն ճիշդ բանը, որ պէտք էր ընէր։ Ան նաեւ կը ցաւի իր հոգեւորապէս տկար վիճակին համար, որ այդ սխալին առաջնորդեց։ Յիշէ որ Մանասէ թագաւորը եւ Դաւիթ թագաւորը երկուքն ալ լուրջ մեղքեր գործեցին, բայց Եհովան իրենց ներեց, քանի որ անկեղծօրէն զղջացին (Գ. Թագ. 14։8)։ Այո, Եհովան պէտք է զղջումի փաստեր տեսնէ, որպէսզի ներէ։ Բայց չի բաւեր որ գէշ զգանք մեր մեղաւոր ընթացքին կամ գործած մեղքին համար։ Պէտք է պատրաստ ըլլանք գործի անցնելուc։ Ասիկա մեզ կը բերէ յաջորդ կէտին, որ Եհովան նկատի կ’առնէ։

17. Ի՞նչ է դարձի գալը, եւ ինչո՞ւ կարեւոր է (Եսայի 55։7)։

17 Ուրիշ կարեւոր կէտ մը, որ Եհովան նկատի կ’առնէ, դարձի գալն է։ Անհատը պէտք է իր ընթացքը փոխէ՝ չար ճամբան ձգելով եւ սկսելով Եհովային ուզած կերպով ապրիլ (կարդա՛ Եսայի 55։7)։ Ան պէտք է իր միտքը նորոգէ եւ Եհովայի մտածումով առաջնորդուի (Հռով. 12։2. Եփ. 4։23)։ Ան պէտք է վճռէ իր ետին ձգել իր նախկին գէշ մտածելակերպն ու վարուելակերպը (Կող. 3։7-10)։ Անշուշտ, Քրիստոսի զոհին հանդէպ մեր ունեցած հաւատքին հիման վրայ է, որ Եհովան մեզի կը ներէ եւ մեզ մեր մեղքէն կը մաքրէ։ Եհովան այդ զոհին հիման վրայ մեզի պիտի ներէ, եթէ տեսնէ որ լրջօրէն ջանք կը թափենք որ մեր ընթացքը փոխենք (Ա. Յովհ. 1։7)։

ԵՀՈՎԱՅԻ ՆԵՐՈՒՄԻՆ ՀԱՆԴԷՊ ՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՑԻՐ

18. Եհովայի ներումին մասին ի՞նչ սորվեցանք։

18 Ամփոփենք կարգ մը գլխաւոր կէտեր, որ քննարկեցինք։ Եհովան իրապէս տիեզերքին մէջ մեծագոյն Ներողն է։ Ինչի՞ հիման վրայ այդպէս կ’ըսենք։ Առաջին, ան միշտ պատրաստ է ներելու։ Երկրորդ, ան մեր մասին ամէն բան գիտէ։ Ան մեր կազմուածքը շատ լաւ գիտէ եւ դիւրաւ կրնայ գիտնալ, թէ իրապէս զղջացա՛ծ ենք կամ ոչ։ Եւ երրորդ, երբ Եհովան կը ներէ, բոլորովին նոր էջ կը բանայ։ Ասիկա կը ձգէ որ մաքուր խիղճ ունենանք եւ իր հաճութիւնը վայելենք։

19. Հակառակ անոր որ անկատար ենք եւ պիտի շարունակենք մեղանչել, ինչո՞ւ կրնանք ուրախ ըլլալ։

19 Անշուշտ, այնքան ատեն որ անկատար ենք, պիտի շարունակենք մեղանչել։ Սակայն, կրնանք մխիթարուիլ հետեւեալ խօսքերով, որոնք յիշուած են Խորաթափանց ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն վրայ, հատոր Բ., էջ 771–ի մէջ (անգլ.). «Որովհետեւ Եհովան ողորմութեամբ նկատի կ’առնէ իր ծառաներուն մարմնաւոր տկարութիւնները, անոնք պէտք չունին յարատեւ ցաւ զգալու ժառանգուած անկատարութեան պատճառաւ իրենց գործած մեղքերուն համար (Սաղ. 103։8-14. 130։3)։ Եթէ անոնք խղճմտօրէն Աստուծոյ ճամբաներուն մէջ կը քալեն, կրնան ուրախ ըլլալ (Փլպ. 4։4-6. Ա. Յովհ. 3։19-22)»։ Ի՜նչ քաջալերական միտք մը։

20. Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։

20 Ուրախ ենք որ Եհովան պատրաստ է մեզի ներելու, երբ մեր մեղքերուն համար իրապէս կը զղջանք։ Լաւ, ինչպէ՞ս կրնանք Եհովայի ներումը ընդօրինակել։ Մեր ներումը ի՞նչ կերպերով կը նմանի Եհովայի ներումին եւ ի՞նչ կերպերով կը տարբերի։ Այս տարբերութիւնը հասկնալը ինչո՞ւ կարեւոր է։ Յաջորդ յօդուածը այս հարցումներուն պիտի պատասխանէ։

ՀԵՏԵՒԵԱԼ ՀԱՄԱՐՆԵՐԷՆ Ի՞ՆՉ ՍՈՐՎԵՑԱՐ ԵՀՈՎԱՅԻ ՆԵՐՈՒՄԻՆ ՄԱՍԻՆ

  • Սաղմոս 103։13, 14

  • Բ. Օրինաց 32։4

  • Եսայի 55։7

ԵՐԳ 57 Սրտիս խորհրդածութիւնը

a Եհովան իր Խօսքին միջոցաւ մեզ կը վստահեցնէ, որ պատրաստ է զղջացող մեղաւորներուն ներելու։ Սակայն, ատեններ թերեւս զգանք որ արժանի չենք իր ներումին։ Այս յօդուածին մէջ, պիտի տեսնենք թէ ինչո՛ւ կրնանք վստահ ըլլալ, որ մեր Աստուածը միշտ պատրաստ է մեզի ներելու, երբ մեր ըրած մեղքին համար իրապէս կը զղջանք։

b Տե՛ս Եհովայի մօտեցիր գիրքը, գլ. 26, պարբ. 9 (արաբ.)։

c ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ. «Զղջալ» կը նշանակէ միտքը փոխել եւ սրտանց ցաւիլ նախկին ապրելակերպին համար, կամ սխալ գործերուն համար, կամ չընելուն համար բան մը, որ պէտք էր ընէր։ Անկեղծ զղջումը կը մղէ անհատը, որ իր ընթացքը փոխէ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել