Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ22 Օգոստոս էջ 20-25
  • Շարունակեցէ՛ք ‘զիրար շինել’

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Շարունակեցէ՛ք ‘զիրար շինել’
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2022
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ՊՕՂՈՍ ԱՆՈՆՑ ՕԳՆԵՑ, ՈՐ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՏՈԿԱՆ
  • ՊՕՂՈՍ ԱՆՈՆՑ ՑՈՒՑՈՒՑ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԻՐԱՐՈՒ ՀԵՏ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԸԼԼԱԼ
  • ՊՕՂՈՍ ԻՐ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐՈՒՆ ՈՒ ՔՈՅՐԵՐՈՒՆ ՀԱՒԱՏՔԸ ԶՕՐԱՑՈՒՑ
  • «ՄԷԿԶՄԷԿ ՄԽԻԹԱՐԵՑԷ՛Ք»
  • Երէցնե՛ր, շարունակեցէք Պօղոս առաքեալը ընդօրինակել
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2022
  • Քա՛ջ եղիր. Եհովան օգնականդ է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2020
  • Երէցները ‘գործակիցներ են մեր ուրախութեան’
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
  • Հոգեւոր քոյրերուդ թիկունք կանգնէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2020
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2022
դ22 Օգոստոս էջ 20-25

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 35

Շարունակեցէ՛ք ‘զիրար շինել’

«Մէկզմէկ մխիթարեցէ՛ք եւ իրարու օգնեցէ՛ք [«շինեցէ՛ք», ԱԾ]» (Ա. ԹԵՍ. 5։11)։

ԵՐԳ 121 Զիրար քաջալերենք

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿa

1. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։11–ի համաձայն, բոլորս ի՞նչ գործի կը մասնակցինք։

ԵՐԲԵՔ ժողովքդ Թագաւորութեան սրահ շինա՞ծ է կամ նորոգա՞ծ է։ Եթէ այո, անկասկած կը յիշես այդ նոր սրահին մէջ ունեցած առաջին ժողովդ։ Դուն շա՜տ շնորհակալ էիր Եհովային։ Եւ թերեւս այնքա՛ն ուրախ էիր, որ բացման երգը երգած ատենդ ազդուեցար։ Մեր լաւ շինուած Թագաւորութեան սրահները Եհովային փառք կը բերեն։ Բայց դեռ աւելի փառք կը բերենք իրեն՝ ուրիշ տեսակ շինարարական գործի մասնակցելով. շինել այդ պաշտամունքի վայրերը եկող անհատները։ Եւ ասիկա բառացի շէնքեր շինելէն աւելի արժէքաւոր գործ մըն է։ Պօղոս առաքեալ իր միտքը ունէր այս այլաբանական շինարարական յայտագիրը, երբ գրեց յօդուածին գլխաւոր համարի՝ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։11–ի խօսքը (կարդա՛)։

2. Յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

2 Պօղոս առաքեալ գիտէր ինչպէս իր հաւատակիցները շինել, եւ ընդօրինակուելու արժանի է։ Ան անոնց հետ զգաց։ Յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք, թէ Պօղոս ինչպէ՛ս իր եղբայրներուն ու քոյրերուն օգնեց, որ՝ 1) փորձութիւններու տոկան, 2) իրարու հետ խաղաղութեան մէջ ըլլան, եւ 3) Եհովային հանդէպ իրենց հաւատքը զօրացնեն։ Տեսնենք թէ ինչպէ՛ս կրնանք զինք ընդօրինակել եւ մեր եղբայրներն ու քոյրերը շինել (Ա. Կոր. 11։1)։

ՊՕՂՈՍ ԱՆՈՆՑ ՕԳՆԵՑ, ՈՐ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՏՈԿԱՆ

3. Ծառայութեան եւ գործին նկատմամբ, Պօղոս ի՞նչ հաւասարակշռուած տեսակէտ ունէր։

3 Պօղոս իր եղբայրներն ու քոյրերը շատ կը սիրէր։ Ինք անձամբ դժուարութիւններ ունեցած էր, անոր համար կրնար զգալ իր հաւատակիցներուն հետ, երբ անոնք նեղութիւններէ կ’անցնէին։ Անգամ մը, Պօղոսի դրամը վերջացաւ եւ ան ստիպուեցաւ գործ մը գտնել, որպէսզի իր եւ իր ընկերակիցներուն պէտքերը հոգար (Գործք 20։34)։ Ան արհեստով վրանագործ էր։ Երբ Կորնթոս հասաւ, սկիզբը աշխատեցաւ Ակիւղասի ու Պրիսկիղայի հետ, որոնք նոյնպէս վրանագործ էին։ Ան «ամէն շաբաթ օր» կը քարոզէր հրեաներուն եւ յոյներուն։ Ետքը, երբ Շիղան ու Տիմոթէոսը եկան, «Պօղոսին հոգին եռանդով վառուած ըլլալով», իր անձը ամբողջութեամբ տրամադրեց Խօսքը քարոզելուն (Գործք 18։2-5)։ Պօղոս բնաւ չմոռցաւ իր կեանքին գլխաւոր նպատակը, որ էր՝ Եհովային ծառայել։ Եւ քանի որ Պօղոս ծանր աշխատող էր, կրնա՛ր իր եղբայրներն ու քոյրերը քաջալերել։ Ան իրենց յիշեցուց, որ չձգեն որ կեանքի ճնշումները եւ ընտանիքին պէտքերը հոգալը պատճառ ըլլան անտեսելու «աւելի կարեւոր բաները»,– Եհովայի պաշտամունքին բոլոր երեսակները (Փլպ. 1։10, ՆԱ)։

4. Պօղոս ու Տիմոթէոս ինչպէ՞ս իրենց հաւատակիցներուն օգնեցին հալածանքին դիմանալու։

4 Թեսաղոնիկէի ժողովքը հաստատուելէն շատ չանցած, նոր հաւատացեալները կատաղի հալածանքի հանդիպեցան։ Երբ վայրագ հակառակորդներու ամբոխ մը Պօղոսն ու Շիղան չգտան, «մէկ քանի եղբայրներ քաշելով տարին քաղաքապետներուն առջեւ», պոռալով. «Ասոնք ամէնքը Կայսրին հրամաններուն դէմ կը գործեն» (Գործք 17։6, 7)։ Կրնա՞ս երեւակայել, թէ այդ նորահաւատ քրիստոնեաները որքա՜ն ցնցուած ըլլալու էին, տեսնելով այդ հակառակութիւնը։ Անոնք կրնային իրենց նախանձախնդրութիւնը կորսնցնել Եհովայի ծառայութեան մէջ։ Բայց Պօղոս չուզեց, որ այդ մէկը պատահի։ Եւ քանի որ ան եւ Շիղան պէտք էր երթային, անոնք կարգադրութիւններ ըրին, որ նոր ժողովքին հոգ տարուէր։ Պօղոս թեսաղոնիկեցիներուն ըսաւ. «Տիմոթէոս՝ մեր եղբայրը. . . [ղրկեցինք] ձեզ հաստատելու ու մխիթարելու ձեր հաւատքին համար. որպէս զի այս նեղութիւններուն մէջ ձեզմէ մէ՛կը չխախտի» (Ա. Թես. 3։2, 3)։ Հաւանաբար, Տիմոթէոս իր ծննդավայրին՝ Լիւստրայի մէջ տեսած էր հալածանք, եւ թէ ինչպէ՛ս Պօղոս այդ տեղի եղբայրները զօրացուց։ Տեսնելով այն օգնութիւնը, որ Եհովան Լիւստրայի եղբայրներուն տուաւ, Տիմոթէոս կրնար իր նորահաւատ եղբայրներն ու քոյրերը վստահեցնել, որ իրենց պարագան ալ պիտի լաւանար (Գործք 14։8, 19-22. Եբ. 12։2)։

5. Պրայնդ անունով եղբայր մը ինչպէ՞ս օգտուեցաւ երէցի մը օգնութենէն։

5 Պօղոս ուրիշ ի՞նչ կերպով իր հաւատակիցները զօրացուց։ Երբ Պօղոսն ու Բառնաբասը նորէն այցելեցին Լիւստրա, Իկոնիոն եւ Անտիոք, «անոնք իւրաքանչիւր եկեղեցիի երէցներ ձեռնադրեցին [«նշանակեցին», ՆԱ]» (Գործք 14։20-23)։ Անկասկած, այդ նշանակուած տղամարդիկը ժողովքներուն համար մխիթարութիւն եղան, ինչպէս որ ներկայիս երէցներն են։ Նկատի առ, թէ Պրայնդ անունով եղբայր մը ինչ ըսաւ. «Երբ 15 տարեկան եղայ», կ’ըսէ ան, «հայրս մեզ ձգեց, իսկ մայրս վտարուեցաւ։ Առանձին զգացի եւ ընկճուեցայ»։ Ի՞նչ բան Պրայնդին օգնեց, որ այդ դժուար ժամանակներուն մէջ տոկայ։ Ան կ’ըսէ. «Թոնի անունով երէց մը ժողովներուն եւ ուրիշ ատեններ ինծի հետ կը խօսէր։ Ան ինծի կը պատմէր անհատներու մասին, որոնք դժուարութիւններէ անցած էին, բայց ուրախ էին։ Ան ինծի հետ բաժնեց Սաղմոս 27։10–ն եւ յաճախ կը խօսէր Եզեկիայի մասին, որ հաւատարմօրէն Եհովային ծառայեց, թէեւ իր հայրը լաւ օրինակ մը չէր»։ Այս գործնական օգնութիւնը ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ Պրայնդին վրայ։ «Թոնիին քաջալերութեամբ», կ’ըսէ Պրայնդ, «ժամանակի ընթացքին սկսայ ծառայել որպէս ռահվիրայ»։ Երէցնե՛ր, արթուն եղէք որպէսզի կարենաք օգնել անոնց, որոնք Պրայնդի պէս պէտք ունին քաջալերական «աղէկ խօսք»ի (Առ. 12։25)։

6. Պօղոս ինչպէ՞ս կեանքի պատմութիւններ գործածեց՝ քաջալերելու իր եղբայրներն ու քոյրերը։

6 Պօղոս իր հաւատակիցներուն յիշեցուց, որ «վկաներու բազմութիւն» մը Եհովայի զօրութեամբ դժուարութիւններու դիմացած էր (Եբ. 12։1)։ Պօղոս գիտէր, որ անցեալին ապրած եւ ամէն տեսակ դժուարութիւններու տոկացած մարդոց կեանքի պատմութիւնները կրնային իր եղբայրներուն ու քոյրերուն քաջութիւն տալ եւ անոնց օգնել, որ կեդրոնացած մնային «կենդանի Աստուծոյ քաղաքին» վրայ (Եբ. 12։22)։ Նոյնն է պարագան այսօր։ Մեզմէ ո՞վ չէ զօրացած՝ կարդալով թէ ինչպէ՛ս Եհովան օգնեց Գեդէօնին, Բարակին, Դաւիթին, Սամուէլին եւ ուրիշ շատերու (Եբ. 11։32-35)։ Իսկ ի՞նչ կրնանք ըսել մեր օրերուն ապրող հաւատքի օրինակներուն մասին։ Կեդրոնատեղիին մէջ յաճախ կը ստանանք նամակներ եղբայրներէ ու քոյրերէ, որոնց հաւատքը զօրացած է կարդալով անոնց կենսագրութիւնները։

ՊՕՂՈՍ ԱՆՈՆՑ ՑՈՒՑՈՒՑ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԻՐԱՐՈՒ ՀԵՏ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԸԼԼԱԼ

7. Ի՞նչ կը սորվիս Պօղոսի խրատէն, որ արձանագրուած է Հռովմայեցիս 14։19-21–ի մէջ։

7 Մեր եղբայրներն ու քոյրերը կը շինենք, երբ կ’ըսենք ու կ’ընենք բաներ, որոնք ժողովքին խաղաղութիւն կը բերեն։ Թոյլ չենք տար, որ տարբեր կարծիքներ ունենալը մեզ իրարմէ բաժնէ։ Եւ մեր իրաւունքը չենք պարտադրեր, երբ աստուածաշնչական սկզբունք մը չէ կտրուած։ Հռոմի ժողովքը կազմուած էր թէ՛ հրեայ եւ թէ ոչ–հրեայ քրիստոնեաներէ։ Երբ Մովսիսական օրէնքը վերցուեցաւ, Եհովան պաշտողները այլեւս պէտք չունէին հնազանդելու այն օրէնքներուն, որոնց համաձայն կարգ մը ուտելիքներ պէտք չէր ուտէին (Մար. 7։19)։ Անկէ ետք, կարգ մը հրեայ քրիստոնեաներ ազատ զգացին ամէն տեսակ ուտելիք ուտելու։ Բայց ուրիշ հրեայ քրիստոնեաներ կը զգային, թէ ճիշդ չէ այդ ուտելիքները ուտել։ Անոր համար, այս հարցին շուրջ ժողովքին մէջ բաժանումներ եղան։ Շեշտելով խաղաղութիւն պահելուն կարեւորութիւնը, Պօղոս ըսաւ. «Աղէկ է միս չուտել եւ գինի չխմել եւ ոեւէ բան չընել՝ որով քու եղբայրդ կրնայ իյնալ կամ գայթակղիլ, կամ տկարանալ» (կարդա՛ Հռովմայեցիս 14։19-21)։ Այսպէս, Պօղոս իր հաւատակիցներուն օգնեց տեսնելու, թէ այսպիսի վէճեր որքա՛ն վնասակար էին թէ՛ անհատներու եւ թէ ամբողջ ժողովքին համար։ Ինքն ալ պատրաստ էր իր վարուելակերպը փոխելու, որպէսզի ուրիշները չգայթակղեցնէր (Ա. Կոր. 9։19-22)։ Մենք ալ կրնանք իրար շինել եւ խաղաղութիւնը պահել, եթէ չվիճինք բաներու շուրջ, որոնք անձնական նախընտրութեան հարց են։

8. Պօղոս ինչպէ՞ս վարուեցաւ, երբ կարեւոր հարց մը ժողովքին խաղաղութիւնը վտանգի տակ դրաւ։

8 Նաեւ, Պօղոս լաւ օրինակ եղաւ, երբ խաղաղութիւն պահեց անոնց հետ, որոնք վիճեցան կարեւոր հարցերու շուրջ։ Օրինակ, քրիստոնէական ժողովքին մէջ ոմանք կը պնդէին որ ոչ–հրեայ նորահաւատները պէտք էր թլփատուէին, թերեւս որպէսզի ժողովքէն դուրս եղող մարդիկ զիրենք չայպանէին (Գաղ. 6։12)։ Պօղոս այդ տեսակէտին բնա՛ւ համաձայն չէր, բայց փոխանակ պնդելու որ իր տեսակէտին հետեւէին, ան հարցը խոնարհաբար ներկայացուց Երուսաղէմի մէջ եղող առաքեալներուն եւ երէցներուն (Գործք 15։1, 2)։ Քանի որ Պօղոս հարցը այս կերպով ձեռք առաւ, ան այդ քրիստոնեաներուն օգնեց, որ ժողովքին ուրախութիւնն ու խաղաղութիւնը պահպանեն (Գործք 15։30, 31)։

9. Ինչպէ՞ս կրնանք Պօղոսի օրինակին հետեւիլ։

9 Եթէ լուրջ վէճ մը ծագի, խաղաղութիւնը պահած կ’ըլլանք, երբ առաջնորդութեան համար կը դիմենք այն անհատներուն, որոնք Եհովան նշանակած է իր ժողովքին հոգ տանելու համար։ Յաճախ, աստուածաշնչական առաջնորդութիւն կարելի է գտնել մեր հրատարակութիւններուն մէջ կամ կազմակերպութեան տուած ուղղութիւններուն մէջ։ Եթէ այդ ուղղութիւններուն հետեւինք եւ չպարտադրենք մեր անձնական տեսակէտները, ժողովքին խաղաղութիւնը պահած պիտի ըլլանք։

10. Պօղոս ուրիշ ի՞նչ ըրաւ, ժողովքին մէջ խաղաղութիւն յառաջ մղելու համար։

10 Պօղոս խաղաղութիւն յառաջ մղեց՝ աչքառու դարձնելով իր եղբայրներուն ու քոյրերուն դրական յատկութիւնները, եւ ոչ թէ՝ ժխտական։ Օրինակ, հռոմայեցիներուն ուղղուած իր նամակին վերջաւորութեան, Պօղոս շատ մը անհատներու անունները գրեց, եւ գրեթէ բոլորին անունին քով դրական կէտ մը կամ անձնական մանրամասնութիւն մը յիշեց։ Մենք ալ կրնանք Պօղոսին պէս ազատօրէն խօսիլ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն լաւ յատկութիւններուն մասին։ Այդպէս ընելով, կը զօրացնենք ժողովքի եղբայրներուն ու քոյրերուն միջեւ եղող բարեկամութիւնները եւ իրարու միջեւ եղած սէրը։

11. Ինչպէ՞ս կրնանք խաղաղութիւն հաստատել, երբ խնդիրներ ծագին։

11 Ատեններ, նոյնիսկ հասուն քրիստոնեաներ թերեւս իրարու հետ չհամաձայնին կամ վիճին։ Այս մէկը պատահեցաւ Պօղոսին եւ իր մտերիմ ընկերոջ՝ Բառնաբասին։ Այս երկու տղամարդիկը մեծ վիճաբանութիւն մը ունեցան, թէ Մարկոսը իրենց հետ միսիոնարական ճամբորդութեան տանի՛ն կամ ոչ։ Անոնք իրար վրայ պոռթկացին եւ իրարմէ զատուեցան (Գործք 15։37-39)։ Բայց Պօղոս, Բառնաբաս եւ Մարկոս իրարու հետ հաշտուեցան, ցոյց տալով որ կ’արժեւորէին քրիստոնէական ժողովքին մէջ եղած խաղաղութիւնն ու միութիւնը։ Ետքը, Պօղոս դրական կերպով խօսեցաւ Բառնաբասին եւ Մարկոսին մասին (Ա. Կոր. 9։6. Կող. 4։10)։ Մենք ալ պէտք է լուծենք որեւէ խնդիր, որ ժողովքին մէջ ուրիշներու հետ ունինք եւ շարունակենք կեդրոնանալ անոնց լաւ յատկութիւններուն վրայ։ Այդպէս, խաղաղութիւն ու միութիւն յառաջ պիտի մղենք (Եփ. 4։3)։

ՊՕՂՈՍ ԻՐ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐՈՒՆ ՈՒ ՔՈՅՐԵՐՈՒՆ ՀԱՒԱՏՔԸ ԶՕՐԱՑՈՒՑ

12. Մեր եղբայրներն ու քոյրերը ի՞նչ տեսակ դժուարութիւններ ունին։

12 Մենք մեր եղբայրներն ու քոյրերը կը շինենք, երբ Եհովայի հանդէպ անոնց հաւատքը կը զօրացնենք։ Ոմանց Վկայ չեղող ընտանիքի անդամները, գործընկերները կամ դասընկերները զիրենք կը ծաղրեն։ Ուրիշներ լուրջ առողջապահական խնդիրներ ունին կամ մէկէ մը վիրաւորուած են եւ այդ զգացումներուն դէմ կը պայքարին։ Ոմանք ալ տարիներէ ի վեր մկրտուած ըլլալով, երկար ժամանակ կը սպասեն այս դրութեան աւարտին։ Այսպիսի պարագաներ կրնան քրիստոնեաներուն հաւատքը փորձել։ Առաջին դարու քրիստոնեաներն ալ նման դժուարութիւններ ունէին։ Պօղոս ինչպէ՞ս իր հաւատակիցները զօրացուց։

Հայր մը jw.org կայքէն յօդուած մը կը քննարկէ իր պզտիկ աղջկան հետ։ Աղջիկը Սուրբ Ծնունդի քարտ մը բռնած է։

Պօղոս առաքեալին պէս, ինչպէ՞ս կրնանք ուրիշները շինել (Տե՛ս պարբ. 13)b

13. Պօղոս ինչպէ՞ս օգնեց անոնց, որոնք կը ծաղրուէին իրենց հաւատալիքներուն համար։

13 Պօղոս Սուրբ Գրութիւնները գործածեց, որպէսզի եղբայրներուն ու քոյրերուն հաւատքը շինէ։ Օրինակ, հրեայ քրիստոնեաները թերեւս չէին գիտեր ինչպէ՛ս պատասխանել Եհովան չպաշտող իրենց ազգականներուն, որոնք կ’ըսէին թէ հրէականութիւնը աւելի լաւ է քրիստոնէութենէն։ Անկասկած, եբրայեցի քրիստոնեաներուն ուղղուած Պօղոսի նամակը զիրենք շատ զօրացուց (Եբ. 1։5, 6. 2։2, 3. 9։24, 25)։ Անոնք կրնային իր զօրաւոր պատճառաբանութիւնները գործածել իրենց անհաւատ ազգականներուն պատասխանելու համար։ Ներկայիս, կրնանք ծաղրուող մեր հաւատակիցներուն օգնել, որ մեր աստուածաշնչական հրատարակութիւնները գործածեն, իրենց համոզումները բացատրելու համար։ Իսկ եթէ մեր պատանիներուն վրայ կը խնդան ստեղծագործութեան հաւատալուն համար, կրնանք իրենց օգնել, որ տեղեկութիւններ գտնեն Կեանքը ստեղծագործութեա՞մբ գոյացաւ եւ Կեանքին ծագումը. հինգ հարցումներ, որոնք կ’արժէ քննել գրքոյկներուն մէջ, բացատրելու համար, թէ ինչո՛ւ կը հաւատան որ կեանքը ստեղծուած է։

Զոյգ մը կնոջ մը եւ իր պզտիկ աղջկան կ’օգնեն աղէտէ մը ետք։

Պօղոս առաքեալին պէս, ինչպէ՞ս կրնանք ուրիշները շինել (Տե՛ս պարբ. 14)c

14. Պօղոս ի՞նչ ըրաւ, թէեւ զբաղած էր քարոզելով ու սորվեցնելով։

14 Պօղոս իր եղբայրներն ու քոյրերը քաջալերեց, որ սէր ցոյց տան «բարեգործութեան» միջոցաւ (Եբ. 10։24)։ Ան եղբայրներուն ու քոյրերուն օգնեց՝ ոչ միայն խօսքով, հապա գործով ալ։ Օրինակ, երբ Հրէաստանի մէջ հաւատակիցները սով կը դիմագրաւէին, Պօղոս անոնց օգնութիւն հասցուց (Գործք 11։27-30)։ Եւ թէեւ ան զբաղած էր քարոզելով ու սորվեցնելով, միշտ կերպեր կը փնտռէր օգնելու կարիքաւորներուն (Գաղ. 2։10)։ Այդպէս ընելով, ան իր հաւատակիցներուն վստահութիւնը զօրացուց, որ Եհովան իրենց հոգ պիտի տանէր։ Այսօր, երբ մեր ժամանակը, ուժը եւ հմտութիւնները կը տրամադրենք աղէտէ տուժածներուն օգնելու համար, մենք ալ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հաւատքը կը շինենք։ Նոյնը ըրած կ’ըլլանք, երբ կանոնաւորաբար նուիրատուութիւններ կ’ընենք համաշխարհային գործին համար։ Այս եւ ուրիշ կերպերով մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն կ’օգնենք, որ վստահ ըլլան, թէ Եհովան բնա՛ւ զիրենք երեսի վրայ պիտի չձգէ։

Պօղոս առաքեալին պէս, ինչպէ՞ս կրնանք ուրիշները շինել (Տե՛ս պարբ. 15-16)d

15-16. Ինչպէ՞ս պէտք է վարուինք անոնց հետ, որոնց հաւատքը տկարացած է։

15 Պօղոս իր յոյսը չկտրեց անոնցմէ, որոնց հաւատքը տկարացած էր։ Ան իրենց հետ զգաց եւ իրենց հետ խօսեցաւ ջերմութեամբ եւ դրական կերպով (Եբ. 6։9. 10։39)։ Օրինակ, եբրայեցիներուն ուղղած իր նամակին մէջ, ան յաճախ գործածեց «մենք» եւ «մեր» բառերը, այսպիսով՝ ցոյց տալով որ ինքն ալ պէտք էր գործադրէր իր տուած խրատը (Եբ. 2։1, 3)։ Պօղոսին պէս, մենք ալ մեր յոյսը չենք կտրեր անոնցմէ, որոնց հաւատքը տկարացած է, հապա զիրենք կը շինենք՝ իրենցմով անկեղծօրէն հետաքրքրուելով։ Այսպէս փաստած կ’ըլլանք, որ զիրենք կը սիրենք։ Մեր ջերմ ու մեղմ թոնը կրնայ նո՛յնքան շինիչ ազդեցութիւն ունենալ, ո՛րքան մեր խօսքերը։

16 Պօղոս եղբայրներն ու քոյրերը վստահեցուց, որ Եհովան գիտէր իրենց բարի գործերը (Եբ. 10։32-34)։ Մենք ալ կրնանք նման բան մը ընել, երբ կ’օգնենք հաւատակիցի մը, որուն հաւատքը տկարացած է։ Կրնանք իրեն հարցնել թէ ինչպէ՛ս ճշմարտութեան եկաւ, կամ զինք քաջալերել, որ իր միտքը բերէ այն պահերը, երբ Եհովային օգնութիւնը զգաց։ Կրնանք առիթը օգտագործել զինք վստահեցնելու, թէ Եհովան չէ մոռցած իր սիրոյ գործերը եւ թէ ապագային ալ զինք պիտի չլքէ (Եբ. 6։10. 13։5, 6)։ Այս խօսակցութիւնները կրնան քաջալերել մեր սիրելի եղբայրներն ու քոյրերը, որ շարունակեն Եհովային ծառայել։

«ՄԷԿԶՄԷԿ ՄԽԻԹԱՐԵՑԷ՛Ք»

17. Ի՞նչ հմտութիւններ կրնանք շարունակել զարգացնել։

17 Ինչպէս շինարար մը ժամանակի ընթացքին իր հմտութիւնները կը զարգացնէ, մենք ալ կրնանք հմուտ դառնալ իրար շինելու մէջ։ Կրնանք ուրիշներու ոյժ տալ, որ փորձութիւններու դիմանան՝ իրենց հետ բաժնելով այն անհատներուն օրինակները, որոնք անցեալին տոկացած են։ Կրնանք խաղաղութիւն յառաջ մղել՝ ուրիշներու լաւ յատկութիւններուն մասին խօսելով, խաղաղութիւնը պահել՝ երբ անիկա վտանգի տակ է, եւ զայն ետ հաստատել՝ երբ վէճեր ըլլան։ Եւ կրնանք շարունակել մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հաւատքը շինել՝ անոնց հետ բաժնելով աստուածաշնչական կարեւոր ճշմարտութիւններ, գործնական օգնութիւն տալով եւ օգնելով անոնց, որոնք հոգեւորապէս տկարացած են։

18. Ի՞նչ վճռած ես ընել։

18 Աստուածպետական շինարարական ծրագիրներու մէջ աշխատողները ուրախ եւ գոհունակ կ’ըլլան։ Մենք ալ կրնանք ուրախ եւ գոհունակ ըլլալ, երբ եղբայրներուն ու քոյրերուն կ’օգնենք որ իրենց հաւատքը զօրանայ։ Եւ հակառակ բառացի շէնքերուն, որոնք ի վերջոյ կրնան փլիլ, մեր գործին արդիւնքները կրնան մնալ յաւիտեա՛ն։ Ուրեմն, շարունակենք վճռել մէկզմէկ մխիթարել եւ զիրար շինել (Ա. Թես. 5։11)։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՍ՝

  • ուրիշներու օգնել, որ դժուարութիւններու դիմանան։

  • խաղաղութիւն յառաջ մղել։

  • զօրացնել անոնք, որոնց հաւատքը տկարացած է։

ԵՐԳ 124 Ընդունինք զանոնք՝ հիւրասիրութեամբ

a Այս դրութեան մէջ կեանքը դժուար է։ Մեր հաւատակիցները մեծ ճնշումի տակ են։ Եթէ կերպեր փնտռենք զանոնք քաջալերելու, կրնանք անոնց համար իսկական օրհնութիւն ըլլալ։ Ասոր նկատմամբ, օգտակար կ’ըլլայ նկատի առնել Պօղոս առաքեալին օրինակը։

b ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Հայր մը իր աղջկան ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս կրնայ մեր հրատարակութիւններէն օգտուիլ՝ Սուրբ Ծնունդ տօնելու ճնշումին դէմ դնելու համար։

c ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Զոյգ մը երկրին ուրիշ մէկ շրջանը գացած է աղէտէ տուժածներու օգնելու համար։

d ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Երէց մը կ’այցելէ եղբօր մը, որուն հաւատքը տկարացած է։ Ան եղբօր ցոյց կու տայ նկարներ Ռահվիրայական ծառայութեան դպրոցէն, որ տարիներ առաջ միասին յաճախած էին։ Եղբայրը կը սկսի կարօտնալ Եհովային ծառայած ատեն իր ունեցած ուրախութիւնը։ Ժամանակի ընթացքին, ան ժողովքին կը վերադառնայ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել